Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերակենդանացումը Անհրաժեշտութիւն մըն է Ժամն է Զարթնումի

ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ 

Մէկուկէս տարիներէ աւելի անբաղձալի կացութեան մը մէջ է համայն մարդկութիւնը։ Անբաղձալի կացութեան մէջ է նաեւ հայրենիքը։ Անբաղձալի էր մեր կրթական օճախներու բակումը՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի, Ամերիկայի հայահոծ գաղութներուն, ինչպէս նաեւ մայր հողին վրայ։

Ինչպէս առածը կ՛ըսէ, «Ձմռան օրերը հովի նման կու գան ու կ՛երթան։» Յուսահատութիւնը աններելի յանցանք մըն է մեր ազգին գոյատեւման համար։ Հետեւաբար խնդրանքս է, իբրեւ երէց եղբայր մը, զարկ տալ վերակենդանացնելով ու աւելի եռանդով գործելով բազմապատկենք մեր մշակութային, երիտասարդական, ընկերային եւ թատերական մեր գործունէութիւնները՝ ի սէր մեր մանուկներուն, պատանիներուն, երիտասարդներուն, երէցներուն ու տարեցներուն։

Հասկնալի է որ կամքէ անկախ պատճառներով համայնքը քունի մէջ է։ Հիմա «Ժամն է Զարթնումի։ Պատասխանատու ղեկավարներու, առաջնորդներու եւ միութիւններու պարտականութիւնն է անմիջապէս միջոցներ ստեղծելու որպէսզի կարելի ըլլայ գոնէ վերադառնալու գաղութին նախկին աշխուժութեան։ Արդար եւ անյետաձգելի ակնկալութիւն մըն է պահանջուածը։

Այսօր մեր առջեւ ցցուող ամենահրատապ հարցը, օտար շլացուցիչ երկնակամարներու տակ, օտար հրապուրիչ մշակոյթներու կախարդանքին անձնատուր՝ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնն է։ Մեզի սպառնացող վտանգը, այլասիրումն է – հայապահպանումն է։ Անհրաժեշտ է որ մեր ազգային բոլոր կազմակերպութիւնները եւ համայնքներու առաջնորդները՝ մէկդի դնելով իրենց տարակարծութիւնները, ունենալով հանդերձ տեսակէտներու ու գործելակերպի տարբերութիւններ, երբ հարցը հայապահպանումի վտանգն է, գոնէ այս հարցին շուրջ «բռունցք» դառնանք ի շահ մեր ազգին ու հայրենիքին սիրոյն։

Ստորեւ նկատի կ՛առնեմ նաեւ ազգային աւանդական կազմակերպութիւններու պարագան որ նոյնանման է  ՀԲԸ Միութեան։ ՀԲԸ Միութիւնն ալ հայապահպանումի պայքարին նուիրեալ կազմակերպութիւն մըն է։ ՀԲԸ Միութիւնը կը պատկանի բոլոր հայութեան անխտիր՝ ներառեալ բոլոր քաղաքական, կրօնական եւ համայնքային յարանուանութիւնները։

Այս ազգային 115-ամեայ կազմակերպութիւնը չի պատկանիր որեւէ անհատի կամ կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ ղեկավարութեան ու Նախագահին՝ որոնց պարտականութիւն տրուած է ծառայելու մեր ազգին, ժողովուրդին ու հայրենիքին՝ որոնք գերմարդկային նուիրումով ու զոհաբերութիւններով կ՛աշխատին լաւագոյնս իրագործել հայանպաստ նպատակներ։

Կրնանք տարակարծիք ըլլալ գործելակերպներու պարագային, բայց այդ տարակարծութիւնները պէտք չէ վերածուին նեղութեան, ատելութեան ու թշնամանքի՝ անհատներու միջեւ, մանաւանդ միութենական ծառայութեան ընթացքին։ Կը համարձակինք ըսելու «Իմ տեսակէտս ճիշդն է եւ անոնցը՝ միշտ սխալ։»

Դժբախտաբար այս հարցերուն մօտեցումի մտածելակերպը, մարդկային բնական երեւոյթ մը ըլլալ կը թուի ընդհանրապէս։ Անհատներ, ղեկավարներ կու գան ու կ՛երթան, սակայն միութիւնները կը մնան ու պէտք է մնան։ Նեղուելով, հեռանալով կամ հրաժարելով՝ միայն մեր սիրելի միութիւնն է որ կը տուժէ եւ ոչ թէ ղեկավար մը։ Երանի՜ թէ «նեղուիլ» բառը մեր բնաւորութենէն դուրս նետել կարելի ըլլար։

ՀԲԸ Միութիւնը, 115 ամեայ «այս մեծ Միութիւնը Ատուածանուէր օրհնութիւն մը եղած է մեր ազգին համար։» Դժբախտաբար եղած են կազմակերպութիւններ, անհատներ որոնք ատելութեամբ դիմադրած են ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութեան, անարդար պատճառներով։ Միշտ գտնուած են դժգոհներ ու պիտի գտնուին տակաւին։ Վստահ եղէք որ մեր ազգային միութիւններու հիմնադիրներու անունները պիտի յաւերժանան մեր ազգային պատմութեան՝ ոսկեայ մատեաններուն մէջ։

Յարգարժան բարեկամներ, ժամանակն է որ պատրաստուինք դիմագրաւելու ապագան։ Համեստութիւնը, ծառայասիրութիւնը, անշահախնդիր աշխատանքն ու ներողամտութիւնը առաքելութիւններ են եւ նախապայման յաջողութեան։

Մեծայարգ միութենականներ, ազգային կազմակերպութիւններու ու յարանուանութիւններու առաջնորդներ, վստահ ըլլալով թէ բոլորդ ալ՝ հայապահպանումի պայքարի յաջողութեամբ մտահոգ էք, միացէք եւ միասնաբար ծրագիրներ պատրատեցէք՝ մասնագէտներու օժանդակութեամբ, ապահովելու համար նոր սերունդներուն բեղմնաւոր եւ լուսափայլ ապագայ մը, կրկնելով ՀԲԸ Միութեան հիմնադիրներու աղօթքը եւ համայն հայութեան երազը։

         Հայեր, միանանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի՝

         Ազգաշինութեան վսեմ գործին շուրջ,

         Մոռնալով վէրքերն ու ոխն երբեմնի,

         Ժամ է որ ըլլանք վաղուան աչալուրջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ