Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հասնինք Լիբանանի Մեր Քոյրերուն Եւ Եղբայրներուն

«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան,

Վհատելու չենք, վերջ կ՚ունենան կու գան ու կ՚երթան»։

Ճիւանի

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Սփիւռքահայութեան փափախուն սիրտը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս բազմաթիւ դժուարութիւններով ու մանաւանդ տնտեսական տագնապալի օրերով լեցուն վիճակի մէջ է։

Քառասուն տարիներու քաղաքական, տնտեսական եղբայրասպանութեան ցաւալի օրերէ ետք, հազիւ ինքզինք շտկած էր եւ կեանքը բնական հունի մէջ մտնելու վրայ էր, երբ Օգոստոս 4, 2020-ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի մահասփիւռ պայթումները, ուր 200-է աւելի հոգիներ մահացան, 5000-է աւելի վիրաւորուեցան եւ մօտ երեք հարիւր հազար հոգի անտուն եւ աներդիք մնացին։

Այդ սարսափելի դէպքէն իվեր, Լիբանանի ազնիւ ժողովուրդը կը տուայտի։ Քաղաքական, տնտեսական պսակաձեւ ժահրի թոհուբոհին մէջ։ Անգործութիւնը համատարած է, կեանքի սղաճը գլուխ առած անցած է։ Մօտ տարիէ մը իվեր Լիբանանի մէջ կառավարութիւն չէ կազմուած, անգլուխ մարմին մը եղած է, Միջին Արեւելքի Փարիզը հանդիսացող այս դրախտավայր երկիրը։

Լիբանանի հայ համայնքն ալ ոչ միայն Սփիւռքի կարեւոր գաղութներէն է, այլ այս գաղութը Սփիւռքի համար հայթայթած է մտաւորականներ, կրթական մշակներ, քաղաքական ու մանաւանդ կղերականներու մեծ թիւ մը։ Այսօր այդ համայնքն ալ հազար ու մէկ դժուարութիւններու առաջ կը գտնուի։

Հայերը ողջ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ աղէտներ տեսած եւ անցած են։ Այս բոլորը կրցած է ընել իր զաւակներուն կամքով, յոյսով եւ հաւատքով։ Կրցած է դիմագրաւել զանոնք միշտ օգնութեան ձեռք երկարելով աղէտահար գաղութներուն կամ՝ Հայրենիքի եւ Արցախի հայութեան։

«Մարմնի անդամի մը ցաւը, ողջ մարմնին ցաւ կը պատճառէ»։

Սիրելի հայրենակիցներ, Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ցաւը, ողջ հայութեան ցաւն է, ճիշտ ասոր համար է, որ սրտագին կոչ կ՚ընենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր կազմակերպութեանց, մեր հոգեւոր բարեսիրական եւ աշխարհիկ հաստատութեանց, որ գործի անցնին եւ իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը հասցնենք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

Մեր համեստ առաջարկն է, որ օր առաջ կեանք առնէ լիբանանահայութեան օգնութեան համահայկական միացեալ մարմին մը, որպէսզի ԱՄՆ-ի հայութիւնը միասնական ճիգերով եւ ղեկավարութեամբ այս գործը յառաջ տանի։

Խորապէս գիտակից ենք, թէ ԱՄՆ-ի հայութիւնը երկրի տնտեսական եւ պսակաձեւ ժահրի պատճառած դժուարութիւններով տնտեսական ծանր օրեր կ՚ապրի։ Այսուհանդերձ, միշտ Աստուծոյ փառք տալով, կարեւոր է, որ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն օգնելու քաղցր պարտաւորութիւն կատարենք, մեծատունը իր գանձով, համեստ աշխատողը իր լումայով, բայց՝ բոլորս ալ սրտով եւ հոգիով սատար եւ օգնութեան ձեռք երկարել տառապահար մեր լիբանանահայութեան, այս պարագային հասնինք Լիբանանի մեր հայութեան, դպրոցներուն, մամուլին եւ մեր հոգեւոր տուներուն, որոնք այդ գաղութի գոյութեան իմաստն ու հիմնաքարերն են, մինչ այդ Լիբանանի մեր պատուական գաղութին կը մաղթենք ամէն բարիք, վերադառնալու համար իրեն անցեալի փառքին ու շէն ու շէնշող հմայքին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ