Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի Մէջ Լոյս Տեսած Է Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Ժողովածուն

Երեւանի մէջ, «Անտարես» հրատարակչութիւնը հրատարակած է պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքի մասին պատմող ժողովածուն՝ «Մեր ներսի հայը (1915-2015)»  խորագիրով։ Այս մասին կը տեղեկանանք Ermenihaber.am-էն։

Գիրքի թրքերէն տարբերակը կազմած է Եիղիթ Պեները։ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկդարեայ տարելիցին առիթով կազմուած այս ժողովածուն կ՝ընդգրկէ Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած 35 մտաւորականի գործեր, որոնց հեղինակները ոչ միայն կ՝ընդունին Եղեռնի փաստը, այլեւ կը փորձեն գտնել իրենց «ներսի հայը» ամենատարբեր ժանրերու միջոցով՝ կարճ արձակէն մինչեւ բանաստեղծութիւն, հրապարակախօսութենէն մինչեւ յուշագրութիւն:

Գիրքը իր գաղափարով եւ ընդգրկումով բացառիկ է, կազմուած է յայտնի գրող եւ թարգմանիչ Եիղիթ Պեների նախաձեռնութեամբ եւ հրատարակուած Թուրքիոյ խոշորագոյն հրատարակչութիւններէն մէկուն՝ «Ճան»-ի կողմէ:

Հայերէն հրատարակութեան նախաձեռնող՝ Արմէն (Օհանեան) Հայաստանցի։ Խմբագիրներ` Զաւէն Պոյաճեան, Արմէն Օհանեան։ Թարգմանիչներ՝ Նարինէ Թադեւոսեան, Արփի Աթաբեկեան, Անի Սարուխանեան, Արտակ Շաքարեան, Վարդուհի Պալեան, Տաթեւիկ Սարգսեան, Սաթենիկ Պետրոսեան։ Համաթարգմանիչներ` Գայանէ Այվազեան, Նարեկ Սեֆերեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ