Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ Վերափոխման Բացառիկ Տօնախմբութիւնը

Կիրակի, Օգոստոս 15, 2021ին, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին, Թահընկայի Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ հաւատացեալները ապրեցան յիշարժան օր մը: Հաւատացեալներու խուռն բազմութիւն մը ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին, Խաղողի Ողկոյզներու, ինչպէս նաեւ Մատաղի Օրհնութեան արարողութիւններուն: Պատարագիչն էր Հոգշն. Տաճատ Ծայր. Վրդ. Եարտըմեան:

Այս առիթով, մեծ ուրախութիւն մը ապրեցան հաւատացեալները, որովհետեւ Առաքելոց Եկեղեցին օժտուեցաւ երեք մեծ Սուրբերու Մասունքներով (անգլ. relic).¬ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ, Սբ. Կիւրեղ Հայրապետ եւ Սբ. Անտոն Անապատական: Երեքն ալ անուանի Սուրբեր:

«Հայր մեր»էն առաջ, Սուրբերուն Մասունքը թափօրով եւ շարականի երգեցողութեամբ, Խորան բերուեցաւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեանի կողմէ՝ մոմակիրներու եւ Սարկաւագներու ընկերակցութեամբ:

Արժն. Հոգեւոր Հովիւը հաւատացեալներուն կարդաց Արեւմտեան Թեմի Սրբազան Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խնդակցութեան եւ Օրհնութեան Գիրը: Որմէ ետք, Տէր Հայրը հակիրճ կերպով ներկայացուց Սուրբերուն դերը հաւատացեալներու կեանքին մէջ եւ Թահընկային Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցին պաշտօնապէս Սրբատեղի կամ Ուխտատեղի յայտարարեց հաւատացեալներուն համար:

Ապա, Պատարագիչ Հայր Սուրբը ժողովուրդին փոխանցեց օրուան  Հոգեւոր Պատգամը, անդրադառնալով յատկապէս «Սրբութեան» եւ «Սուրբ»ի քրիստոնէական ըմբռնումի մասին: Անդրադարձաւ Տիրամօր՝ Սբ. Աստուածածնի Սրբութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբերու եւ անոնցմէ ժառանգ մնացած Մասունքներուն հանդէպ ստեղծուած Քրիստոնէական յարգանքին ու մեծարանքի աւանդութեան մասին, շեշտելով որ Սուրբերու Մասունքներուն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքը յաջորդաբար զարգացած է նաեւ իբր կրօնական բարեպաշտութիւն: Նկատել տուաւ նաեւ, որ Սուրբերու Մասունքներուն հանդէպ կրօնական յարգանքի ձեւերն էին՝ բարեխօսական աղօթքները, խնկարկութիւն, խոնարհութիւն, ծնրադրութիւն կամ երկրպագութիւն եւ համբոյր: Հայաստանի մէջ, Քրիստոնէութեան պաշտօնական որդեգրումէն ետք, Սուրբերու մասունքներուն հանդէպ կրօնական յարգանքը եւ մեծարանքը՝ դարձած է «Քրիստոնէական Կեանքը» ապրելու եւ արտայայտելու բարեպաշտական ձեւերէն մէկը: Հայր Սուրբը անդրադարձաւ նաեւ, որ անցեալին, մինչեւ 1915ի Ցեղասպանութիւնը, մեր ժողովուրդը Ուխտի կÿերթար մեր երկրին ա՛յն Վանքերը եւ Եկեղեցիները, ուր կը պահուէին ա՛յս կամ ա՛յն Սուրբին մասունքը: Հայր Սուրբը յիշեց, օրինակ, որ «Մուշի Սուրբ Կարապետ կամ Իննակնեան Վանք»ին մէջ (ներկայիս Արեւմտահայաստան), կը պահուէին հազարէ աւելի Սուրբերու Մասունքներ (Տե՛ս Ինճիճեան Ղուկաս Վրդ. Հայաստան, Վենետիկ, 1808, էջ 189):

Սուրբ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական Խաղողօրհնէքը եւ Մատաղօրհնէքը: Արարողութիւններու աւարտին, հաւատացեալները հաւատքով ստացան խաղողի ողկոյզներ եւ Մատաղի իրենց բաժինը:    

Առաջնորդարան
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. Սրտագին շնորհաւորութիւններ Սիրելի եւ Յարգելի Հենրիկ եւ Մարիէթա Անասեաններուն իրենց ամուսնութեան վաթսունամեակի երջանիկ ու պատուաբեր առիթով։ Երջանիկ ու պատնուաբեր ըլլալ խօթսքով կը սկսի եւ սակայն հոն կը կենայ։ Գործն ու նուիրումը, համբերատար ծնողաց առաքինութիւնը եւ մանաւանդ երկուքիդ արուեստի բնագաւառէն ներս բերած հայ մշակոյթի ծիածանը կը փայլի ընդերկար։ Որքան կը հիանամ Հենրիկի պատմաբան ու բանասէր հօր Փրոֆ Յակոբ Անասեան գիտնականի աշխատանքներուն վրայ, նոյնքան կը հիանամ Ձեր երկուքին համբերատար ու արուեստագէտ գործին որ իսկապէս պատիւ կը բերէ Ձեզի եւ ձեր զաւակաց ոչ միայն բանիւ այլ մանաւանդ որպծէս աւանդ։
    Աղօթարար՝
    Տէր Զաւէն եւ Երէցկին Արզումանեան

Comments are closed.

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ