Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պսակադրութեան մը Անսովոր Շքախումբը . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Քէնսըս նահանգի Ուիչիթա քաղաքէն։ Հոն՝ 23 տարեկան նշանուած երկու ուսուցիչներ (տես նկարը) կ՛որոշեն ամուսնանալ եւ իրենց պսակադրութեան շքախումբին համար կը հրաւիրեն իրենց դասարաններու աշակերտները (տես նկարը), որպէս (bridesmaids եւ groomsmen), այսինքն՝ հարսնաքոյր եւ փեսեղբայր . . .

Արդարեւ հարսը՝ Ալեքսանտրա Սթէմբս, հինգերորդ դասարանի ուսուցչուհի է Մքլին նախակրթարանի մէջ, որ ունի գիտական թեքում։ Ան հրաւիրած է իր դասարանի 20 աշակերտ-աշակերտուհիները որ մասնակցին իր պսակադրութեան, որպէս հարսնաքոյր։

Իսկ փեսան՝ Մէյսըն Մքտաուըլ, երրորդ դասարանի ուսուցիչ է Իրհարթ նախակրթարանի մէջ, որ ունի բնապահպանման թեքում։ Ան ալ իր կարգին հրահրած է իր դասարանի 18 աշակերտ-աշակերտուհիները որ մասնակցին իր պսակադրութեան։

Այսպէս՝ աշակերտ-աշակերտուհիներու ընդհանուր գումարը, որ մասնակցած են իրենց ուսուցիչներու պսակադրութեան՝ հասած է 38-ի։ Որքան որ տարօրինակ թուի այս երեւոյթը, ան մեծ ընդունելութիւն գտած է վերոյիշեալ քաղաքի բնակչութեան մօտ։

Սովորութիւն է որ պսակադրութեան մը՝ հարսը հրաւիրէ իր մօտիկ ազգականները կամ ընկերուհիները, որպէս հարսնաքոյր։ Ինչպէս նաեւ փեսան ալ  հրաւիրէ իր մօտիկ բարեկամները կամ ազգականները, որպէս փեսեղբայր։

Բայց այս պարագային՝ բոլորովին տարբեր բնոյթ մը առած է այդ սովորութիւնը եւ ուսուցիչներուն աշակերտները փոխարինած են աւանդութիւն դարձած այդ հնամաշ սովորութիւնը, մեծ ուրախութիւն պատճառելով փոքրիկ այդ երեխաներուն, ինչպէս նաեւ իրենց ծնողներուն։

Ըստ ինծի, սովորութիւնները պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին ատենը մէյ մը՝ որպէսզի նոր երեւոյթներու  ծագման առիթ ընծայեն, չէ՞ք խորհիր!

Անկախութեան Տարեդարձը . . .

Միացեալ նահանգներու անկախութեան 245-րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուեցաւ այս տարի, Յուլիս ամսուան 4-ին։ Մի քանի ակնառու երեւոյթներ ակնյայտ են այս տարեդարձին կապակցութեամբ։ Հիմա թոյլ տուէք նշեմ զանոնք։

Հրավառութիւն (Fireworks)

Ամերիկայի մէկ ծայրէն միւսը՝ մեծ քաղաքներու մէջ թէ փոքր, աւանդական այս սովորութիւնը անպայմանօրէն տեղի կ՛ունենայ։ Երբեմն՝ անհամբեր մարդիկ, չեն սպասէր այդ օրուան եւ մէկ օր առաջ արդեն կը սկսին այդ գործողութեան, որը վտանգաւոր կը դառնայ՝ եթէ ապահովութեան միջոցները ձեռք չառնուին։

Ճամբորդութիւն

Ամերիկացիներ՝ տօնական կարեւոր առիթներով, սովոր են ճամբորդելու։ Այդ կարեւոր առիթներն են Յիշատակի Օրը (Memorial Day),  Աշխատանքի Օրը (Labor Day), Գոհաբանութեան Օրը (Thanksgiving Day), Քրիստոսի Ծննդեան Օրը (Christmas) եւ անշուշտ Անկախութեան Օրը (Independence Day):

Պետական տեղեկատուութեանց աղբիւրներ կը նշեն թէ Անկախութեան Տօնին առիթով 43 միլիոն ամերիկացիներ ճամբորդած են, ոմանք օդանաւով եւ անշուշտ ոմանք ալ անձնական ինքնաշարժներով։ Այս թիւը շատ աւելի նուազ էր անցեալ տարի, պսակաձեւ համաճարակին պատճառաւ։

Կերուխում

Հաւաքական թէ ընտանեկան կերուխումը կարծես անհրաժեշտ մէկ մասնիկն է որեւէ տօնակատարութեան։ Դաշտագնացութիւններով՝ մարդիկ կը հաւաքուին եւ կերուխումով կը տօնախմբեն յիշատակելի այդ օրը։ Իսկ աւանդութիւն դարձած է որ Նիւ Եորք քաղաքի Քոնի Այլընտ շրջանը կազմակերպէ Hot Dog ուտելու մրցում մը, որ կը կոչուի Nathan’s Hot Dog Contest.

Այս տարի այդ մրցումին դարձեալ առաջնութիւն շահած է՝ 14-րդ անգամ ըլլալով, Ինտիանա նահանգէն Ճովի Չէսթնաթ՝ որ տասը վայրկեանի մէջ կուլ տուած է 76 Hot Dog. Իսկ իգական սեռի առաջնութիւնը շահած է Արիզոնա նահանգէն Միշել Լէսքօ, որ տասը վայրկեանի մէջ կերած է միայն 30 Hot Dog . . . Կցուած նկարը ցոյց կու տայ առաջնութիւն շահողներն ու անոնց ստացած բաժակները։ Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները անոնց եւ ցաւակցութիւնները  իրենց բժիշկներուն, եթէ կրցաք կռահել միտքս . . . 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ