Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Անմոռանալի Գեղեցիկ Երեկոյ Նուիրուած`Մեծն Մհեր Մկրտչեանի 90-ամեակին

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Յուլիս 15, 2021-ին «Արպատ» գեղատեսիլ ռեստորանի գլխաւոր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Մկրտչեանի 90-ամեակին նուիրուած երեկոյ: Ես վաղուց չեմ յիշեր նման մեծարանքի երեկոյ, որ տեղի ունեցած ըլլայ մեր համայնքին մէջ:

Էլմիրա Գասպարեան

Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ռուբէն Ղուրբան եւ Էլմիրա Գասպարեաններուն, բարձր մակարդակով նման երեկոյ կազմակերպելնուն համար: Նախ հպարտ եմ, որ ներկայ էին Լոս Անճելըսի մեր համայնքին մէջ  ապրող նման հմուտ մտաւորական մարդիկ՝ լրագրողներ, համայնքի տարբեր միութիւններ ներկայացնող անձիք, իրաւաբաններ, բժիշկներ, գրողներ, գործարարներ, հանրայայտ նկարիչներու մեծ խումբ մը. մարդիկ, որոնք կը գնահատեն մեր ազգային արժէքները եւ արժէք ունեցող մարդիկը:

Երեկոյին կը մասնակցէին նաեւ Մհեր Մկրտչեանի մեծ քրոջ՝ Կլարայի որդին՝ Յակոբ Սիմոնեանը: իր տիկնոջ՝ Նարինէի հետ միասին, որոնք ժամանած էին Արժանթինէն, յատուկ այս միջոցառումին մասնակցելու համար:

Սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնն էին բերած նաեւ համայնքի ճանաչուած արուեստագէտները: Իսկ ազգին հպարտութիւնը իր տաղանդաւոր զաւակներուն մէջ է.

         1.__ Հայաստան պարարուեստի կեդրոնի սաները, գեղարուեստական ղեկավարներ՝ Արման եւ Նաիրա Վարդանեաններ

         2.__ Ռուբէն Յարութիւնեան

         3.__ Ռազմիկ Մանսուրեան

         4.__ Գէորգ Չաքմանեան

         5.__ Մարգարիտա Խլղաթեան

         6.__ Յովհաննէս Շահբազեան

         7.__ Յովհաննէս Բաբախանեան

         8.__ Գէորգ Յարութիւնեան

         9.__ Գրիշա Դաւթեան, բոլորն ալ հրաշալի երգեցին:

Ֆրունզի մասին, իրենց խօսքով եւ յուշերով հանդես եկան՝

         1.__ Ակադեմիկոս, բժիշկ-հոգեբան՝ Գագիկ Կարապետեանը

         2.__ Գրող-արձակագիր՝ Մարգարիտ Դերանցը

         3.__ Ազգային տարազի վարպետուհի՝ Քնարիկ Ներսիսեանը

         4.__ Դերասան՝ Յովհաննէս Բաբախանեանը

         5.__ Ղուրբանը

Կար ասմունք եւ գեղեցիկ յուշեր Ֆրունզի մասին:

Անմահ Ֆրունզիկը եւ Ռուբէն Գասպարեան (Ղուրբան)

Սրահը զարդարուած էր քանդակագործ՝ Գասպար Ղարիբեանի պատրաստած Ֆրունզի կիսանդրով:

«Աթինաս-քէյք-ստուտիոյի» կողմէ, Ֆրունզի նկարներով եւ անուան տառերով պատրաստուած մեծ տորթը, որպէս նուէր Ֆրունզի միջոցառման, համտեսեց լեփ-լեցուն սրահի իւրաքանչիւր մասնակից: Տիկ. Էլմիրան շատ գեղեցիկ վարեց երեկոն եւ մենք գերագոյն հաճոյք ստացանք:

Իսկ Ղուրբանը շատ հետաքրքիր պատմութիւններ պատմեց Ֆրունզի յուշերէն, կապուած իր հետ եւ ծիծաղի բազում պահեր պարգեւեց բոլորիս:

Յետմահու մեծարանքի արժանացաւ երեկոյի գլխաւոր հովանաւոր՝ Սուրէն Սողոմոնեանը:

Պատուոյ գիրերու արժանացան չորս Սարգիսները՝

  1.  __ Սարգիս Թոփալեանը
  2.  __ Սարգիս Նիկողոսեանը
  3.  __ Սարգիս Թադեւոսեանը
  4.  __ Սարգիս Բաստեղեանը:

Ողջ երեկոյի ընթացքին, սրահը աշխոյժ պահեց ժող-գործիքներու նուագախումբը՝ իր գեղեցիկ կատարումներով:

Իսկ նախասրահը կը զարդարէին Հայ-ամերիկեան արուեստի միութեան նկարիչներու հրաշալի աշխատանքները: Նախ վայելեցինք այդ գործերը, ապա սկսաւ երեկոն:

Նման ձեռնարկ մը վայել էր, որ կազմակերպուէր քաղաքիս մշակութային բոլոր միութեանց ճիգերով, յարգել մեր յաւերժալոյս դերասանին անմեռ յիշատակը, եւ ոչ թէ մէկ միութեան մը կողմէ ըլլար ատիկա:

Ես դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կազմակերպիչներուն, մեզի գերագոյն հաճոյք պարգեւելնուն համար: Մհեր Մկրտչեանին նուիրուած այս մեծարանքի երեկոն, յետ մահու մեր հերթական երախտիքն է հայազգի արժանաւոր մարդոց:

Այս գեղեցիկ եւ ինքնատիպ երեկոն փաստեց, որ հայ ազգը յարատեւ է, իսկ իր տաղանդաւոր զաւակները արժանի են նման մեծարանքի:

Մենք սիրով եւ հաճոյքով կը սպասենք Ղուրբանի կողմէ յաճախակի կազմակերպուող նման գեղեցիկ եւ անակնկալ միջոցառումներու: Ի դէպ նշեմ, որ Նոյեմբերի 26-27-ին, դարձեալ Ղուրբանի նախաձեռ-նութեամբ, Palm Springs քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ հայ նկարիչներու բացառիկ աշխատանքներու մեծ ցուցահանդէսը: Հայկական ֆեստիվալ _ հայկական մթնոլորտ: Կը մասնակցին հայազգի ճանաչուած արուեստագէտներ, պիտի ըլլան հայկական երգ-երաժշտութիւն, հայկական ուտելիք __ խորոված, խմորեղէն, պաղպաղակ, զովացուցիչ եւայլն:

Նոյն միջոցառումը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Ֆրեզնօ քաղաքի մէջ, 2022 թուականի Փետրուար 19-20-ին, բացօթեայ տարածքներում:

 Յաջողութիւն Ղուրբանի բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ