Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Տ. Տ. Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

«Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ»
Հատորը
Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Այնթապէն Արմաշ

            Կիլիկիոյ Աթոռակից Տ. Տ. Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս 152 տարի առաջ ծնաւ Այնթապ ու վախճանեցաւ Անթիլիասի նորահաստատ Հայրապետանոցին մէջ 1936 թուին իր պատասխանատու պաշտoնը միայն հինգ տարիներ վարելէ ետք։ Կաթողիկոսին երիկամներէն մին նախապէս վնասուած ըլլալով կանուխէն, Ա.  Պատերազմէն տարի մը առաջ, հարկ էր Ամերիկա մեկնիլ բուժման համար։       Բաբգէն Ա. Կաթողիկոս 20-րդ դարու առաջին քառասնամեակի ամենէն ակնառու հոգեւորականը եղաւ իր խոր հաւատքով, բանասէրի եւ ուսուցչապետի հմտութ- եամբ, դառնալով մեծ ջատագովը Հայաստանեայց Մայր Եկեղեցւոյ, ըլլալով միանգամայն Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու հիմնադիրը։

            Այնթապէն Յարութիւն Կիւլէսէրեան Արմաշ կը հասնէր դառնալով անդրանիկը անոր երախայրիքին, երբ եօթ աւարտականներ 1895 թուին Դպրեվանքի վերա-տեսուչ Տ. Մաղաքիա Եպիսկոպոս Օրմանեանէ ձեռնադրութիւն կը ստանային  Արմաշի Չարխափան Ս. Աստուածածին մայր տաճարին մէջ։ Կիւլէսէրեան Եպիսկոպոս շուտով Անկիւրիոյ թեմին առաջնորդ կ՛ընտրուէր, ուրկէ 1914 թուին, հայոց     դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն տարի մը առաջ, հրաշքով, առողջական պատճառներով, Ամերիկա կը մեկնէր եւ իր կեանքը կը փրկէր, ուր նաեւ անպաշտօն խղճի պարտք կը համարէր օգտակար ըլլալ Միացեալ Նահանգաց Ամերիկայի տատանեալ եւ անկազմակերպ թեմին Ա. Պատերազմի վաղորդայնին։

Վարչագէտ Հովուապետը

            Իբրեւ գերազանց ուսուցիչ Բաբգէն Եպիսկոպոս անփոխարինելի գործ կը կատարէր, այս անգամ Երուսաղէմի մէջ, իր մեծ ուսուցչին Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքի հրաւէրով, ուր նախկին Արմաշը իսկապէս կը փոխադրէր Սիոնի բարձունքը՝ հասցնելով երկոտասնեակ մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Կիւլէսէրեան Վարդապետ արդէն Անկիւրիոյ թեմին վրայ եպիսկոպոս ձեռնադրուած   էր 1910 թուին Ս. Էջմիածնի մէջ Տ.Տ. Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն։

            Բաբգէն Եպիսկոպոս իսկոյն լսեց ձայնն ու հրաւէրը ծերունի Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ստանձնելու համար Կիլիկիոյ Աթոռին  Աթոռակից Կաթողիկոսի բացառիկ պաշտօնը անոր յաջորդելու քաղցր յոյսով։ Հրաւէրը ընդունելով Բաբգէն Եպիսկոպոս կը թողուր Երուսաղէմը եւ կ՛անցնէր Անթիլիասի նորահաստատ հայրապետանոցը, միշտ Արմաշը սրտին ու մտքին  մէջ, հոն եւս հաստատելու հոգեւորականաց պատրաստութեան գերազնիւ աշխատանքը՝ վարչական դժուար պարտականութեանց կողքին, երբ 1930 թուին նորահաստատ Կիլիկիոյ Աթոռը այնքան կարիքը ունէր Բաբգէն Կաթողիկոսի նման աննկուն, քաջարթուն եւ բազմահմուտ հոգեւորականին։

«Ազգապատում»ի Կրտսեր Եղբայրը

            Տ. Տ. Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Կիլիկիոյ Աթոռակից Կաթողիկոսի գրական վաստակինգլուխ գործոցը եղաւ «Պատմութիւն Կաթողիկոuաց Կիլիկիոյ» մեծադիր հատորը, 1446 երկսիւն էջերով, որ կը բովանդակէ Կիլիկիոյ 39 Կաթողիկոսներու լրիւ շարքը եւ յարակից պատմութիւնը 1441-1936 հինգ դարերու ընթացքին։ Գաւազանագիրքը կը սկսի Գրիգոր Մուսաբեկեան Կաթողիկոսէն (1439-1451) ու կը հասնի մինչեւ Սահակ Բ. Խապայեան (1902-1939) եւ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կիւլէսէրեան (1931-1936) հեղինակ Կաթողիկոսը։ Հատորը յետ մահու հրատարակութիւն մըն է, լոյս տեսած 1939-ին Անթիլիասի մէջ։    

            Հեղինակը հետեւած է իր բազմարդիւն ուսուցչին եւ Արմաշի Դպրեվանքի վերատեսուչ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի «Ազգապատում»ի երեք հատորներուն, որոնց կրտսեր եղբայրը կարելի է համարել զայն՝ որպէս իսկական լրացուցիչը Օրմանեանի գործին։ Սակայն չմոռնանք, ինչպէս մոռցած է Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս, որ Օրմանեանի գործը զոր քննադատած է Կիլիկեան Կաթողիկոսներու վերաբերեալ «Ազգապատում»-ի յօդուածներուն առիթով, որ Օրմանեանի գործը ընդհանուր Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ ըլլալով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն վերաբերեալ բաժինը բնականօրէն պիտի մնար երկրորդական։ Մինչդեռ Կիւլէսէրեան միայն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն վրայ կեդրոնացած ըլլալով շատ աւելին գրած է անոնց մասին, վկայակոչելով ձեռագրաց յիշատակարաններ Դարանաղեցիէն սկսեալ մինչեւ Չամչեան եւ Ալիշան։

Երեք Բաժիններ

            Ներկայ «Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» հատորը երեք բաժիններ ունի, որոնցմէ առաջինը կ՛ընթանայ կաթողիկոսներու շարքով, երկրորդը իր երեք գիրքերով՝ պատմագիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններով՝ «Էջմիածին եւ Սիս», «Սիս եւ Երուսաղէմ», «Աջ եւ Աջապահք» խորագիրներով, ինչպէս նաեւ յաւելուած մը՝ «Մանր ուսումնասիրութիւններ» եւ «Բնագիրներ»։ Ներածական բաժնին մէջ «Ընդհանուր Ակնարկ»ով մը քննուած են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աթոռանիստ հանգրուանները ու անոնց տեղափոխութեանց պատճառները մանրամասնօրէն, հիմնուած սկզբնաղբիւրներու տուեալներու վրայ։ Հեղինակը քննած է Թովմա Մեծոփեցի պատմիչի տեղեկութիւնները թէ ինչպէս «Կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ մէջ իբրեւ հետեւանք լատին շփումին, իր հմայքը կորսնցուցած էր յաչս Արեւելեան (Հայաստանի) Վարդապետներուն»։

Մայր Աթոռին Վերջնական Փոխադրութիւնը

            Բաբգէն Կաթողիկոս վերլուծած է Հայրապետական Աթոռին Կիլիկիայէն Էջմիածին վերադարձի ներքին եւ արտաքին պատճառները, հարց տալով թէ ինչո՛ւ համար Գրիգոր Մուսաբեկեան Կաթողիկոս մերժեց Էջմիածին փոխադրուելու պատուաբեր հրաւէրը՝ ըսելով, «հաւանաբար ծեր էր եւ չուզեց շարժիլ իր տեղէն», մանաւանդ երբ տեսաւ որ, ըստ Մեծոփեցի պատմիչին, Կիլիկիոյ «ի ներքինկողմանց եպիսկոպոսներէն չորսը, չուզեցին զինքն, եւ նամակներ գրեցին Արեւելեան Վարդապետներուն եւ նոյն ինքն Մեծոփեցիին, եւ Մուսաբեկեան Սիս մնաց ընկճելու համար իր հակառակորդները»։

            Պարտք կը զգամ աւելցնել որ հատորին Բ եւ Գ մասերը պատմագիտական արժէք կը ներկայացնեն, ինչպէս «Էջմիածին եւ Սիս» յաւելուածը, 1441 թուին Կիլիկիոյ եւ Էջմիածնի կաթողիկոսներու ներհակ շարժումը կանխող դէպքերու քննութեամբ յագեցած։ Աթոռին Էջմիածին վերադարձը, ինչպէս կը բացատրէ Բաբգէն Կաթողիկոս, Երեւանի պարսիկ Աղուպ Պէյին արտօնութեամբ կարելի եղած էր, «որովհետեւ նիւթական մեծ շահ մը կ՛ապահովէր այդ կերպով իր  գանձին համար», առանց սակայն երաշխաւորելու Հայաստանի բնիկ եւ վերականգնեալ Աթոռին  վարկն ու ապահովութիւնը։

            Աթոռին վերջնական փոխադրութեան ետին կար միշտ Հայաստանի Արեւել- եան Վարդապետներու նեցուկը, Հաղբատէն, Սանահինէն, Տաթեւէն եւ Գլաձորէն, որոնք այլեւս Կիլիկիան չէին ընդուներ որպէս կեդրոն Հայոց Հայրապետութեան։ Թող որ Երեւանի քաղաքական կացութիւնն ալ անկէ աւելի յուսալի չէր 1441 թուին։ Բաբգէն Կաթողիկոս կը յիշեցնէ թէ «Քրիստոնեաներն էին որ պիտի վճարէին  ծանր տուրքերն ու հարկերը» պահել կարենալու համար կաթողիկոսարանն ու Երեւանի եկեղեցիները, որուն համար հեղինակը ժամանակակից յիշատակարանէ մը դիպուկ խօսք մը կը մէջբերէ, թէ «Հայք կամաւոր հալածանքի կը դիմէին Աթոռը Սիսէն Էջմիածին փոխադրելով»։

Կասկածելի Յարաբերութիւն Հռոմի հետ

            Կիլիկիոյ Ազարիա Կաթողիկոսի մասին կարեւոր բաժին մը վերապահած է Բաբգէն կաթողիկոս իր ծաւալուն հատորին մէջ, ուր յայտնի եղած է նաեւ Ազարիա Կաթողիկոսի Հռոմի հետ մշակած կասկածելի յարաբերութիւնը, որ ըստ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքին, ան ենթակայ մնացած է Հռոմի, եւ ըստ Բաբգէն Կաթողիկոսի ընդհակառակը՝ պաշտպան Հայ Եկեղեցւոյ։ Հռոմի հետ Ազարիայի յարաբերութիւնը կը հանդիպէր Գրիգոր ԺԳ Պապի գահակալութեան որ կը ձեռնարկէր արեւելքի եկեղեցիները Հռոմի միացնելու ծրագրին, երբ նաեւ իր անունով Գրիգորեան Նոր Տոմարի դրութիւնը կը հաստատէր։

            Ազարիա ըստ Բաբգէն Կաթողիկոսի «որպէս ուղղափառ եւ հաւատարիմ վարդապետ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ», պաշտպան կանգնած է իր եկեղեցիին, սակայն հակասութեան մէջ կ՛իյնայ երբ կը մէջբերէ Ազարիայի գրած «վաւերական» կոչուած նամակը նոյն Հռոմի Գրիգոր Պապին ուղղուած, ուր Ազարիա «հնազանդութիւն կը յայտնէր Հռոմի եկեղեցիին եւ անոր առաքելական օրհնութիւնն ու հաստատութիւնը կը խնդրէր Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ»։ Կեղծուած «Դաշանց Թուղթ»ին ակնարկելով, «զայն մենք ալ կ՛ընդունինք եւ կը փոշմանինք անցեալին վրայ եւ կ՛ուրախանանք ապագային համար», ըսած է Ազարիա իր նամակին մէջ։

            «Դաշանց Թուղթ» կոչուածը յերիւրուած էր Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին որուն համաձայն իբր թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հռոմի Սեղբեստրոս Պապին մօտ գացած է եւ իր «հնազանդութիւնը» յայտնած չորրորդ դարու   սկիզբը։ Ուրեմն 800 տարիներ ետք շինծու եւ անարժէք այդ թուղթը Հայ Եկեղեցւոյ Հռոմի հպա-տակութեան նշան կը ցուցուէր, որուն կ՛ակնարկէր Կիլիկիոյ Ազարիա Կաթողիկոս «զայն մենք ալ կ՛ընդունինք» ըսելով։

            Ի պաշտպանութիւն Ազարիայի, Բաբգէն Կաթողիկոս իր գիրքին մէջ կ՛այպանէ Մաղաքիա Օրմանեանի գրածները Ազարիայր մասին «իբրեւ կաթոլիկացած մէկը», հիմ ունենալով որ Օրմանեան իր «Ազգապատում»-ը գրած ատեն չէր տեսած Դարանաղեցիի «Ժամանակագրութիւնը», որ ատենին տակաւին չէրհրատարակուածուր կը ժխտուէր Ազարիայի ամէն հակում դէպի Հռոմ, եւ Ազարիային վերագրուածը «նենգով դարբնուած կեղծագրութիւն մըն է պարզապէս» կ՛ըսէ Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոս։

            Այսուհանդերձ վերոյիշեալ Ազարիայի նամակը Բաբգէն Կաթողիկոս «վաւերա-կան»  կ՛որակէ, որ լի է Հռոմի հանդէպ ցոյց տրուած ենթակայութեան եւ հնազան-դութեան լիաբերան օրհնութիւններով։ Ազարիայի այդ նամակը երբեք չարդարացնէր Ազարիայի «ուղղափառութիւնը» որուն համար Բաբգէն տկար եւ անցողակի պատճառաբանութիւն մը տուած է միայն, թէ «Ազարիա հնարաւոր զիջումներ   ըրած էր Վատիկանին՝ անկից քաղաքականապէս օգտուելու յոյսով», որոնք բոլորովին անպտուղ մնացին, ինչպէս Բաբգէն Կաթողիկոս ինք կը հաստատէ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ