Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուս Ազգային Գաղափարախօսութիւնը Եւ Պետութեան Մարտահրաւէրները

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

«Փանթուրանակութեան ճանապարհը գրեթէ զերծ է բոլոր խութերէն, որոնց կը բախին օսմանցիութիւնն ու համաիսլամութիւնը։ Համաթուրականութիւնն ուղղուած է առաւելապէս Ռուսաստանի դէմ, որ թէեւ մեծ, բայց անյաղթելի չէ»։

            Փանթուրքիզմի հիմնադիր եւ խոշորագոյն
            գաղափարախօս ՝ Եուսուֆ Աքչուրա

 1991 թուականին փլուզուեցաւ ԽՍՀՄ անունը կրող Ռուսական կայսրութիւնը, որու հետեւանքով ստեղծուեցաւ միաբեւեռ քաղաքական աշխարհ, որ կը ղեկավարուէր Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ Ռուսական տէրութիւնը կը թեւակոխէ մասնատման եւ թուլացման շրջան ՝ երկու փուլով։ Առաջին փուլը յատկանշուեցաւ միութենական հանրապետութիւններու Ռուսաստանի կազմէն դուրս գալով եւ անկախութեան հռչակումով, իսկ երկրորդ փուլը կը դրսեւորուի Ռուսաստանի կազմին մէջ սկսած իսլամական ժողովուրդներու ազգային շարժումներով, որոնց նպատակն է դուրս գալ կայսրութեան կազմէն եւ հռչակել անկախութիւն։

   Ռուսաստանի կազմին մէջ գտնուող իսլամ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարը, կամ ինչպէս ռուսերը կը բնութագրեն ՝ «անջատողական ձգտումները», ամենացայտուն կերպով արտայայտուեցան Չեչնիոյ մէջ, որ զինեալ պայքարի դրօշակ բարձրացուցած էր անկախ պետութիւն ստեղծելու համար։ Ռուսական տէրութիւնը, որ դարեր շարունակ զբաղուած էր հարեւան ժողովուրդներու հայրենիքներու նուաճմամբ ՝ «հողահաւաքի» քաղաքականութիւն իրականացնելով, այժմ թեւակոխած է ժամանակահատուած մը, որ կրնայ աւարտիլ կայսրութեան լիակատար մասնատմամբ եւ կործանումով։ Եթէ Ռուսական կայսրութեան մասնատման գործընթացի առաջին փուլին վճռական դեր կատարեց Արեւմուտքը, ապա երկրորդ փուլին այդ գործընթացի արագացման դրօշակակիրի դերը ստանձնած է Թուրքիան ՝ թիկունք ունենալով արեւմուտքը եւ ՆԱԹՕ-ն։

Ռուս ազգային- քաղաճական միտքը պէտք է տեսնէ եւ հասկնայ, թէ ինչպիսի վտանգ կը սպառնայ փանթուրքիզմը եւ փանիսլամիզմը Ռուսաստանի տարածքային ամբողջականութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք կարեւոր երկու փաստաթուղթ պատրաստուած Ռուսաստանի «պետական-հայրենասիրական միաւորումի» ծրագրին մէջ տեղ գտած վերոնշեալ վտանգի մասին։

Ա) «Հոգեւոր Ժառանգութիւն» փաստաթուղթի մէջ հետեւեալը ըսուած է.- «Ռուսաստանի տարածքային ամբողջականութեան մասնատման խնդիրը իրականացւում է «մուսուլմանական հանրապետութիւններում» եւ անկլավներում։ Այդ ճանապարհով է գնում Չեչնիան…«Իսլամական սեպարատիզմի» վտանգը Ռուսաստանի ամբողջականութեան համար շատ մեծ է»։ Նոյն փաստաթուղթին մէջ թրքական վտանգին մասին ըսուած է հետեւեալը.- «Տարածաշրջանային տէրութեան հաւակնութիւն ունեցող Թուրքիան բազմիցս յայտարարել է այդ շրջանում մուսուլմանական շարժմանը իր աջակցութեան մասին, մասնաւորապէս իր պատրաստակամութեան մասին ՝ ակտիւօրէն մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի կոնֆլիկտի կարգաւորմանը ՝ այդ թւում նաեւ ռազմական միջոցներով։ Նման դիրքորոշումը մինչեւ այժմ էլ չի հանդիպել ՆԱԹՕ-ի աջակցութեանը, բայց բացառուած չէ որ յետագայում այդ դիրքորոշման սրբագրումը։ Կովկասում ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՐԻ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԹՈՒԼԱՑՈՒՄԸ ԿԱՐՈՂ Է ՀԱՆԳԵՑՆԵԼ ԱՅԴ ԴԵՐԻ ԱՆՑՄԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻՆ»։

 Բ) «Մանիֆեստ ՝ Ռուսաստանի վերածնութեան» փաստաթուղթի մէջ, որ կազմուած է «Ռուսաստանի Վերածնութեան Միութիւն» եւ «Ռուսական Համայնքների Գոնկրես» կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ, հետեւեալը կ ՚ ըսուի.- «Ասիական քաղաքակրթութիւնների զարգացումը օրինաչափօրէն նրանց բերում է ռուսական քաղաքակրթութեան ոչնչացման ձգտմանը…ՄԻՋԻՆ ԱՍԻԱՅԻ ԵՒ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ, ՀԵՆՈՒԵԼՈՎ ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ, ԿԱՐՈՂ ԵՆ ԼԻՈՎԻՆ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ՄԵԾ ԹՈՒՐԱՆԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՝ ՄԻՋԻՆԱՍԻԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՊԼՈՔԸ ՝ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ»։

   Վերոնշեալ սպառնալիքներու լոյսին տակ, ռուս ազգային թէ հասարակական-քաղաքական միտքը սկսաւ ուղիներ որոնել, ելքը տեսնելով ռուս ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ նոր մոտելի մը հիմնադրումով ՝ նոր աշխարհաքաղաքական հայեցակարգի, ազգային ապահովութեան նոր մօտեցումներու մշակումով։ Ահա թէ ինչու՞ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ ռուս ազգային, հասարակական-քաղաքական միտքը բուռն հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց ռուսաց ազգային գաղափարախօսութեան նկատմամբ։ Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլար ազգային գաղափարախօսութեան նոր մոտելը յետխորհրդային, դեմոկրատական ժամանակաշրջանին։

   Այս հիմնախնդրի մշակման առնչութեամբ տեղի ունեցան թէժ բանավէճեր եւ քննարկումներ, կազմակերպուեցան գիտաժողովներ եւ առաջարկուեցան տարբեր մոտելներ։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք լոյս տեսած են հարիւրաւոր գիրքեր, գրքոյկներ եւ յօդուածներ, որոնցմէ առաւել կարեւորները անհրաժեշտ կը համարենք ներկայացնել ձեր ուշադրութեան։ Արդի ժամանակներուն ռուսաց ազգային գաղափարախօսութեան նոր մոտելի մշակման ուղղութեամբ ուշագրաւ աշխատանքներ կատարած են ՝ «Հոգեւոր Ժառանգութիւն» պետական-հայրենասիրական միաւորումը, «Ռեալիստներ» հասարակական-քաղաքական ակումբը, «Ռեֆորմ» ֆոնտը

, «Ռուսաստանի Վերածնութեան Միութիւնը» եւ «Ռուսական Համայնքների Գոնկրեսը»։ Առաջարկները բազմաթիւ էին եւ բազմաբնոյթ, երբեմն ՝ իրարամերժ։ Սակայն, այդ բոլորով հանդերձ, տիրապետող էր այն տեսակէտը, որ ռուսաց ազգային գաղափարախօսութեան նոր մոտելը անպայման պէտք է ընդգրկէր աւանդական գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթները, յարմարեցուած արդի պատմական ժամանակաշրջանի պայմաններուն եւ պահանջներուն ՝ նպատակ ունենալով Ռուսական Մեծ Տէրութեան վերածնունդը։

   Գրեթէ բոլոր մասնագէտները կը շեշտէին որ ռուսաց ազգային գաղափարախօսութեան մէջ «ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԵՆԱԿԷՏ ԸԼԼԱՅ ՌՈՒՍԵՐՈՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»։ Նաեւ նշուած է որ ռուսական «ՄԵԾ ՏԷՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԱՆԿԻՒՆԱՔԱՐԸ ԱԶԳԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵՐՏՈՒԱԾՔԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄՆ Է»։ Ելլելով այն ճշմարտութենէն, որ ռուսաց գաղափարախօսութիւնը ռուս ազգի եւ ռուսական պետականութեան գոյութեան հիմնական առանցքն է, «Մանիֆեստ»-ի մէջ կը նշուի, որ ռուսական ժողովրդական շարժման նպատակը «ռուսաց ազգային գաղափարախօսութեան մոռացութեան մթութենէն հանելը եւ Ռուսաստանին վերադարձնելն է»։ Սակայն, Ռուսական Մեծ Տէրութեան պահպանման համար պէտք էր պահպանել կայսրութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։ Եւ քանի որ Ռուսաստանի կազմէն դուրս եկած էին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւնները եւ հիմա աստիճանաբար նոյն ճամբան բռնած են Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ գտնուող միւս ժողովուրդները, այս վտանգաւոր գործընթացը չկանգնեցնելու պարագային Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կրնայ մասնատուիլ եւ ան կը դառնայ երկրորդական պետութիւն։ Ճիշտ այս վտանգը նկատի առնելով է որ ռուս արդի ազգային-քաղաքական միտքը որպէս առաջնային հիմնախնդիր հետամուտ եղաւ Ռուսաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցին։

   Որպէս այդ հիմնախնդրի լուծման բանալի, առաջ կը մղուի Ռուսաստանի Դաշնութիւնը ՝ արդի ռուսական կայսրութիւնը իրական ֆետերաթիվ պետութիւն դարձնելու խնդիրը։ Ռուսաց ազգային-հասարակական-քաղաքական միտքը շատ լաւ կը հասկնայ, որ պատմութեան ներկայ փուլին Ռուսական կայսրութիւնը չի կրնար գոյատեւել անցած հազարամեակին իրագործուած ազգային գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ։ ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք կը վերջանայ ռուս ժողովուրդին «հողահաւաք»-ի քաղաքականութեան ժամանակաշրջանը։ Ներկայ փուլին մէջ ռուս ժողովուրդը պէտք է սահմանափակուի դարերու ընթացքին նուաճուածը պահելով եւ նոր աշխարհաքաղաքական բեւեռ ստեղծելով ՝ ինչ որ իրականացուց Հաւաքական Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Կոմիտէով եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ստեղծումով։

   Կարեւոր էր նաեւ ստեղծել Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ մտնող բոլոր ժողովուրդներու ազգային շահերը արտայայտող ՀԱՄԱՌՈՒՍԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ, որու համաձայն ռուսաց ազգային գաղափարախօսութիւնը պէտք է հիմք դառնայ համառուսական ազգային գաղափարախօսութեան ձեւաւորման համար։ Սակայն, այս ծրագիրը ունի մահացու թշնամի մը որ կը կոչուի ՓԱՆԹՈՒՐՔԻԶՄ, որ կը ձգտի բոլոր թուրքական ժողովուրդներուն համախմբել մէկ ազգային-պետական միաւորման մէջ։

 Լոս Անճելըս
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ