Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրքական Բարձրագոյն Դատարան Մը Կը Մերժէ Փակել Քրտամէտ Կուսակցութիւն Մը

ՏԻԵԿՕ ՔՈՒՓՈԼՕ
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մէջբերելով թեքնիք թերութիւններ, ընթացքին դատավարութեան մը, որ կը միտէր փակելու փրոքիւրտ Տեմեքրաթ Կուսակցութիւնը, թուրք Սահմանադրական Դատարանը մերժեց ամբաստանագիրը բարձր հանգամանքով դատախազի մը, այսպիսով դուռ բանալով հաւանական ճեղքերու՝ Անգարայի քաղաքական դաշնակցութիւններուն միջեւ։

Ապրիլ 1-ին, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը մերժեց Մարտ 17-ին կատարուած դատապարտութիւն մը բարձրապաշտօն դատախազի մը կողմէ, նպատակ ունենալով փակել երկրին երկրորդ մեծագոյն ընդդիմութիւնը՝ Ժողովրդային Տեմեքրաթ Կուսակցութեան գործունէութիւնը։ Դատավարութիւնը ամբաստանեց HDP-ի պաշտօնավարներուն կապերը քիւրտ զինեալներու հետ, ու սահմանեց հինգ տարուան քաղաքական գործունէութեան դադրեցում աւելի քան 600 անդամներու համար։

Տակաւին, ամբողջացնելու համար դատին կարգ մը ձեւական մոռացումները, վերին ատեանը 609 էջնոց ամբաստանագիրը փոխանցեց վճռաբեկ ատեանին, որ ամբողջացնելէ ետք մոռացումները – ենթակային անձնական տեղեկութիւնները, անոնց դերը կուսակցութեան մէջ, եւ իրենց անձին դէմ կատարուած ոճրային ամբաստանութիւններ, կրնայ վերադարձնել թղթածրարը։

Ազգային Շարժում Կուսակցութեան ատենապետ Տեվլէթ Պահչելի, որ վերջերս կոչեր ուղղած էր փակելու HDP-ին, թելադրեց որ Սահմանադրական Դատարանը ինքնին պէտք է փակել, որոշումի յանգելէ ետք։

«Սահմանադրական Դատարանը օրէնքի տիրապետութեա՞ն համար է, եթէ ոչ գաւազան մը՝ բաժանումի համար»։ Պահչելի աւելցուցած է. «Սահմանադրական Դատարանին փակումը, ինչպէս նաեւ HDP-ի լուծարումը անյետաձգելի թիրախներ պէտք է ըլլան»։

Վերոյիշեալ պարագան արժանացած է համաշխարհային քննադատութեան, միաժամանակ մտահոգութիւն յառաջացնելով ռամկավարութեան տեղատուութեան մասին Թուրքիոյ մէջ, մինչ խնդրին վերարծարծումը կրնայ առաջնորդել քաղաքական դաշնակցութեանց բաժանումին Անգարայի մէջ։

Վերլուծաբաններ կ՚ակնկալեն որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճիպ Թայյիպ Էրտողան պիտի դիմագրաւէ ճնշումներ MHP-ի դաշնակիցներէն՝ փակելու HDP-ն։ Մինչ այդ, երկարաձգուող վիճաբանութիւնները՝ ահաբեկչական ամբաստանութեանց ուղղութեամբ HDP-ի հանդէպ, կրնայ տկարացնել ազգայնական IYI կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր Հանրապետական Կուսակցութեան միջեւ կարելիութիւնը դաշնակցութեան մը։

Խօսքը ուղղելով թրքական Media-ին, Իսթանպուլի հանրապետական քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու յայտնած է, թէ Ժողովրդային Տեմոքրաթ Կուսակցութիւնը (HDP) չի նկատեր որպէս ահաբեկիչ կազմակերպութիւն, հերքելով AKP-ի եւ MHP-ի պնդումները, թէ անոնք կապեր կը մշակեն Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (PKK) հետ։

«Այս երկրին մէջ HDP-ն քաղաքական կուսակցութիւն մըն է», KRT TV-էն յայտնած է Իմամօղլուն, Մարտ 31-ին։ «Եթէ 6 միլիոն ձայներ ունեցող կուսակցութիւն մը ահաբեկիչ պիտի նկատէք, ես անոր դէմ եմ»։ Պերք Էսէն, որ քաղաքական գիտութեանց փրոֆեսէօր մըն է Իսթանպուլի Սապանչի  Համալսարանին մէջ ըսած է, թէ նման յայտարարութիւններ կրնան «ազգայնական հակացնցում» յառաջացնել IYI կուսակցութեան շարքերուն մէջ, ինչ որ աւելի պիտի դժուարացնէ այս կազմակերպութեան՝ Հանրապետականներու կողքին կենալ։

«Եթէ այս հարցը գոյատեւէ ամիսներով, ձգտուածութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ տեղեակ ենք որ IYI կուսակցութեան մէջ կան կարծր կեցուածքներ, որոնք շատ քննադատող չեն դատական այս պարագան», յայտնած է Էսէն «Էլ – Մոնիթըր»ին։

Ըստ Էսէնի, Էրտողան ալ չի նպատակադրեր երկարելու այս հարցը, թէեւ կրնայ իբրեւ խայծ օգտագործել կատարուած ճնշումը HDP-ին վրայ, թէ՛ հանդարտեցնելով ազգայնականները, բայց նաեւ միաժամանակ ճեղքեր ստեղծելով հակառակորդներու միջեւ, ապագայ քայլեր առնելով քաղաքական զարգացումներու համաձայն յառաջիկայ ամիսներուն։

Չորեքշաբթի օրուան HDP-ի հանդէպ առնուած դատական որոշումէն քիչ առաջ, Սահմանադրական Դատարանը եւս մերժեց HDP-ի երեսփոխան Օմէր Ֆարուք Կէրկէրլի Օղլուի կողմէ կատարուած վերաքննութեան դիմումը։ Արդէն Մարտ 17-ին, յիշեալին երեսփոխանական հանգամանքը յետակոչուած (revoked) էր, twitter-ի միջոցով ահաբեկչական քարոզչութեան տարածելու ամբաստանութեամբ 2016-ին։ Այս մասին, Կէրկէրլի Օղլու յայտնեց թէ վերաքննութեան պիտի դիմէ, միաժամանակ դիմելով Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան։

Կէրկէրլի Օղլու մէկն է տասնեակներով HDP-ի այն անդամներէն, որոնք խուզարկութեան ենթակայ են, մինչ իրենց կուսակցութիւնը բարձրացող ճնշումի տակ է, երբ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն մեծ մասը փոխարինուած են պետութեան վստահելի անձերով, 2019-ի տեղական ընտրութիւններէն ետք։ Կուսակցութեան նախկին փոխ-ատենապետներէն Սելահետտին Տեմիրթաս ու Ֆիկէն Եուքսէք Տաղ եւս բանտարկուած էին արդէն 2016-էն իվեր՝ ահաբեկչական մեղադրանքներով։ HDP-ի փակումը հետապնդող ամբաստանագիրը, կուսակցութեան անդամները մեղադրած է օրէնքը ծփացնելու յանցանքով (floating rule of law), PKK-ի զինեալներուն հետ գործակցելով, նպատակադրելով բաժնել Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը։

Մարմարայի համալսարանի Թուրքիոյ փրոֆեսէօրներէն Օսման Քան, իրաւաբանութեան Սահմանադրական Դատարանի տեղեկաբեր դատաւորը յայտնած է, թէ ամբաստանագիրը այնքան պատուհասուած էր հիմնական թերիներով, որ նոյնիսկ կուսակցութեան փակումին կողմնակից դատաւորները մերժած են նման որոշում մը։

Օսման Քան «Էլ – Մոնիթըր»ին յայտնած է. «Անոնք դատարանի անդամներ են, ու բոլոր ուշադրութիւնները, միջազգային եւ ազգային, կեդրոնացած են անոնց վրայ… այնպէս որ կ՚ուզէին տեխնիկականօրէն արդար դատապարտութիւն մը, որ ա՛յս պարագային այնքան խնդրական եւ անստոյգ է, որ բնականոն պայմաններու տակ հարցը պիտի վերադառնար Սահմանադրական Դատարան»։

Ըստ Օսման Քանի, քաղաքական գոյավիճակը Անգարայի մէջ դարձած է այնքան անգուշակելի, որ վճիռը կրնայ հաւանականօրէն վերարծարծուիլ։ Մինչդեռ, հաստատ կապակցութիւն մը պէտք է իրականութեան եւ HDP-ի անդամներուն միջեւ, որպէսզի դատավարութիւնը շարունակուի։

«Տեղեակ չենք ամբաստանագրին թերութիւններէն։ Բայց ներկայացուած ապացոյցին (evidence) 90 առ հարիւրը առնուած է խուզարկութենէ, որոնք կը շարունակուին HDP-ի անդամներուն դէմ։ Ապացոյցներուն 95 առ հարիւրը խօսքեր են, բերանացի յայտարարութիւններ. 5 առ հարիւրը միա՛յն գործողութիւններ են»։

HDP-ի պաշտօնատարներ հերքած են կապերու ամբաստանութիւնները PKK-ին հետ, որ իբրեւ ահաբեկիչ կազմակերպութիւն ճանչցուած է Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան մօտ։ Գալով Սահմանադրական Դատարանի որոշումին, HDP-ի ատենապետ Միտհաթ Սենքար յայտնած է, թէ դատապարտութիւնը «անիմաստ եւ անօրէն էր»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ