Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Լեհերէնով Հրատարակուած Է՝ «1915-1923 Թուականներու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Մակի 1948 Թուականի Համաձայնագրի Լոյսին Տակ» Գիրքը

Դոկտ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Օր մը, թերթերուն մէջ  կարդացի, որ բոլոր թուրք ոճրագործները ազատ կ՛արձակուին: Ես ցնցուած էի:  Ազգ մը սպանուեցաւ, իսկ յանցագործները ազատ արձակուեցան:   

ՌԱՖԱՅԷԼ ԼԵՄՔԻՆ

   Վարշաւայի ՀՀ դեսպանատան մէջ յունիսի 11 ին, տեղի ունեցաւ միջազգային իրաւագէտ՝ Ալֆրետ տէ Զայասի հեղինակութեամբ «The Genocide Against The Armenians 1915-1923 And The Relevance of the 1948 Genocide Convention» գիրքի լեհերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։ Անգլերէն բնագրին թարգմանութիւնը կատարած է լեհ նախկին դիւանագէտ, Քրաքովի համալսարանի հրաւիրեալ դասախօս դոկտ․ Էւա Սաուքեվիչ-Մաններլինը (Ewa Sałkiewicz-Munnerlyn)։

Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանը իր խօսքին մէջ, բարձր գնահատեց այս պիտանի նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան՝ հանրաճանաչութիւնը, իրազեկութեան մակարդակի բարձրացումը եւ լեհախօս հասարակութիւններու մէջ լայնօրէն տարածելու նպատակը։ Նման ողջունելի նախաձեռնութիւններ անպայմանօրէն իրենց լուրջ  դերակատարութիւնը ունին, հայոց ցեղասպանութեան նման անմարդկային ոճրագործութիւնները կանխարգիլելու հրամայականին, որ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է։

Միջոցառումին կը մասնակցէին լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միակ հոգեւոր հովիւ Տ. Տարօն վրդ․ Ղուլիկեանը, ինչպէս նաև լեհահայ համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներ։ Շնորհանդէսի աւարտին մասնակիցները հրատարակուած գիրքէն օրինակներ ստացան, թարգմանչուհիին կողմէն մակագրուած։ Սոյն գիրքի հրատարակութեան ծախսերը ստանձնելու  համար երախտագիտութեան խօսք կարելի է ուղղել՝ Լեհաստանի ՀՀ դեսպանութեան եւ նոյնինքն թարգմանչուհի դոկտ․ Էւային։ Դիւանագիտական զանազան առաքելութիւններ ստանձնած դիւանագիտուհին 1982-1984 թուականներուն, Ժընեւի՝ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու վերաբերող հարցերով գրասենեակի մէջ մտերիմ գործընկերը եղած է փրօֆ․ Ալֆրետ տէ Զայասի։ Թարգմանչուհին 1990 թուին, լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանէն ստացած իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտորականէն ետք 1991 թուականէն մինչեւ հոկտեմբեր 2018 թուական ունեցած է դիւանագիտական հարուստ փորձառութիւն՝ Լեհաստանի արտագին գործոց նախարարութեան մէջ, 1993-1994 եղած է Հռոմի լեհական դեսպանատան մէջ հիւպատոսական կցորդ, ապա նոյն պաշտօնով 1995-1999 եղած է Ուաշինկթընի լեհական դեսպանատան մէջ։ Բազմիցս կարճ ժամկէտներով դիտորդ եղած է ԵԱՀԿ կազմին մէջ, որոշ եւրոպական երկիրներու խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին, ինչպէս՝ Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Մոլտաւիոյ, Պելառուսիոյ մէջ։ 2001-2005 թուականներուն եղած է մարդու իրաւունքներու դիտորդ Մակեդոնիայի, Պոսնիա-Հերցեկովինայի մէջ, երկար տարիներէ հրաւիրեալ դասախօս է Քրաքովի Համալսարանի միջազգային իրաւունքի  եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու թեմաներով, իբրեւ հրաւիրեալ դասախօս ելոյթներ ունեցած է նաեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ։  Մասնակցած է Երեւանի մէջ 22-23 նոյեմբեր 2016 թուին ՀՀ ԳԱԱ կողմէ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցման հիմնախնդիրը» գիտաժողովին, նիւթ ունենալով՝ «Հայոց ցեղասպանութեան վնասներու հատուցման հարցի քննարկումը միջազգային իրաւունքի չափորոշիչներու հիման վրայ»։

Անոր գլխաւոր մասնագիտութիւնն է ցեղասպանութեան իրաւական հարցերը, հրէական ծագումով լեհ իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի հեղինակութեամբ մշակուած՝ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլող համաձայնագրի մանրամասնութիւնները եւլն։ Այս համաձայնագրի պարունակը յատուկ իմաստ փոխանցած է թարգմանչուհիին համար երբ Ժընեւի մէջ մօտէն համագործակցելու առիթը ունեցած է միջազգային հանրածանօթ իրաւագէտ Ալֆրէտ տէ Զայասի հետ, մինչ վերջինս 1981 թուականէն ի վեր երկար տարիներու իր ծառայութեամբ հանրածանօթ է որպէս ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի եւ միջնորդագրերու ղեկավար եւ աւագ իրաւաբան։ Պարտք է յիշել , որ Տէ Զայաս ծնած է Գուպայի մէջ 31.Մայիս.1947 ին, իրաւաբանական իր դոկտորականը ստացած է Հարվըրտի համալսարանէն, ապա ժամանակակից պատմութեան փիլիսոփայութեան դոկտորականի կոչումը՝ Գերմանիոյ Göttingenի համալսարանէն, ունի հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած զանազան լուրջ իրաւական ուսումնասիրութիւններ: Նոյն այս գիրքին պարագային, Տէ Զայաս իր հեղինակային իրաւունքի անվճար հաւանութիւնը յայտնած է վերոյիշեալ վերնագրի թարգմանութեան համար եւ թարգմանչուհիին հետ միասնաբար շնորհակալութիւն յայտնած են Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանին այս գիրքի լեհերէն հրատարակութեան համար (էջ 17)։ Ուստի պատահական չէ, որ դոկտ․ Էւան ընտրած է «1915-1923 թուականներու Հայոց ցեղասպանութիւնը` ՄԱԿի 1948 թուականի համաձայնագրի լոյսին տակ» վերնագրի  թարգմանութիւնը։

Յստակ է որ ՄԱԿի 12.դեկտեմբեր․1948 թուի իրաւական միջազգային համաձայնագիրը իր ընդարձակումներով եւ վերամշակումներով, ցեղասպանութիւնը  կը հիմնաւորէ որպէս մտադրուած եւ համակարգուած ոչնչացումի միջազգային յանցագործութիւն, կը միտի նաեւ պաշտպանելու մարդու իրաւունքները, արմատախիլ ընելու ազգային, ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու խտրականութիւնները։

Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան համար այս փաստաթուղթը կը կարեւորէ թուրքիոյ պատասխանատուութիւնն ու կը շեշտէ անվերականգնելի կորուստներու փոխհատուցման կիրառութեան անհրաժեշտութիւնը՝ թուրքիոյ վարած հայոց ցեղասպանութեան ուրացումի, անտարբերութեան ու ժխտողականութեան դէմ, մանաւանդ փորձելով հերքել անհերքելին։ Ուստի այս առումով մեզի համար ոչ միայն հետաքրքրութիւն ներշնչող այլ առանձնակի դերակատարութիւն ունեցող փաստաթուղթ է, իմաստանալու հրաւէր է ցեղասպանութեան յանցագործութեան ուղղութեամբ միջազգային իրաւունքի եւ հատուցումի տեսանկիւնէն։ 

Փոքր չափի այս գիրքը իր 127 էջերով խորագրուած է 12 կարճ մասերով։ Կողքին վրայ կը կարդանք հայոց ցեղասպանութեան մատնանշող Ռ․ Լեմքինի դառնաշունչ վերոյիշեալ խօսքը։ Գիրքի 7րդ էջին վրայ նշում մը կայ հետեւեալ բովանդակութեամբ, «Այս իրաւական կարծիքը հիմնաւորուած է՝ Ա)  Պրիւքսէլի մէջ  ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի (EAFJD)ի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան 90 ամեակի առիթով հրատարակութեան վրայ, որուն օրինակները բոլոր ներկաներուն բաժնուեցան Երեւանի մէջ 20-21 ապրիլ 2005 թուին կայացած ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու՝ «Հաստատուած յանցագործութիւն, հաստատուած մարտահրաւէր» գիտաժողովին։ Բ)  Հայոց ցեղասպանութեան 95 ամեակի առիթով վերամշակուած հրատարակութեան վրայ, որ անգլերէնով հրատարակուած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի կողմէ փետրուար 2010 թուին (http://www.armeniangenocidereparations.info/wp-content/uploads/2014/09/DeZayas-ARMENIANGENOCIDE.pdf)։ Այս տարբերակը կը պարունակէ լրացուցիչ տեղեկութիւններ եւ թարմացումներ, որոնք հիմնականօրէն կ՛արտացոլեն ՄԱԿ-ի չափորոշիչներու բարեփոխութիւնները, բացի վերը նշուած կայքէն, սոյն գիրքին pdf տարբերակը տեղադրուած է նաեւ ՀՀ ԱԳՆ-ի կայքին վրայ  (https://www.mfa.am/filemanager/Statics/ARMENIANGENOCIDE.pdf)»:

Գիրքի յաջորդ մասերուն մէջ կը կարդանք՝ 2005 թուի ապրիլին գրուած փաստաբաններու միջազգային յանձնաժողովի աւագ իրաւական խորհրդատու՝  Ֆէտերիքօ Անտրէ Կուզմանի խօսքի թարգմանութիւնը, ապա թարգմանիչի խօսքի բաժնին մէջ թարգմանչուհին կը խտացնէ լեհերէն այս տարբերակի մասին իր միտքերը։

Գիրքին յաջորդ մասերու վերնագիրներէն կարելի է յիշել՝ ցեղասպանութեան յանցագործութեան պատիժն ու միջազգային իրաւունքը, միջազգային եւ կենցաղային մեղադրանքները, ցեղասպանութեան յանցագործութեան շարունակութիւնը, յուշարձաններու ոչնչացումը, պետական ​​իրաւայաջորդութիւնը, ցեղասպանութեան զոհերու ցեղային զտումներու, զոհերու փոխհատուցումը եւլն․։       

Գիրքի շնորհանդէսի առիթով թարգմանչուհիին հետ հեռակայ հարցազրոյց մը ունեցայ, վերը յիշուած լուսաբանութիւններու կողքին կը ներկայացնեմ նաեւ կարեւորագոյն պատասխաններու ամփոփումի թարգմանութիւնը, ուր թարգմանչուհին բաղդատական մը կ՛ընէ ըսելով՝ «Ինչպէս Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ունին իրենց քսաներորդ դարու առաջին հայոց ցեղասպանութեան չսպիացող վէրքը, լեհերն ալ ունին Քաթինի ողբերգութիւնը (Քաթինի դաժան սպանդը լեհ ժողովուրդի համար վայրագ այն ողբերգութիւնն է, երբ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին 1940 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն Քաթինի անտառներուն մէջ լեհական բանակի շուրջ 22 հազար ռազմագերիներ, սպաներ գնդակահարուեցան եւ լեհ մտաւորականութիւն մը  ենթարկուեցաւ զանգուածային բնաջնջումի, այս անմարդկային ողբերգութիւնը իրագործուած է ԽՍՀՄ Ներքին գործերու ժողովրդական յանձնակատարի (NKVD) կողմէ: ԱՍ)։ Ան կը շարունակէ ըսելով՝ «2016 թուին իմ Հայաստան այցելութենէս վերջ կրնամ հաստատել որ, Հայաստանը հպարտանալու երկիր է, որուն ժողովուրդը հաւատարիմ է եւ չի մոռնար իր իսկական բարեկամները, չի մոռնար նաեւ իր վիրաւորանքներն ու վիշտերը, այդ պատճառով մենք իրար աւելի լաւ կրնանք հասկնալ եւ համակրիլ․․․․շատ կը փափաքիմ հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իրաւական նոր վերնագիրներ թարգմանել»։

Այս տարի լոյս տեսան նաեւ Էւա Սաուքեվիչ-Մաններլինի հեղինակութեամբ երկու նոր գիրք՝  «Միջազգային արդարադատութեան դատարանի մէջ ժամանակաւոր խափանման միջոցներու  նախորդող ընթացակարգը» եւ «Ամէն փայլող բան ոսկի չէ, քուլիսներու ետին դիւանագիտութիւնը Վատիկանի մէջ» վերնագիրներով։

Կարելի է յուշել որ՝ սոյն տարուայ սկիզբը ֆրանսահայ Միքայէլ Նշանեանի հեղինակութեամբ լեհերէնի թարգմանուած «Բնաջնջել Հայերը – Ցեղասպանութեան պատմութիւն» պատմագիտական գիրքի եւ Հրայր Մաղաքեանի լեզուաճանաչողական-քննական «1915 թուի հայ-թրքական հակամարտութիւնը ըստ XXI դարու ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու (ելեկտրոնային) լրատուամիջոցներու – Ընտրուած հիմնախնդիրներ» վերնագրով շահեկան լեհերէն գիրքերու կողքին վերոյիշեալ նոր հրատարակութիւնը կը հարստացնէ Լեհաստանի մէջ հայոց ցեղասպանութեան գրականութիւնը, այն տարբերութեամբ որ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ այս միջազգային փաստաթուղթի լեհերէնով նոր վերնագիրը՝ «1915-1923 թուականներու Հայոց ցեղասպանութիւնը` ՄԱԿի 1948 թուականի համաձայնագրի լոյսին տակ»  խորիմաստ քայլ մըն է, անձայն կոչ մը եւ իրաւական յանձնառութեան հրաւէրի նշանակ մը, որ թարգմանուած է լեհ փորձառու դիւանագիտուհիի մը կողմէ։ Երախտապարտ նախաձեռնութիւն մըն է վերարտադրելու եւ վերակենդանացնելու հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը ընտրելով իրաւական եւ հատուցման գործընթացի արդարադատութեան քննարկումներու ծանրակշիռ բնագաւառները, միաւորելով զանոնք պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու հարկաւոր ոլորտին։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ