ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հայաստան – Ատրպէյճան կարճ պատերազմի (Սեպտեմբեր 26 – Նոյեմբեր 10, 2020) վաղորդայնին, հայոց բանակի պարտութեամբ, Արցախի հանրապետութեան շուրջ երկու երրորդը գրաւուեցաւ ազերի բանակին կողմէ։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու միջամտութեամբ, Հայաստանին պարտադրուեցաւ զինադուլ։
Պատերազմին պատճառած կորուստները Արցախի հայաբնակչութեան ու տարածքներուն, եւ հայոց բանակին, ստեղծեցին քաղաքական ծանր իրավիճակ։ Հայաստանի իշխանութեանց ընդդիմադիր այլազան խմբաւորումներ ու կուսակցութիւններ, հրապարակային ցոյցերով պահանջեցին Ն. Փաշինեանի կառավարութեան լուծարումը։
Փաշինեան, հրաժարելով վարչապետի պաշտօնէն, իբրեւ պաշտօնակատար յայտարարեց արտահերթ ընտրութեանց կայացումը Յունիս 20, 2021-ին։ Կատարուելով համապատասխան փոփոխութիւններ, ընտրութեանց մասնակցութեան համար արձանագրուեցան 26 կուսակցութիւններ ու դաշինքներ։
2021 Յունիս 20-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ 687,251 ձայն, հաւաքելով ընդհանուր քուէներուն 53.92 առ հարիւրը, իսկ «Հայաստան Դաշինք»ը 268,165 քուէ կամ ձայներուն 21.04 առ հարիւրը։ «Պատիւն ունեմ» դաշինքը, հաւաքելով 666,33 քուէ կամ կամ ձայներուն 5.23 հարիւրը, թէեւ յաղթահարած չեղաւ նշանակէտը, սակայն ներկայացուած պիտի ըլլար խորհրդարանին մէջ, քանի որ սահմանադրականօրէն Ազգային Ժողովը պէտք է կազմուած ըլլայ նուազագոյն երեք քաղաքական ուժերէ։
Քուէարկութիւնը իր ընդհանրութեանց մէջ օրինական եւ ընդունելի նկատուեցաւ, ոչ թէ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ՝ Եւրոպայի, ամերիկաներու, Քանատայի եւ Ասիոյ երկիրներուն պետերուն կողմէ։
Ռ. Քոչարեան, որուն դաշինքը երկրորդ կու գար, յայտարարած է թէ իրեն համար դժուար պիտի ըլլար մաս կազմել նոր խորհրդարանին։ Թէեւ այդ ուղղութեամբ վերջնական որոշում չէ առած։ Այլ կեցուածք կարելի՞ էր ակնկալել, բռնատիրութիւնը իր բոլոր ձեւերով մարմնացնող, խռովարար թեկնածուի մը կողմէ։ Անոր ժխտական դիրքորոշումը կրնայ լուրջ դժուարութիւններ յարուցանել «Հայաստան Դաշինք»ի մնացեալ ղեկավարներուն։
Յոյժ գովելի էր Ն. Փաշինեանի գործակցութեան կոչը ուղղուած քաղաքական բոլոր ուժերուն, ու նաեւ հանդիպումներ ունենալու՝ երկրին բնականոն կարգավիճակի վերահաստատման համար։ Միաժամանակ, անիկա կոչ ուղղեց բոլորին, վերջ դնել հայհոյախօսութեան հանդուրժողական՝ կեցուածք որդեգրելով։
Ընտրութեանց ընթացքին պատահած զարտուղի դէպքերը նկատառութեան առնուելիք պատահարներ չէին, որովհետեւ չէին խանգարած քուէարկութեան բնականոն ընթացքը։ Այդպէ՛ս նկատած են քուէարկութեան կանոնաւորութեան հսկող յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն վրայ գտնուող միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ ու քննիչներ։
Եթէ այլազան համախմբումներու հոն գտնուող ներկայացուցիչները համախոհ գտնուած են օրինաւոր նկատելու ընտրութեանց արդիւնքները, այլեւս կարիքը չկայ օգտագործելու «տիքթաթուրա» կամ «պողպատեայ» անհարկի բառերը, որոնք տարաժամ են եւ աւելորդ, եւ որոնք կրնան ժխտական զգայնութիւններ արթնցնել կամ յառաջացնել։ Ինքզինք զօրաւոր ցգացող ղեկավարը, կ՚ակնկալուի որ իր նուիրեալ աշխատանքին արդիւնքով, գործնականօրէն ցուցաբերած ըլլայ ժողովրդանուէր ծառայութիւն։
Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը անգամ մը եւս տուաւ իր անակնարկելի վճիռը. ժողովրդային իմաստութիւնը վերահաստատեց ժողովրդավարութիւնը։ Այլեւս ապաժամ են բոլոր տեսակի քանդիչ կեցուածքները։
Արտահերթ ընտրութիւններու կայացումով, վերջ մը տրուած կ՚ըլլայ յետ պատերազմի եօթնամսեայ ճգնաժամին։ Անյապաղ ձեռնարկելու է երկխօսութեան, ու մանաւանդ՝ նոր կառավարութեան կազմութեան։ Ձեռնամուխ ըլլալու է հիմնական որոշումներու եւ ամէնէն անհրաժեշտ նախաձեռնութեանց կայացման բնականոն կեանքի վերահաստատումը իրականացնելու համար։
Հայաստանի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան միասնականութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է, հայրենիքին նոր պայմաններով անյապաղ լծուելու համար կառուցողական ընդհանուր աշխատանքի։
Բոլորուինք կազմուելիք կառավարութեան շուրջ, լծուելով հայրենիքի ընդհանուր վերականգնումի աշխատանքին։ Բնականոն կեանքի վերահաստատումով, հետեւողական աշխատանքով կարելի է հզօրանալ տնտեսապէս, քաղաքականօրէն եւ ազգային բանակի արդիականութեամբ։
Խոր վերլուծումի ենթարկելու է ընդհանուր կացութիւնը, միջազգային թատերաբեմին եւ յատկապէս կովկասեան ճակատի վրայ ստեղծուած նոր իրողութեանց հետեւանքով։ Հայաստանի ինքնազօրացումը ըլլալու է տնտեսապէս ու զինուորապէս։ Ապա կու գայ ճկուն քաղաքականութեան մը որդեգրումը։
Կ՚ակնկալենք որ նորընտիր Ազգային Ժողովը անյապաղ լծուի վերոնշեալ բոլոր հարցերու խոր վերլուծման, որդեգրելու Հայաստանի համար շրջահայեաց ու ճկուն քաղաքականութիւն մը բոլոր մարզերէն ներս։