Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Պայտըն – Էրտողան Հանդիպումէն Ոչ Մէկ Շօշափելի Արդիւնք

ԱՄՊԵՐԻՆ ԶԱՄԱՆ

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ Յունիս 14-ի առաջին հանդիպումին, տեղի ունեցան մանրամասն վիճաբանութիւններ, որոնք սակայն ոչ մէկ բեկում յառաջացուցին տարակարծութեանց մէջ։

Երկար ատենէ սպասուած հանդիպումը՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ, ընթացաւ ըստ նախատեսուած ակնկալութեանց, առանց որ լուծումի մը յանգին, երկու երկիրներու միջեւ գոյատեւող թունաւոր մեծ հարցերը։ ՆԱԹՕ-ի գերաստիճան ժողովի լուսանցքին, Ամերիկայի ու Թուրքիոյ ղեկավարներուն միջեւ, մէկ ու կէս ժամ տեւող բանակցութեանց յաջորդող ասուլիսին, Էրտողան յայտարարեց, թէ անլուծելի հարցեր գոյութիւն չունէին Թուրքիա-Ամերիկա փոխյարաբերութեանց մէջ։ Այսուհանդերձ, Թուրքիոյ նախագահը, յաջորդ ասուլիսին, շատ քիչ փաստացի բարելաւումներ ներկայացուց։ Խորագոյն վէրքը, Թուրքիոյ կողմէ գնումն էր ռուսական S – 400 հրթիռներու, որոնց համար սուղ գին վճարած է արդէն։ Մ. Նահանգներու կողմէ հաստատուած զէնքի նաւարգելի (embargo) հետեւանքով, հինգերորդ սերունդի նորագոյն F – 35 սրարշաւ օդանաւերուն վրայ՝ Թուրքիոյ կողմէ գնումի վրայ արգելք դրուած է։ Էրտողանի արդարացուցիչ բացատրութիւնը ա՛յն եղած է, թէ Ամերիկա մերժած էր patriot հրթիռներու վաճառքը։ Սակայն, իրողութիւնը ա՛յն է, թէ «փեթրիոթ» հրթիռներու վաճառումը ձախողեցաւ, կարելի չըլլալով թեքնոլոճիի փոխանցումը անոնց գործածութեան ուղղութեամբ։ Ռուսաստան Թուրքիոյ վաճառեց «արտահանումի հրետանիի հրթիռային տեսակը։ Սակայն, ըստ դէտերու, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ընէր։

Էրտողան խուսափեցաւ պատասխանելու թղթակիցներու ա՛յն հարցումներուն, թէ բանակցութեանց ընթացքին յառաջդիմութիւն արձանագրուա՞ծ էր։ Անիկա միայն յայտնեց, թէ երկու երկիրներու պաշտօնատարները քննարկելու վրայ էին պաշտպանութեան հարցեր։ Քոնկրէսը անցուցած էր օրէնք, որ յատկապէս կը յայտնէր, թէ Թուրքիա ձերբազատուելու էր S – 400 հրթիռներէն, որպէսզի տնօրինուած պատժամիջոցները թեթեւնային։

Պայտըն յստակօրէն մերժեց Թուրքիոյ կրկնուող պահանջները, խզելու Փենթակոնի ընկերակցութիւնը սուրիացի քիւրտ տեմոքրաթ զինեալներու հետ։ Թուրքիա կը պնդէ, թէ այդ զինեալները, որոնք օգնեցին Ամերիկայի առաջնորդութեամբ պարտութեան մատնելու Իսլամական Պետութիւնը, մաս կը կազմեն Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան, որ զինեալ համախմբում մըն է, եւ որ 1984-էն իվեր հակամարտութեան մէջ է Թուրքիոյ հետ։ Անիկա ահաբեկիչ խմբաւորում նկատուած է Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի կողմէ։ Սակայն, սուրիացի քիւրտ զինեալները ահաբեկիչ չեն նկատուած։ Էրտողան լրագրողներուն «ցաւալիօրէն» յայտնած է, թէ Պայտընի հետ հանդիպումին, իզուր մատնանշած էր, թէ Մ. Նահանգներ կը շարունակէին պահպանել այդ զանազանութիւնը։

Գագաթի ժողովին ներկայ եղող արեւմտեան դիւանագէտները յայտնած են, թէ Էրտողան սանձուած վիճակ մը ունէր ամբողջ հանդիպումի ընթացքին։ Անիկա ներկաները կը փորձէր վստահեցնել, որ Թուրքիա ճգնական (critical) եւ հաւատարիմ դաշնակիցն է ՆԱԹՕ-ին։ Էրտողան, առաջ՚ին անգամ ըլլալով, ընդունեց Պայտընի կողմէ գործածութիւնը «Ցեղասպանութիւն» եզրին, Ապրիլ 24-ին յիշատակելու համար աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, շնորհակալաբար արծարծուած չէր գագաթի ժողովի ընթացքին։ Թէեւ Էրտողան ուխտեց հրապարակաւ բացայայտել իր ցասումը այս հարցին նկատմամբ, Պայտընի հետ հանդիպումի ատեն։

«Պայտընի հետ փոխադարձ, նպաստաւոր մթնոլորտ մը չկար. տակաւին սառոյցը կոտրուած չէր», յայտնեց արեւմտեան աւագ պաշտօնատար մը։ Պայտըն կորովի դիրքորոշում բացայայտեց մենատիրականութեան հանդէպ,  ներառեալ՝ «զինակցութենէն ներս»։ Էրտողանը ու ՆԱԹՕ-ի անդամ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը նկատուած են մենատէրեր, մինչ Փոլոնիոյ նախագահ Andrzej Duda-ն եւս հակումներ ունի այս ուղղութեամբ։

Տակաւին Էրտողան փորձեց Պայտընի հետ հանդիպումը յաջող ներկայացնել, լրագրողներուն յայտնելով, թէ Ամերիկայի նախագահը հրաւիրուած է Թուրքիա։ Ի պատասխան, Պայտըն յայտնած է, թէ անգամ մը որ իր ժամանակացոյցը ազատ ըլլայ, պատրաստ է այցելելու։ Էրտողան նոյնպէս չէ արտայայտուած թէ փոխադարձ այցելութեան հրաւէր ստացած էր։ Էրտողան յայտնած է, թէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին, յառաջիկայ Սեպտեմբերին, ներկայ պիտի գտնուէր, միաժամանակ բացումը կատարելով Թրքական Մշակութային Կեդրոնին Նիւ Եորքի մէջ։

Ըստ արեւմտեան պաշտօնատարի մը «Էրտողան ազատ անցք ունենալէ չախորժիր այլեւս, բացի բրիտանացիներէն, որոնք փրօ-թուրք են ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ S – 400 հրթիռներու պարագային, հակառակ որ հակառուսական կեցուածք ունին»։

Եւրոպական եւ Օտար Քաղաքականութեան Հելլենիստական Հիմնարկի գիտաշխատող Նիքըլըս Տենֆորթ յայտնած է. «Ցարդ փոխյարաբերութիւնները ակնկալուածին պէս են, ու շօշափելի արդիւնք մը չկայ։ Անգարա գոհացուցիչ շփում մը ունեցաւ, եւ այնպէս կը ձեւացնէ, թէ կայ դրական շարժաբանութիւն (dynamic) մը։

Նման մթնոլորտ մը շատ կարեւոր է Էրտողանի համար, որովհետեւ անիկա կը պայքարի կաղացող թրքական տնտեսութիւնը վերականգնել, հրապուրելու համար օտար ներդրում կատարողները,՛ որոնք վերջերս լքած են երկիրը։ Տոլարին արժէքը կը շարունակէ բարձրանալ թրքական լիրային դէմ, ժամանակաւոր կերպով տկարանալէ ետք, Պայտըն-Էրտողան հանդիպումէն դրական արդիւնք ակնկալելով։

Թրքական դէտերու կողմէ Աֆղանիստանը կը նկատուի երկու երկիրներուն համար գործակցութեան միջավայր։ Անգարա առաջարկած է աշխատցնել ու պաշտպանել Քապուլի օդակայանը, ամերիկեան ու ՆԱԹՕ-ի զօրքերուն քաշուելէ ետք։ ՆԱԹՕ-ի պետը՝ Jens Stoltenberg հաւատացած է, թէ Թուրքիա բանալի դեր կրնայ ունենալ։

Այսուհանդերձ Թալիպանը դէմ է Թուրքիոյ, հոն շարունակուող կեցութեան։ Թուրքիոյ դաշնակիցներ Փաքիստանն ու Քաթարը, որոնք իսլամ միլիցիային վրայ ազդեցութիւն ունէին, կ՚ակնկալուի որ միջամտեն Թուրքիոյ ի նպաստ։

«Վարագոյրի ետին, երկու առաջնորդներն ալ փափաքեցան չգրգռել իրենց նկատելի տարակարծութիւնները։ Հարցը հոն է. որքա՞ն ատեն հանգիստ կարծուած այս պատրանքը կամ անգործութիւնը կրնայ շարունակուիլ։ Ըստ Տէնֆորթի, «եթէ իրապէս պարզ հանդիպում մըն էր եղածը, որմէ հարց պիտի չլուծուի, սակայն կրնայ արգելք հանդիսանալ նոր տագնապներու ստեղծման»։

Սպիտակ Տունը որեւէ յայտարարութիւն (readout) չունեցաւ ցարդ՝ Պայտըն-Էրտողան հանդիպումի մասին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ