Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Վերանորոգ Նուիրումով Կը Շարունակէ Իր Հոգեմտաւոր Առաքելութիւնը. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լիբանան

Կիրակի, 22 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Դպրեվանքի տեսչութեան ժողովին: 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի սեմին տեղի ունեցած յիշեալ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Դպրեվանքի կեանքն ու առաքելութիւնը վերանորոգման առաջնորդող շարք մը ծրագիրներ: Այսպէս՝ Դպրեվանքի կրթական ծրագիրի վերանայում, առօրեայ ժամանակացոյցի վերադասաւորում, ուսուցչական կազմի վերարժեւորում եւ Դպրեվանքի կրթական, հոգեւոր, վարչական, յարաբերական ու տնտեսական մարզերուն առնչուած աշխատանքներու վերակազմակերպում:

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց Դպրեվանքին վստահուած հոգեմտաւոր արժանիքներով լեցուն մարդու պատրաստութեան հրամայականը: «Այսօր մեր ազգը, իր բոլոր կառոյցներով, մարդու պակաս ունի, այնպիսի մարդու, որ հաւատքով ու նուիրումով կը գործէ ու կը ծառայէ. այնպիսի մարդու, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ մեր ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու առաւել հզօրութեան: Այս առաքելութեան լծուած է Դպրեվանքը: Մենք բոլորս Դպրեվանքի հոգեմտաւոր մկրտարանին մէջ վերածնած ենք՝ անկէ ստանալով անշահախնդիր ու անմնացորդ կերպով ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումը: Հետեւաբար, սովորական ուսումնարան չէ Դպրեվանքը, այլ սրբավայր է: Այս գիտակցութեամբ հարկ է ըլլալ նախանձախնդիր, բծախնդիր ու հոգածու Դպրեվանքին նկատմամբ» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան իր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին եւ անոր օգնական հսկիչներուն եւ յիշեցուց, որ Դպրեվանքը միշտ պիտի մնայ մեր բոլորին, ինչպէս նաեւ նախկին դպրեվանեցիներուն՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, սիրոյ ու հպարտութեան առարկան:

Դպրեվանքի տեսչութեան մաս կը կազմեն տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, իսկ հսկիչներ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան, Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան եւ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմէնճեան:

Յայտնենք, որ Դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները սկսած են. փափաքողները կրնան դիմել ուղղակիօրէն Դպրեվանքի տեսչութեան, ինչպէս նաեւ մեր թեմերու Ազգային Առաջնորդարաններուն կամ թեմերէն ներս ծառայող հոգեւոր հայրերուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ