Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸ Միութեան 115 Ամեակի Առիթով

ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը յաղթական ու աննման կազմակերպութիւն մըն է:

Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մէջ հիմնուած են անհամար բարեսիրական կազմակերպութիւններ եկեղեցիներու, թագաւորներու, իշխաններու, միութիւններու եւ անձնաւորութիւններու կողմէ: Բայց դժբախտաբար զանազան պատճառներով դադրած են եւ կորսուած պատմութեան մէջ:

ՀԲԸ Միութիւնը 115 տարիներէ ի վեր ու տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, միշտ վերանորոգուած յարափոփոխ ժամանակի պատշաճեցուած ծրագիրներով:

«Տխուր ճշմարտութիւն մըն է, որ հայրենի հողին վրայ ապրող մեր հայրենակիցները դարաւոր դժբախտութիւններով հետեւանքով հասած էին նիւթական, բարոյական եւ մտաւորական այնպիսի վիճակի մը, որոյ հանդէպ կարելի չէ անտարբեր մնալ իբր հայ եւ մարդ»։ Ուրեմն հայ ազգը պէտք ունէր ՀԲԸ Միութեան՝որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարեր իր դժբախտ ու տառապեալ ազգակիցներուն: Ազնուական եւ անհրաժեշտ պահանջք մըն էր ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութիւնը:  

Գրագիտուհի Սրբուհի Տիւսաբի տենչանքը «Ահ ինչո՞ւ բոլոր հայ սրտերը չմիանան մտաւոր արեւուն բոլորտիքը, որպէսզի անոր լուսովը ջերմանան…: Օգնենք մեր եղբայրներուն, օգնենք մեր քոյրերուն, դպրոցներ բազմացնենք, լոյս ծաւալի ամենուրեք: Արդ, զիրար սիրենք, մէկ հոգի ունենանք յառաջդիմութեան ձգտելու եւ ծառայելու համար»:

Ահա պատշաճ գաղափար մը, ՀԲԸ Միութեան «Նպատակ»-ի որոշման համար: Երկու ազնուական բառեր «Բարեգործութիւն եւ միասնականութիւն»: Միութեան մը հիմնադրութեան առաջնահերթ ու կարեւորագոյն պայմանը «Նպատակ»-ն է: ՀԲԸ Միութեան յաջողութեան կարեւորագոյն պատճառներէն մի քանի հատը միայն կը փափաքիմ նկատի ունենալ հետեւեալ ձեւով:

1.Նպատակ 2. Հիմնադիրներ 3. Տնտեսութիւն 4.Համահայկական եւ ապաքաղաքական բնոյթը եւ «Հիմնադրամ»-ի իմաստը:

1. ՆՊԱՏԱԿ

Ա. Օժանդակել հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի մտաւոր եւ բարոյական զարգացման:

Բ. Օգնել անոնց նիւթական եւ տնտեսական վիճակի բարելաւման:

Գ. Քաջալերել սոյն արդիւնքները յառաջ բերելու ծառայող ամէն ձեռնարկ ու հրատարակութիւն:

Նպատակին վեհութիւնը ու նպաստը ինքնին յաջողութեան ազդակն է:

2. ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐ

ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր նախագահը՝ Պօղոս Նուպար Փաշան, զաւակն է Եգիպտոսի առաջին Վարչապետ՝ Նուպար Փաշային: Պօղոս Նուպար Փաշային հմայքը, հռչակը, հանճարեղ միտքը, վարչական կարողութիւնները եւ փորձառութիւնը եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի անվերապահ վստահութիւնը գրաւականն էր միութեան յաջողութեան: Ֆրանսայի նախագահ Բուան Քարէ-ի վկայութիւնը կ’արձագանգէ այդ ժամանակաշրջանի հետեւեալ հաստատումը «Պօղոս Նուպար այն հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն էր, որոնք կը միացնեն բարձրագոյն բարոյականը գերազանց իմացականութեան մը մէջ»: ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր նախագահը եղած է գիւտարար, ճարտարապետ, հնարած է շոգեշարժ արօրը, այժմու Թրաքթէորը: Տասնեակ մը պետութիւններու կողմէ պարգեւատրուած է բարձրագոյն պատուանշաններով, եւ կարեւորագոյնը մեզի համար, ան եղած է «Հայ դատի ռահվիրան» ինչպէս նաեւ լիազօր պատուիրակ եւ նախագահ Ազգային Պատուիրակութեան, Հայ Դատի պաշտպանութեան յանձնախումբին: Նախագահին ընտանեկան լեզուն եղած է Հայերէն եւ ինքն ալ Հայախօս: Նուպարեանները եղած են մոլեռանդ ազգասէր հայեր: Անոնց բնակավայրը եղած է «Հայկականութեան» անսասան բերդ մը: Վարչապետ Նուպար Փաշան քաջածանօթ բոլոր պետութիւններու ղեկավարներուն կ’ըսէ. «Չեմ մոռցած որ Հայ եմ, հայրենիքս սիրելէ բնաւ չեմ դադրած. Իր ցաւերը իմ ցաւերս են, իր ուրախութիւնները իմս: Երջանիկ պիտի ըլլամ հայրենիքիս նուիրելով կեանքիս մնացած օրերը»:

 ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր անդամները եղած են փաշաներ, էֆէնտիներ եւ այս տիտղոսները շնորհուած են իրենց պետութիւններու կողմէ: Բոլորն ալ եղած են արհեստավարժ մասնագէտներ, ճարտարապետներ, բժիշկներ, գիւղատնտեսներ, իրաւաբաններ, ելեւմտագէտներ ինչպէս նաեւ կրթական փոխնախարար եւ դիւանագէտներ: Այս ազգանուէր եւ բարեկեցիկ ընտրանին հաւաքուած են ամոքելու համար մեր տառապեալ ժողովուրդին ցաւերը: Բնականաբար այս մասնագէտներու խմբակը կրցած են հաստատ հիմերու վրայ դնել միութիւնը՝վստահութիւն ներշնչելով հայութեան:

Յաջողութեան հիմնական երկրորդ պատճառ մը:

3. ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Միութեան մը յաջողութեան ողնասիւնն են հետեւեալները: Վստահութիւն, ճշգրիտ հաշուապահութիւն, թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն: Ասոնք տնտեսութեան մը բաղադրեալներն են:    

ՀԲԸ Միութիւնը 115 տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդին անվերապահ վստահութիւնը վայելած է իր իրագործումներով եւ ազգաշէն ծրագիրներով: Միութեան հաշիւներու ճշգրտութիւնը մասնագէտ հաշուեքննիչներու կողմէ բծախնդրօրէն սերտուելէ վերջ կը վաւերացուին միութեան կեդրոնական վարչութեան եւ նաեւ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին կողմէ: ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր նախագահը, ըլլալով ելեւմտագէտ, ու վարչական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն՝ հաստատ հիմերով կառուցած է նիւթական ուժեղ կառոյց մը: Այդ պատճառաւ բոլոր նիւթական գործառնութիւնները խիստ օրէնքներու ու հսկողութեան կ’ենթարկուին: Պօղոս Նուպար Փաշան ըսած է «ՀԲԸ Միութիւնը ապակիէ տուն մըն է» ուրեմն թափանցիկ հաշուետուութիւնը հիմնական պայման մըն է միութեան համար որեւէ երկարամեայ տեղեկագիրով կը ներկայացուի պատգամաւորական ժողովին ու համայն հանրութեան:

4. Համահայկական եւ ապաքաղաքական բնոյթը

ՀԲԸ Միութեան կանոնագրութեան առաջին յօդուածը կ’ըսէ «Ընկերակցութիւնը մարդասիրական ընկերութիւն մըն, ան ոեւէ քաղաքական կամ առեւտրական հանգամանք չունի, այս պայմանը հիմնական է»։ 

Ազգային բոլոր կազմակերպութիւնները, միութիւնները, եկեղեցիները բնականօրէն հատուածական բնոյթ ունին:

ՀԲԸ Միութիւնը համահայկական ընդհանուր միութիւն մըն է, եւ կը պատկանի առանց խտրութեան իւրաքանչիւր հայու որ՛ երկրի քաղաքացի, որ՛ սեռի եւ որ՛ հատուածի ալ պատկանի: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Պալճեան կ’ըսէ «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ծառայութեան եւ զոհաբերութեան ուխտ մըն է: Ամէն հայու պարտականութիւնն է գնահատել եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր»։

Եզրափակելէ առաջ կը փափաքիմ ձեր ուշադրութեան յանձնել որ Պարսկաստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայրենիքի եւ Արձախի մեր հայրենակիցներուն դժբախտ ու անբաղձալի տառապանքը նկատի ունենալով, ՀԲԸ Միութեան պատկառելի ղեկավարութիւնը, ժողովրդական հանգանակութիւններով, անձնական եւ բարեկամներու նուիրատուութիւններով ինչպէս նաեւ միութեան ելեւմտացոյցին (Budget)-էն աւելի քան 55 միլոն Ամերիկեան տոլար յատկացնելով կը ջանայ մասամբ մեր ազգակիցներուն վիշտն ու տառապանքը ամոքել:

Այս անբնական ու վշտահար օրերուն, վստահ եմ որ իւրաքանչիւր հայու ինչպէս նաեւ բոլոր ազգային կազմակերպութիւններու եւ համայնքներու փափաքն է, հետեւեալ փառաբանումը.

            «Հայեր միանանք մէկ սիրտ, մէկ հոգի,
            Ազգաշինութեան վսեմ գործին շուրջ,
             Մոռնալով վէրքերն եւ վիշտ երէկի,
            Ժամն է որ ըլլանք վաղուան աչալուրջ»:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ