Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Աֆղանիստան, Վայ եկաւ Գլխուդ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ 

1979 թուի Դեկտեմբեր ամսուան մէջ, Սովետ Միութիւն օգնութեան կը փութար Աֆղանիստանի  իրեն համախոհ ղեկավար Նուր Մուհամմէտ Թարաքիի, որուն դէմ «մուճահետին» անունով ընդդիմադիր ճակատ մը, կը փորձէր երկրի իշխանութեան տիրանալ: Ծայրայեղ իսլամութեան դաւանող «Մուճահետին» կազմակերպութիւնը հակասովետական իսլամական շարժում մըն էր որուն ֆինանսաւորողը «անյայտ» Միացեալ Նահանգներն էր:

Տարիներ ետք, նոյն շարժումը կը փոխէր իր անունը «Ալ Քաիտա» կոչելով ինքզինք, Սէուտxi մեծահարուստ ընդդիմադիր «Ուս ամա Ին Լատին»-ի ղեկավարութեամբ, որը սպաննուեցաւ Միացեալ Նահանգներու «մասնաւոր քոմանտոսական» շարժումով, Փաքիստանի մէջ: Այսօր, այդ նոյն շարժումը կը կոչուի «Թալիպան», տարբեր կոչումով, նոյն գաղափարով:

Սովետ միութիւնը 1978-1992 թուականներուն ջանաց իրեն համախոհ ղեկավարներու իշխանութիւնը ապահովել Աֆղանիստանի մէջ, մեծ պայքար տանելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ ֆինանսաւորուած այդ իսլամ ընդդիմադիրներուն դէմ, առանց յաջողութեան եւ մեծամեծ մարդկային ու ֆինանսական կորուստներ տալով:

30 տարիներու անյաջող պայքարէ ետք Սովետ Միութիւն իր ճակատագրին կը թողուր Աֆղանիստանը, որտեղ իսլամ «մուճահետին» կազմակերպութիւնը տէր տիրական դարձած էր:

2001 թուին, Միացեալ Նահանգներ, Նիւ Եորքի «Էմբայր Սթէյթ» շէնքին եւ այլ կեդրոններու վրայ յարձակումը վերագրելով Աֆղանիստանի մէջ մարզուած Սէուտական Արաբական եւ այլ իսլամ երկիրներու քաղաքացիներու, ներխուժեց Աֆղանիստան, պատժելու Միացեալ Նահանգներու վրայ յարձակում գործած ընդդիմադիրները եւ անոնց որջերը ոչնչացնելու համար:

Արդեօք այդ «Մուճահետինները» եւ «Ալ Քաիտաները» որոնք այժմ «Թալիպան» դարձած էին եւ կը ֆինանսաւորուէին Միացեալ Նահանգներու կողմէ, միթէ այժմ դիրքաւորուած էին նոյն ինքն Միացեալ Նահանգներո՞ւ դէմ: Ապագան ցոյց պիտի տայ պատահարներու իրական դիմագիծը:

Մօտ 20 տարի շարունակ, մինչեւ ներկայ Օգոստոս ամիսը, Միացեալ Նահանգներ, կարծէք իր պատժական ծրագիրը ամբողջացուած, կը փորձէր ժողովրդավարութիւն եւ կարգ ու կանոն պարտադրել երկրի մը, որուն քաղաքական դիմագիծը այսօր ակներեւ հակառակ է որեւէ այլ փոփոխութեան ի բաց առեալ իսլամական օրէնքէն:

Ականատես եղած ենք անշուշտ բազմաթիւ Հոլիվուտեան ֆիլմերու, լրատուական հաղորդումներու եւ տեսաերիզներու, որոնք կը պանծացնեն ամերիկեան հերոս բանակայիններ, քաջարի, բարեխիղճ եւ հոգատար զինուորներ, հերոսական արդի զէնքերով ռազմաճակատի ըմբոստներու եւ դաւադիրներու ոչնչացումներ եւ այլ հերոսական արարքներ, որոնք այսօր կը հնչեն որպէս միայն շպարուած ունայնութիւն ներկայ իրականութեան մէջ:

82 միլիառ տոլարի արժէքով զէնք ու զինամթերք յանձնուեցաւ Աֆղանիստանի վերջին իշխանութեան եւ անոր բանակին, երբ Միացեալ Նահանգներ որոշեց իր զօրագունդերը քաշել այնտեղէն, պահելով միայն դեսպանատունը պաշտպանող գումարտակ մը, թիւով 3 հազար, որը այսօր կասկածելի կը թուի ներկայ վատթարացած կացութեան պատճառով:

20 տարի շարունակ, Միացեալ Նահանգներ ջանաց պահել գերակայութիւնը այդ շրջանին մէջ, զինելով եւ պատրաստելով տեղւոյն բանակը, պայքարելու համար «թալիպան»-ի եւ անոնց բռնատիրութեան դէմ:

Մակերեսային առումով, այնպէս կը թուէր թէ Միացեալ Նահանգներ յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ եւ Աֆղանիստան արդէն հասած էր «մարդկային իրաւունքներու, իգական սեռի հաւասարութեան, ուսման, արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ 21-րդ դարուս այլ զարգացումներու » կիրարկման եւ պատրաստ էր ստանձնելու երկրին ղեկը այդ նոյն գաղափարախօսութեամբ: Երեւակայութիւնն ու թմբկահար մամուլի զնգզնգոցները չափ ու սահման չունին անշուշտ:

Կը հասնէր այն պահը երբ ամերիկեան բանակի միաւորներ կը լքէին երկիրը, վերադառնալու համար Միացեալ Նահանգներ կամ այլուր որ նախատեսուած էր զօրաբաժիններու տեղակայումը, իրենց ետին թողնելով զէնք ու զինամթերք, վերոյիշեալ գումարով, այնպէս ինչպէս ըրած էին Իրաքի մէջ: Արար աշխարհ անշուշտ տեղեակ է Իրաքի վերջին պատահարներուն եւ «Այսիսի» ստեղծումի հետեւանքներուն, որ աւերներ գործեց Միջին Արեւելքի մէջ:

Աֆղանիստանի պատերազմը 2 եռիլիոնի (Trilion) ծախս հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու գանձանակին, որը ֆինանսաւորուած է բանուոր ժողովուրդէն քաղուած տուրքերով:

Պահ մը երեւակայել թէ՝ ինչե՜ր, ի՜նչ զարգացումներ եւ ի՜նչպիսի բարիքներ կրնար բերել այդ 2 եռիլիոն գումարը երկրին կամ այլ երկիրներու բարգաւաճման, ճամբաներու կառուցման, չքաւորներու եւ անտունիներու պահպանման եւ խաղաղութեան համար:

Իսկ այնտեղ լքուած 82 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքն ու զինամթերքը, որուն տիրեց «թալիպանը», կարծէք աղ ու պղպեղ եղաւ կոտտացող սպիին վրայ:

Միացեալ Նահանգներ ի տես տեղւոյն կացութեան վատթարացումին,  դեսպանատան պաշտօնեաներն ու աշխատակիցները եւս տարհանումի ենթարկեց, այն պատրուակով թէ՝ Միացեալ Նահանգներ իր պարտականութիւնը լի ու լի կատարեց եւ երկրին ղեկավարութիւնն ու ապահովութիւնը այլեւս Աֆղանիստանի իշխանութեան պարտականութիւնն է: Օդակայանի սալահարթակներու վրայէն, թռիչքի համար սուրացող ինքնաթիռներու թեւերէն ու անիւներէն կախուած Աֆղան քաղաքացիներ, որոնք աշխատած էին Միացեալ Նահանգներու հաշւոյն, զանազան աշխատանքներով, կը փորձէին երկրէն փախչիլ կառչելով այդ օդանաւերու թեւերուն, անիւներուն եւ որեւէ կառչելիք իրի, իրենց կեանքի գնով, ի վերջոյ թափթփելու համար գետին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ, Ճիմի Քարթըրի օրով, երբ Վիէթնամի պատերազմը դադրեցաւ, նման պարագաներով, այն նոյն անձիք որոնք կ՝աշխատէին ամերիկեան ոյժերուն համար, նաւերով Ամերիկա բերուեցան ապաստան շնորհելու համար անոնց: Պատահեցաւ նոյնը Միացեալ Նահանգներու մղած բոլոր պատերազմներէն ետք եւ այսօր, նոյն պարագան կը կրկնուի մեր աչքին առաջ:

Կարծէք երկրին տնտեսական, անգործութեան, անապահովութեան, «քորոնա» ժահրին պատճառով  արգելափակման, երկրին քաոսային կարգավիճակը եւ  հարաւային սահմանի հարցերը բաւարար չէին, այժմ պիտի հիւրընկալենք ասիացի մեր նոր եղբայրները:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ