Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանգուցեալ Քրոջս` Արաքսի Մաճառեանի Ամփոփ Կենսագրութիւնը

                                             ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ 

Իմ աննման քոյրս ծնած էր 1930, Ապրիլ 20-ին, Հայկական Կիլիկիոյ Ալեքսանտրէթ կոչուած  ծովեզերեայ քաղաքը, որ կը գտնուէր ֆրանսական բանակի հովանիին տակ, սակայն քեմալական ուժերուն կողմէ գրաւուելով կոչուեցաւ Իսկէնտէրուն ու որպէս այդպիսին կը ճանչցուի մինչեւ այսօր: :

1938-1939 թուականներուն, Թուրքիան պարտադիր բռնագաղթի ենթարկեց  Ալեքսանտրէթի տասնեակ հազարաւոր հայերը իրենց պապենական հայրենիքէն: Ֆրանսական ռազմանաւերը զանոնք փոխադրեցին Սուրիոյ Թարթուս, Լաթաքիա ու Քեսապ  ծովեզերեայ քաղաքները, Լիբանանի Պէյրութ մայրաքաղաքի նաւահանգիստը, Եգիպտոսի Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա ու այլ քաղաքները, Յորդանանի ու  Իրաքի զանազան շրջանները, եւայլն:

Լիբանան աքսորուած բազմահազար հայերու մէջ կը գտնուէինք նաեւ 10 տարեկան քոյրս եւ ես՝ 1939-ի Օգոստոս 16-ին գաղթի ճամբուն վրայ աշխարհ եկածս:

Պէյրութի Պուրճ Համուտ արուարձանի Թիրօ ու Սանճագ թաղերուն մէջ զետեղուած հայերը մեծ մասամբ Ալեքսանտրէթէն եկած էին: Հայրս՝ Առաքելը ու մայրս՝ Լուսաբերը բնակութեան համար ընտրած էին Թիրօ թաղը: Տիգրան եւ Բենիկ հօրեղբայրներուս ընտանիքները՝ Սանճագ թաղը: Անոնք 1946-47 տարուան ներգաղթին մեկնեցան հայրենիք, ուր ներկայիս մեծ թիւով կ՛ապրին մեր՝ Մաճառեան գերդաստանի շառաւիղները: Իսկ մօրաքրոյրս՝ Էլիզը, իր Վարդենի, Սիրարփի ու Մարօ աղջիկներով հաստատուեցաւ Հաճընի մէջ. Մարոն իրենցմէ միակ վերապրողն է եւ մեր մէջ է այստեղ:

Արդ, շարունակելով գաղթականութեան պատմութիւնը, այդ շրջանին Թիրօ թաղին մէջ կը գործէր Նուպարեան վարժարանը: Մայրս անմիջապէս աշակերտ կ՛արձանագրէ քրոջս Նուպարեան վարժարանին: Հազիւ նախակրթարանի 5-րդ դասարանի աշակերտուհի, ինչ որ կատուի մը ու մուկի մը անակնկալօրէն իր վրան ցատկելէն սարսափած, քոյրս ահագին արիւն կորսնցնելով, մահացու կերպով կը հիւանդանայ ու կը փոխադրուի հիւանդանոցը ու երկարատեւ հիւանդութենէն վերջ կը վերադառնայ բնական կեանքին:

Այլեւս դպրոց երթալէն դադրած, քոյրս հազիւ 15-16 տարեկան պարմանուհի, որպէս մանկախնամ ծառայութեան կը մտնէ՝ այդ օրերուն յայտնի մեծահարուստ՝ Ժիրայր Ծովիկեան ընտանիքէն ներս, ուր կը ծառայէ ու մեծապէս օգտակար կ՛ըլլայ մեր ընտանիքի գոյութեան պայքարին: 1955-ին անակնկալօրէն յանկարծամահ կ՛ըլլայ հայրս 56 տարեկանին: Քանի մը տարի ետք քոյրս կ՛ամուսնանայ մեր գերդաստանի զաւակներէն Յաբէթ Մաճառեանի հետ: Միասին մսագործի խանութ մը կը բանան Պուրճ Համուտի Կիլիկիա թաղամասին մէջ ու երջանիկ կեանք մը կը ստեղծեն: Ու ահա անսպասելիօրէն կը մահանայ ամուսինը՝ 37 տարեկանին, զոհ կ՛երթայ քաղցկեղին ու այրիացնելով քրոջս: Քոյրս յաւերժական սիրոյ խոստում տուած ըլլալով Յաբէթին, երբեք չամուսնացաւ:

1969-ին ես եկայ Ամերիկա, Պոսթըն ու յաջորդական տարիներու ընթացքին Ամերիկա բերի նաեւ մայրս, քոյրս ու եղբօրս ընտանիքին բոլոր անդամները, ջանալով հնարաւորինս օգտակար ըլլալ մօրս, քրոջս ու եղբօրս ընտանիքին:

Աշխատասէր քոյրս, իր կարգին, եղբօրս զաւակներուն, Հայաստանի մեր ազգականներուն հետ ջերմ սիրով կապուած, ամէն ձեւի՝ նիւթական, զգացական ու գործնական եղանակներով մինչեւ իր մահը օգտակար եղաւ: Նոյնպէս, ան առատաձեռն կը մասնակցէր Մայր Հայրենիք Հայաստանին համար կատարուող բոլոր հանգանակութիւններուն:

Այսպիսի առաքինութիւններով օժտուած քոյրս իր մահկանացուն կնքեց 2021 թուականի Յունիս 22-ին, Ատվէնթիստ հիւանդանոցին մէջ, սրտի կաթուածի ու ատոր առընչուող զանազան ֆիզիքական տկարութեանց բերումով:

Սիրելի ու անմոռանալի քոյր, դուն միայն մարմնով հեռացած ես մեզմէ ու բոլոր հարազատներէդ, սակայն միշտ ներկայ պիտի ըլլաս մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Կ՛աղօթենք, որ Բարերարն Աստուած, երկնային արքայութեան արժանացնէ քու ֆիզիքապէս բազմաչարչար բայց բարեսրտութեամբ լի հոգիդ:

Երթաս բարով: Ամերիկայի հիւրընկալ հողը թեթեւ գայ վրադ, աննման ու անմոռանալի քոյր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ