Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հարցերը Շատ Են, Խնդիրները Շատ Են, Լուծումի Միջոցները՝ Մշուշոտ Եւ Աղօտ

Մենք՝ հայերս, որպէս ազգ, շատ երկար դարեր ապրած, բազմաթիւ փորձութիւններ եւ արհաւիրքներ յաղթահարած ենք։ Աւերիչ երկրաշարժներ, գաղութատէրեր, ասպատակողներ, բարբարոսներ․․․․Պատմութեան ըն թաքին  բազմաթիւ կորուստներ ունեցած ենք. կորսնցուցած ենք թէ՛ տարածք, թէ՛ անկախութիւն, եւ թէ՛  պետականութիւն։ Կարգ մը պարագաներուն կորուստը վերականգնած ենք, բայց այլայլուած, որոշ փոփոխութեամբ, այլ պարագաներուն՝ անդառնալի կորսնցուցած ենք մեր ունեցածը:  Հետաքրքրական է, որ դարերու խորքէն եկող ազգն ու պետութիւնը դարէ դար աճելու  փոխարէն այնքան նուազած է, որ նոյնիսկ եթէ ուզենք օտարի մը բացատրել, թէ Հայաստանը աշխարհագրականօրէն ո՛ւր կը գնուի, ապա պէտք է որ մեծ ջանք թափենք: Անշուշտ, կան մարդիկ, որ այդ տեղեկութիւնը լաւ գիտեն, բայց յաճախ կը հանդիպինք օտարներու, որոնք մեզ կը նոյնացնեն կովկասցիներու կամ  միջին արեւելքի երկիրներու ազգերուն  հետ։ Օտարէն պահանջել ճանչնալ մեզ եւ մեր պետութիւնը՞։ Ինչպէս՞։

Դարէ դար կը քննարկենք մեր կորսնցուցած հողերու եւ տարածքներու հարցը: Տասնամեակներէ կը պայքարինք  պատմական փաստերու խեղաթիւրման դէմ։ Կը խօսինք ու կը խօսինք։ Կ’աշխատինք ու կ’աշխատինք․․․

Արդեօ՞ք պիտի կրնանք պաշտպանուիլ մեր երկրի վրայ կախուած դամոկլեան սուրէն:

Մեր հարցերուն համար արդեօք ճիշդ լուծում մը կա՞յ:

Ի վերջոյ, դարերու պատմութեան եւ սերունդներու առջեւ ի՞նչն է ճիշդը, ներե՞լը, անտեսե՞լը, թէ հաշուեյարդար կատարելը։

Հարցերը շատ են, խնդիրները շատ են, լուծումի միջոցները՝ մշուշոտ եւ աղօտ։ Բոլորս, որպէս մասնիկ Հայաստանի, պէտք է որ փորձենք  ծառայել հայրենիքին։ Ի վերջոյ բոլորս, մենք բոլորս, դարերու եւ սերունդներու առջեւ պատասխանատու ենք։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ