Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, 22 Օգոստոսի առաւօտեան, Պըրպենքի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Օրուան պատարագիչն էր Առաջնորդանիստ Մայր տաճարի լուսարարապետ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան:

 Յընթացս Սուրբ պատարագին, ձեռամբ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Սանթա Քլարիթայի Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեանի, կատարուեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն, որմով կիսասարկաւագներ Կարօ Կիւլակեան, Րաֆֆի Միքայէլեան եւ Յարութիւն Յարութիւնեան արժանացան սարկաւագութեան աստիճանին:      

Պատարագի եւ ձեռնադրութեան արարողութիւններուն ներկայ էին ձեռնադրեալներու հարազատները եւ հաւատացեալներու հոծ  բազմութիւն:

Ձեռնադրութեան ընթացքին, ընծայեալները խարտաւիլակ տէր հօր առաջնորդութեամբ՝ ծնրադիր բարձրացան Սուրբ խորան, ուր անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք, «Աստուածային եւ Երկնային» հոգեզմայլ շարականին երգակցութեամբ անոնք հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն եւ ուխտեցին նուիրուիլ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ Սուրբ սեղանի ծառայութեան: Ապա, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը ձեռնադրեալներու ուսերուն վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Սուրբ  Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու եւ բուրվառով Աստուծոյ անուշ բոյրը խնկելու իշխանութիւնը:   

Ձեռնադրութեան աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը շնորհաւորեց սարկաւագները եւ իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ խնդրելով, որ Տէրը Սուրբ Հոգիով հարստացնէ նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագներու հոգիները, անոնց աչքերը բանայ հոգեւոր իմաստութեան դիմաց, եւ Իր առատ շնորհները առատացնէ անոնց վրայ, որպէսզի անոնք կարենան առանց երկմտանքի յարատեւել աստուածային այս նուիրեալ ծառայութեան մէջ:

Սրբազան հայրը իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ նաեւ սարկաւագի նուիրական կերպարին եւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած բարձր եւ մեծ դերակատարութեանը: Այնուհետեւ, սրբազան հայրը, Պօղոս առաքեալի գաղատացիներուն ուղղուած՝ «Դուք բոլորդ, որ ի Քրիստոս մկրտուեցաք, Քրիստոսով զգեստաւորուեցաք, ուրեմն խտրութիւն չկայ ո՛չ հրեայի եւ ո՛չ հեթանոսի, ո՛չ ծառայի եւ ո՛չ ազատի, ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի. որովհետեւ դուք ամէնքդ մէկ էք ի Քրիստոս Յիսուս» (Գաղատացիս 3:27-28) բնաբանին համաձայն՝ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ