Լուրեր Սահակ Մեսրոպ Վարժարանէն

ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ

Համաճարակի որոշ չափով հեռացումը պատճառ դարձաւ եւ արթնցուց մեզ, որ ձերբազատինք եւ դիմաւորենք ուրախ, առողջ եւ փայլուն օրեր, մասնաւորաբար վայելելու մեր սիրասուն փոքրիկներուն կատարումները:

Այս գեղեցիկ առիթը օգտագործելով, դպրոցիս տնօրէնուհին՝ Մ. Պոյաճեան, հրաշալի գաղափար մը ունեցաւ բացառիկ եւ գրաւիչ յայտագրի մը գործադրութեան:

18 Յունիսի երեկոյեան, դպրոցիս բակը եռուզեռի մէջ էր, նոյն ժամանակ յարգելով ապահովութեան օրէնքները:

Նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն մասնակցութեամբ՝ «Տիզնի Լենտ»ի յայտագիրէն քաղուած երգեր եւ պարեր ներկայացուեցան գեղեցիկ տարազներով, որոնք պահ մը բեմին փայլքը աւելցուցին, հանդիսատեսը փոխադրելով «Տիզնի Լենտ»:

Չմոռնալով մեր հայ մշակոյթը, եւ հայապահպանումը վառ պահելու մտահոգութեամբ՝ աշակերտները հայրենասիրական եւ գարնանային երգերու փունջ մը ներկայացուցին, դարձնելով երեկոն հաճելի եւ գողտրիկ, հրապուրելով ներկաներուն ուշադրութիւնը:

Խմբային արտասանութիւններով աշակերտներ հանդէս եկան հոգեշունչ եւ հայեցի մօտեցումով, խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն հոգիներուն մէջ, հաւատալով հայկական դպրոցին առաքելութեան: Ութերորդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին նաեւ թատրոն մը:

Բոլոր աշակերտները իրենց պարտականութիւնները կատարեցին ինքնավստահութեամբ:

Գնահատելի էր աշխատանքը պարուսոյցներուն, երաժշտութեան եւ հայերէնի ուսուցիչներուն, որոնք մեծ նուիրումով իրենց ներդրումը բերին այս յայտագիրի յաջողութեան եւ վերելքին:

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

 Ք. Սարեան մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 25 Յունիսի յետմիջօրէին: Այդ օր, դպրոցին բակը նոր կեանքի կոչուած էր՝ ընդունելու ծնողներ եւ հարազատներ, որոնք եկած էին իրենց փոքրիկներուն դողդոջուն շրթներէն լսելու հայերէն եւ անգլերէն երգեր, սաղմոսներ, արտասանութիւններ եւ դիտելու տեսակաւոր պարեր:

 Փոքրիկները ժպտուն դէմքերով, գոյնզգոյն հագուստներով պարեցին եւ այցելեցին աշխարհի տարբեր շրջանները իրենց հաճելի ներկայացումներով:

 Ք. Սարեան մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 26 Յունիսի երեկոյեան, դպրոցիս շրջափակին մէջ:

Աշակերտները կատարեցին հայկական եւ ամերիկեան ուխտերը, քայլերգները, սաղմոսներ, հայերէն եւ անգլերէն հոգեշունչ ու միաբերան հրաժեշտի երգեր եւ արտասանութիւններ: Ականատես եղանք նաեւ աղջիկներու հեզաճկուն եւ տղոց խրոխտ հայկական պարերուն, որոնք բաւական ճանապարհելէ ետք հասան հայրենիք:

Պահն էր դիտելու տողանցքը շրջանաւարտներուն, որոնք բեմ բարձրացան՝ ստանալու իրենց կեանքին առաջին վկայականները, տնօրէնուհիին եւ դաստիարակ ուսուցիչին միջոցաւ:

Հանդէսը փակուեցաւ տնօրէնուհիին խրախուսիչ խօսքերով եւ բարեմաղթութիւններով:

 Այժմ պահն էր վայելելու նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն աւարտական հանդէսները:

 Տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ՝ աշակերտները տողանցեցին:

Հպարտալի էր լսել շրջանաւարտներուն ուխտերը, քայլերգները, խմբային եւ անհատական արտասանութիւնները, աղօթքները եւ ուղերձները։ Հաճոյքով ըմբոշխնեցինք եւ բաւարարուած զգացինք՝ քաղելով տարիներու կատարուած աշխատանքին արդիւնքը:

Նախակրթարանի եւ միջնակարգի շրջանաւարտները համապատասխան պարգեւներով գնահատուեցան եւ ստացան իրենց վկայականները տնօրէնուհիին եւ դաստիարակներուն ձեռամբ:

Հանդէսին աւարտին, գնահատանքի արժանացան տնօրէնուհին, ուսուցիչները եւ հոգաբարձական կազմը, որոնք անսակարկ նուիրումով ծառայած էին բոլոր տարին:

Տնօրէնուհին վեր առաւ դպրոցիս առաքելութիւնը, որ կը ջամբէ հայեցի կրթութիւն եւ հոգեւոր սնունդ: Ան շնորհաւորեց ծնողները: Ան բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն՝ լաւագոյնը ցանկալով անոնց ապագայ ծրագիրներուն մէջ:

Վարձքը կատար տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան: Նորանոր յաջողութիւններ եւ բարգաւաճում կը մաղթենք, որպէսզի այս դարբնոցը մնայ կանգուն եւ ծառայէ մեր գաղութին:

Վերոյիշեալ բոլոր հանդէսներուն ծնողներուն կողքին ներկայ էին դպրոցիս հիմնադիրներէն Մ. Եուսուֆեան, առաջին տնօրէն դոկտ. Բ. Արոյեան, Ք. Սարեան մանկամսուրի բարերար դոկտ. Մ. Սարեան, հոգաբարձուներ եւ բարեկամներ:

Բոլոր յայտագիրները փակուեցան պատուելիներ Ճ. Մաթոսեանի, Վ. Էքմէքճեանի եւ Մ. Մկրտիչեանի աղօթքներով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ