Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լիբանան

Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տօնախմբուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն երրորդը՝ Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան Ս. Տօնը:

Պայծառակերպութեան տօնին Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Սրբազանը քարոզի մեկնակէտ ունէր Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ուղղուած նամակին 5-րդ գլխուն 14-րդ համարը: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ այլակերպութեան խորհուրդին՝ արթննալ մեղքի ու խաւարի աշխարհէն եւ Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուիլ, պայծառակերպուիլ, նոր մարդ դառնալ եւ Իրմէ ճառագայթող երկնային լոյսը տարածել երկրի վրայ: Այս տօնը հայկական աւանդութեան մէջ «Վարդավառ» կը կոչուի, որովհետեւ Տիրոջ լոյսը կ̕անձրեւէ մեր հոգիներուն, կեանքին ու հայրենիքին վրայ՝ մաքրելով մեզ մեր մեղքերէն եւ լուալով մեր հոգիներն ու մտքերը, որպէսզի նորոգուինք եւ լուսաւորուինք ազգովին: Սովորաբար մեր ժողովուրդի զաւակները ջուր կը սրսկեն իրարու վրայ եւ լաւագոյն բարեմաղթութիւններ կ̕ըսեն իրարու: Օրհնաբաշխ Վարդավառ կը մաղթենք մեր հայրենիքին ու ազգի զաւակներուն, եզրափակեց իր քարոզը սրբազան հայրը։

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր են եկեղեցական տաղաւարներու ու ընդհանրապէս բոլոր տօներու նշումն ու պահպանումը, որոնց յիշատակումով կ՚ուղղուինք եկեղեցի եւ Տիրոջ առջեւ կանգնելով կը վերանորոգենք մեր հաւատքի ուխտը:

Թող մեր եկեղեցւոյ ու ազգին օրերը ըլլան Տիրոջմով պայծառակերպուած եւ մեր մեղքերը Տիրոջ ներողամտութեան ջուրով սրսկուած:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ