Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Եդեմի Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ Հիմնադրման 110 Ամեակի Յոբելեանին Նուիրուած Ս. Պատարագ, Դպրական Եւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն, Այցելութիւն Թեմի Ամառնային Ճամբար

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Եդեմի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հիմնադրման 110 ամեակի պատմական յոբելեանին ընդառաջ, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը 18-19 Յուլիս, 2021-ին երկօրեայ հովուական այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի շրջան:

Կիրակի, առաւօտէն սկսած Եդեմի Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին հարիւրաւոր հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք հոգեզմայլ եւ սրբազան արարողութեանց:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագին ձեռամբ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Քէշիշեանի տեղի ունեցաւ երեք ընծայեալներու` երկու դպիրներու եւ սարկաւագի ձեռնադրութիւնները, ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներու  եւ հաւատացելոց հոծ  բազմութեան:  Աստուածային օրհնութեամբ եւ շնորհներով լցուած դպրաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութեան ընթացքին` աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճաններ  շնորհուեցան եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող երկու փոքրիկներուն` Յակոբ Բեկոր Քէշիշեանին ու Ջեքսոն Պուչիկեանին:

Այնուհետեւ սարկաւագութեան  ընծայեալը ծնկաչոք խորան բարձրացաւ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալով խորհրդանշական կերպով իրեն յանձնուեցաւ քահանայական զգեստ, Պատարագի խորհրդատետր, սկիհ եւ մաղզմայ բռնելու իրաւունք, ապա անոր տրուեցաւ վերաբերում կատարելու եւ Աւետարան ընթերցելու իրաւունք: Ապա Սրբազան Հայրը ուրարը փոխադրեց նոր ձեռնադրուած Ալան Սրկ. Ֆարսակեանի ուսին, որպէս Աստուծոյ Սուրբ սեղանի սպասաւորութեան խորհրդանիշ:  Ալան Սարկաւագը երեք տասնամեակէ աւելի նուիրեալ եւ անխոնջ կերպով կը ծառայէ Հայց. Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցուն, իրեն ուսերու վրայ ամուր պահելով եկեղեցւոյ առաքելութեան քաղցր լուծը:  

Ձեռնադրութեան աւարտէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ սարկաւագին` նշելով, որ  այս սրբազնասուրբ խորհրդի եւ ձեռնադրութեան միջոցաւ կարեւոր կոչումի մը արժանացան անոնք, որ է առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով ծառայել եկեղեցուն եւ մեր ժողովուրդին: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը` (Մատ. 18:10-14) բնաբանի համաձայն` օրուան աւետարանական պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ կոչ  ըրաւ իւրաքանչիւրին նորոգելու իր կոչումը եւ յանձնառու ըլլալու եկեղեցւոյ սուրբ առաքելութեանը: Սրբազան Հայրը նաեւ աղօթք վեր առաքեց առ Աստուած`Եդեմի  Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ սկիզբէն ի վեր, նախկին եւ ներկայ բոլոր հիմնադիրներու եւ հովիւներու համար:   

Ապա տեղի ունեցաւ նաեւ շնորհաբաշխութիւն, յընթացս որու Սրբազան Հայրը <Hye Spirit>> շքանշանով  պարգեւատրեց Տիար Չարլի Անանեանին` առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի մէջ երկարամեայ եւ վաստակեալ ծառայութեան:

Ս. Պատարագի ողջ ընթացքին Սուրբ Սեղանի վրայ կը սպասաւորէին` Ռէնտի Սրկ. Թելալեանը, Ալլան Սրկ. Ջենդեանը (Ֆրեզնո), Սթիւ Սրկ. Ատամսը (Ֆրեզնո), իսկ երգչախումբը կը ղեկավարէր` Մարի Լուիզա Մենէնդեանը:

Արարողութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաները թափօրով միասնաբար ուղղուեցան դէպի  եկեղեցւոյ «Մաճարեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, եւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կազմուած կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու կողմէ:

Ալան սարկաւագ Ֆարսակեանը յուզիչ շնորհակալական խօսք մը ըսաւ ներկաներուն եւ պատմեց իր ընտանիքի` սերունդէ սերունդ, յաջորդաբար բերած ծառայութիւնը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուն: Ապա Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը գնահատանքի նուէրներ յանձնելէն յետոյ` հրաւիրեց Թեմի նախկին վաստակեալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանին, որու խօսքով եւ աղօթքով եզրափակուեցաւ օրուան հանդիսութիւնը:

 Յաջորդ օրը, 19 Յուլիս, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի շրջանին մէջ գործող Արեւմտեան Թեմի Ամառնային ճամբարը: Սրբազան Հայրը աղօթքի պահ մը ունեցաւ ճամբարի մասնակից պատանիներուն հետ եւ ապա օրուայ աւետարանական ընթերցուածի համաձայն իր պատգամը փոխանցեց անոնց, որուն յաջորդեց հարց ու պատասխանի պահ մը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօրը կ՛ընկերակցէր  Օկլանտի Ս. Վարդան Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ ճամբարի հոգեւոր պատասխանատու Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանը: Վերջաւորութեանը Սրբազան Հայրը ամենայն բարիք մաղթելով եւ հրաժեշտ տալով ամէնուն վերադարձաւ Առաջնորդարան, շարունակելու համար յառաջիկայ հովուական այցելութիւնները Թեմի միւս ծուխերէն ներս:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ