Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարդուն Տարօրինակ Յատկութիւնները

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ինծի համար շատ հետաքրքրական է դիտել մարդը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, եւ ուսումնասիրել անոր տարօրինակ յատկութիւններն ու ամփոփել զանոնք՝ կարենալ տրամաբանական եզրակացութեան մը հասնելու համար, անոնց նկատմամբ։

Հիմա պիտի նշեմ մի քանի օրինակներ, որպէսզի կարենամ միտքս պարզել եւ դատողութիւնը ձգել ձեզի։

1․ Փողոցային Անցում . . .

Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք որ մարդիկ ինքնաշարժով գործի կ՛երթան եւ կամ ալ շուկայ, գնում կատարելու։ Բայց ուր որ ալ երթան՝ ինքնաշարժէն ետք անոնք կը հարկադրուին քալելու, հասնելու համար իրենց մեկնակէտին, չէ՞։

Ուրեմն կեցած ես փողոցին անկիւնը եւ կ՛սպասես որ լոյսը կանաչ դառնայ՝ որպէսզի անցնիս միւս կողմը։ Անշուշտ սեղմած ես ձողին վրայի կոճակը։ Հիմա ուրիշ անցորդ մը կու գայ եւ կը սեղմէ նոյն կոճակը։ Անհամբեր՝ ան անգամ մը եւս կը սեղմէ կոճակը։

Եղբայր, քանի անգամ որ սեղմես կոճակը կամ քանի անձեր որ սեղմեն այդ նոյն կոճակը՝ ան իր ժամանակը որ հասաւ, թոյլ պիտի տայ որ լոյսը կանաչնայ եւ կարենաս փողոցը անցնիլ։ Արդեօք այսքանը ըմբռնելը շատ դժուար է՞, չեմ հասկնար։

2․ Վերելակի Գործածութիւն . . .

Վերելակն ալ շատ գործածական է մարդուն համար, յատկապէս երբ հարկադրուած ես շէնքի մը վերի յարկերը բարձրանալ՝ գործի բերումով։ Շէնք կը մտնես եւ կը սեղմես վերելակին կոճակը որ վերելակը գայ եւ վեր բարձրանաս։

Այն ինչ որ կը պատահի փողոցը անցնելու համար կոճակը սեղմելուն, նոյնը կը պատահի հոս։ Երբ կը սպասես՝ կոճակը սեղմելէ ետք, ուրիշ մը կու գայ եւ կը սեղմէ նոյն կոճակը։ Բարեկամ՝ կոճակը մէկ անգամ սեղմել պէտք է, երկրորդ կամ երրորդ սեղմելը չարացներ վերելակին ժամանումը։ Ուստի նախ նայիր եւ եթէ կոճակը սեղմուած է՝ քիչ մը համբերէ եւ ապա գործդ շարունակէ ու վերջ։

3․Բախտախաղ եւ Մասամբ Նորին . . .

Ձեզմէ ո՞վ քազինօ երթալով՝ բախտախաղի չէ մասնակցած։ Ընդհանրապէս անձնական ինքնաշարժով գացած ենք Լոս Անճելըսէն Լաս Վեկաս։ Բայց պատահած է նաեւ որ զբօսաշրջական ընկերութեան մը միջոցաւ ալ գացած ենք Լաս Վեկաս։ Անոնք՝ ճամփորդական մեծ ինքնաշարժներ կը գործածեն, որոնք կը փոխադրեն 50-60 զբօսաշրջիկներ։

Հիմա թոյլ տուէք բացատեմ թէ ինչ կը պատահի երբ ինքնաշարժը ճամբայ ելլէ։ Նախ՝ կերակուրի խուրձերը կը բացուին եւ ապա կը սկսի կերուխումի երկարապատիկ գործողութիւնը։ Հացին մէջ հաւկիթ, լոլիկ, կանանչ սոխ, վարունգ եւ բարի ախորժակ . . . Անախորժ հոտը տարածելով պասին մէկ ծայրէն միւսը։ Յետոյ, նարինջ եւ սուրճ։ Բարեբախտաբար սիկարէթը արտօնուած չէ, այլապէս մուխի եւ ծուխի մէջ պիտի մխրճուէինք։

Իսկ երբ ինքնաշարժը հասնի քազինօ, հանդարտօրէն ճաշ ուտող ճամփորդները կը կերպարանափոխուին եւ խելագարած անփոխի նման՝ զիրար հրմշտկելով կը խուժեն պասէն դուրս, առաջինը հասնելու քազինոյի բախտախաղի սեղանները։ Կարծես առաջին հասնողին նուէր մը վերապահուած է հոն։

Ինծի համար զարմանալի է թէ բախտախաղի սեղանին վրայ մեծ գումարներ վնասելէ ետք՝ ո՞վ շահով դուրս եկած է թող ձեռքը վերցնէ, կ՛երթան եւ աժան կերակուր մատուցող (buffet) ճաշարանին առջեւ՝ երկար պոչ կը բռնեն։ Բարեկամ, բախտախաղին մսխած գումարները աչքիդ չեն երեւիր՝ սակայն համադամ ճաշի մը համար չես ուզեր դրամ ծախսե՞լ, այս ի՜նչ մտայնութիւն է՝ չեմ հասկնար։ Խնդրեմ բացատրեցէք ինծի։

Հիմա եկէք մտիկ ընենք վերադարձի ճամբուն վրայ՝ ճամբորդներուն գանգատները։

Առաջին ճամբորդ։ Այս մեքենաները խեղաթիւրուած են, միայն     դրամդ կ՛առնեն։ Մեղք, ահագին դրամ կորսնցուցի։

Երկրորդ ճամբորդ։ Ես տունէն եկածի պէս եմ։ Ոչ շահեցայ եւ ոչ ալ կորսնցուցի։

Երրորդ ճամբորդ։ Բախտ չունիմ եղեր։ Մեքենայի մը վրայ կը խաղայի եւ 200 տոլար կորսնցնելէ ետք, քաշուեցայ։ Կին մը եկաւ եւ առաջին 25 դահեկանով Jackpot-ը զարկաւ։ Անխիղճ կինը դրամը առաւ եւ քալեց ու գնաց, առանց ետեւը նայելու։

4․ Ընկերային Հաւաք, Սակա՞յն . . .

Կլէնտէյլի մէջ հանրային զբօսավայր մը կայ, ուր թէ պզտիկները կ՛երթան խաղալու եւ թէ ալ ալեհեր մարդիկ կ՛երթան՝ կամ նարտի խաղալու, կամ թղթախաղով ժամանակ անցնելու եւ կամ ալ քաղաքականութեամբ զբաղուելու։ Նման հանրային զբօսավայրեր ալ կան հաւանաբար ամենուրէք։

Նարտի կամ թուղթ խաղալէ ետք՝ ալեհեր խումբերուն նկատմամբ, կարգը կու գայ քաղաքականութեան։ «Վերլուծում»ը ընդհանրապէս կը կեդրոնանայ Հայաստանի քաղաքական, կրօնական թէ ընկերային զարգացումներուն վրայ։ Պարզ սկսած խօսակցական զրոյցը յանկարծ կը տաքնայ եւ կը վերածուի սուր վիճաբանութեան։ Հիմա ականջ տանք եւ լսենք թէ ի՞նչ կ՛ըսեն անոնք։

Մէկը։ Մենք պէտք է դադրինք Ռուսին վրայ հենելէ եւ պէտք է մեր աչքերը դարձնենք դէպի Արեւմուտք։

Միւսը։ Առանց Ռուսի թիկունքին՝ մենք չենք կրնար ճակատիլ     Թուրք-Ատրպէյճան միասնական հզօր զօրքին դէմ։

Երրորդը։ Եթէ Արցախի կարեւոր մէկ մասը պիտի զիջէինք Ատրպէյճանին, հապա ինչո՞ւ չորս հազար երիտասարդ զոհ տուինք։ Պէտք է կանուխէն համաձայնէինք ու վերջ։

Վիճաբանութիւնը պիտի վերածուէր կռիւի, եթէ տրամաբանութիւն ունեցող երեց մը չմիջամտէր ըսելով, «Դուք քաղաքականութենէ ի՞նչ կը հասկնաք՝ ելէք գացէք ձեր տուները եւ հանդարտեցէք քիչ մը, որպէսզի վաղը առաւօտ՝ թարմ միտքերով վերադառնաք։»

Մարդուն վերոյիշեալ յատկանիշները՝ նշմարուած իմ կողմէ, տակաւին ամբողջական չեն։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ մարդը բարդ արարած մըն է եւ զայն լիովին ուսումնասիրելը գրեթէ անհնարին գործողութիւն մը՝ որ անհատ մը առանձին չի կրնար գլուխ հանել, չէ՞ք խորհիր . . .  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ