Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիտութեան Զարգացումը Հայաստանի Ապագայի Կարեւորագոյն Գործօններէն Է

Իւրաքանչիւր պետութեան զարգացումին գրաւականներէն է  գիտութեան զարգացումը. անոր հիմքին մաս կը կազմէ կրթական  եւ պետական համակարգը։  Այն երկիրները, որոնք  աշխարհաքաղաքական անբարենպաստ դիրք ունին, բնական պաշարներ չունին եւ ընդերքի պաշարներով հարուստ  չեն, կրնան բացակայող բնական հարստութիւնը ամբողջացնել  ամենամեծ ներուժով՝ մարդկային միտքի ուժով:   Շեշտը պէտք է ճիշդ գիտութեան  վրայ  դնել։ Այն ինչ չենք ժառանգած, կրնանք ամբողջացնել մտաւոր աշխատանքի արգասիքով։

Եւրոպական եւ արեւելեան շարք մը երկիրներ իրենց երկրի տնտեսական զարգացումը գտան բժշկութեան, ֆինանսական համակարգի, զէնքի արդիւնաբերութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութեան եւ կրթական համակարգէն ներս առաջատար ըլլալու մէջ։ Առանց անուանելու պէտք է  նշել, որ կան տարածքով պզտիկ երկիրներ, որոնք  կրցան յաջողութեամբ իրագործել տասնամեակներու համար իրենց մշակած տեսլականը։ 

Ճիշդ այդպէս , մենք ալ կրնանք մեր յոյսը դնել միայն ու միայն մեր  վրայ։ Պատմական շարք մը դէպքերէ ետք բազմաթիւ անգամներ եկանք այն համոզումին, որ  Հայաստանը միշտ կախեալ է ուրիշներու  պետական շահէն , աշխարհաքաղաքական տրամադրութիւններէն եւ դիւանագիտական հոսանքներէն։ Արդեօք գիտութիւնը աւելի լրջօրէն զարգացնելու ժամանակը չեկա՞ւ։ Խօսքը միայն  Հայաստան բնակող  երիտասարդ ու աւագ մասնագէտներու մասին չէ։  Մենք ունինք  մեծ Սփիւռք, ուր աշխարհի մակարդակով լաւագոյն ուղեղներ եւ մասնագէտներ կան, որոնց համար բարենպաստ եւ պարարտ հող ստեղծելով,  գործունէութեան դաշտը փոխելու հետաքրքրութիւն եւ ոգեւորութիւն կրնանք առաջացնել: Շատ շատերը համաշխարհային գիւտերու հեղինակներ են, ֆինանսական-դրամատնային համակարգի , տնտեսական  եւ քաղաքական ոլորտներու փորձագէտներ են, որոնց ամբողջ մտաւոր ներուժը այլ երկիրներու զարգացումին կը ծառայէ:  Մենք կրնանք մեր մտաւոր լաւագոյն ուժը կեդրոնացնել Հայաստանի գիտութեան զարգացումին, նպաստելով երկրի տնտեսութեան զարգացումին, կայունացումին եւ առաջընթացին։ Մեր ամէնէն զօրաւոր յատկանիշը մտաւոր հարուստ ունակութիւնն է, զոր ցաւօք,      լիարժէքօրէն չենք օգտագործեր։

Գիտութեան եւ կրթութեան զարգացումը  հաստատուն պետութեան հիմնաքարն է ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ