Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Կոչ Զգօնութեան

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէ  առաջ սկիզբ առած է քաոսային կատարեալ իրավիճակ մը։ Յանկարծ մոռացութեան մատնուած են պետութեան վերջին 30 տարիները, ապրուած եւ չապրուած օրերը, կատարուած եւ չկատարուած գործերը, եւ տեղ գտած է մարդոց խոստումներ տալու եւ չկատարալու հերթական շրջանը։

Անոնք, որոնք վերջին 30 տարին Հայաստան ապրած են, կամ Հայաստանէն հեռու ապրելով հանդերձ ուշի ուշով հետեւած են դէպքերու զարգացումներուն, հաւանաբար կը հաստատեն,  որ դեռ չենք ունեցած իշխանութիւն մը, որ հոգ տարած է Հայաստանի եւ հայու վիճակը բարելաւելու համար: Մեր երկրի իշխանութեան աթոռը 30 տարի պարբերաբար ծառայած է անհատական փառասիրութիւնները բաւարարելուն։  Իւրաքանչիւր ղեկավար իրեն յատուկ ձեւով ծծած է Հայաստանի ողնուղեղն ու արիւնը։ Ամէն ղեկավար նախորդ ղեկավարէն աւելի հիմնովին քայքայած է պետականութեան եւ ինքնիշխանութեան մնացորդները։

Զարմանալին կը մնայ մէկ բան։ Այս ամբողջ իրականութիւնը ապրած ու այս բոլորը տեսած 8 միլիոն հայը (բնակութեան վայրը կապ չունի), ինչքա՛ն տկար յիշողութիւն ունի։ Շատ բան մոռցանք եւ շատ բան աղաւաղուեցաւ յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն։  Տարիներ շարունակ արժեզրկուած է հայը եւ ՀՀ քաղաքացին, արժեզրկուած է սահմանադրութիւնն ու օրինականութիւնը, ու հիմա ասոնց յաջորդեց պետութեան, պետականութեան, սահմանի , պատմութեան եւ հայրենիքի ու բանակի արժեզրկումը։

Մենք այսպիսի՞ հայրենիք երազեր ենք։ Այսպիսի՞ հայրենիք սպասեր ենք մեր իշխանութենէն։ Այսպիսի՞անորոշ ու անհասկնալի ապագայ երազեր ենք մեր զաւակներու եւ պետութեան համար։ Ինչպէ՞ս կարելի է անհատական կեանքի 20-30 տարին 5000 տարուան պատմութենէն աւելի գերադասել։ Ինչպէ՞ս կարելի է այնքան չսիրել հայրենիքը, որ այն օգտագործենք միայն որպէս օդակայանի սպասման սրահ։

Բոլոր անոնք, որոնք իրենք իրենց հայ կը համարեն, անկախ անկէ  թէ ո՛ւր կ’ապրին, Հայաստան թէ սփիւռք, այսօր կատարելու մեծ գործ ունին։ Պէտք է գիտակցին, որպէս ՀՀ քաղաքացի կամ որպէս հայ, բարոյական պարտք ունին հայրենիքի հանդէպ ու այդ պարտքը այսօր, այս պահուս կարելի է տալ մէկ ճանապարհով.  երկար խորհիլ, վերլուծել, համադրել, մտածել ու կատարել ընտրութիւն ի շահ հայրենիքի, ի շահ ինքնիշխան պետականութեան, ի շահ Հայաստանի սահմաններու, բանակի եւ անվտանգութեան։ Վստահ ըլլալ, որ ընտրութիւնը  կատարուած է թելադրուած հայրենիքի հանդէպ նուիրուածութենէն եւ ոչ թէ անձնասիրութենէն եւ որկրամոլութենէն:

Հաւաքենք մեր ամբողջ ներուժր, ծառայեցնենք զայն հայրենիքի կերտման։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ