Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Վիկըն» Եւ Բուսակեր Սննդականոնները Կ՛Ազդե՞Ն Փոքրիկներու Առողջութեան Վրայ

Ինչպէ՞ս բուսական սնունդի գերակշռութեամբ սննդականոնները կ՛ազդեն փոքրիկներու առողջութեան վրայ: Այս մասին նոր տուեալները առնուած են American Journal of Clinical Nutrition ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութենէն:

Բուսական սննդականոններու արդիւնքները լաւ ուսումնասիրուած են հիմնականին մէջ մեծերու համար: Յայտնի է, որ բուսակերութիւնը եւ «վիկըն»-ութիւնը կը նուազեցնեն սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը, սակայն կը բարձրացնեն կոտրուածքներու հաւանականութիւնը, որովհետեւ բուսական ուտելիքները քիչ «քալսիում» կը պարունակեն: Սակայն քիչ բան յայտնի է այն մասին, թէ փոքրիկներու առողջութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ սննդականոնէն՝ ուտելիքներու ամբողջ խումբի մը բացառումը:

Նոր հետազօտութեան մասնակցած են 5-10 տարեկան 187 առողջ փոքրիկներ: Անոնցմէ 60-ը բուսակերներ եղած են, 50-ը՝ «վիկըն»-ներ, իսկ 70-ը՝ հսկուող խումբի անդամներ, եւ կերած են ամէն տեսակի ուտելիք: Բոլորը՝ նշեալ սննդականոններուն հետեւած են աւելի քան մէկ տարի:

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ այն փոքրիկները, որոնք միայն բուսական սնունդ ստացած են, սրտանօթային առողջութեան զգալիօրէն աւելի լաւ ցուցանիշներ ունեցած են (մարմնի զանգուած, արեան մէջ «լիփիտ»-ներու եւ «կլիւքոզ»-ի մակարդակ եւ այլն): Յատկապէս, «վիկըն»-ներու համար սննդականոնը կապուած եղած է արեան մէջ «լայփոփրոթին»-ներու (վատ քոլեսթերոլ) 25 առ հարիւրով ցած մակարդակի հետ, բաղդատելով «մսակերներու» ցուցանիշներու հետ:

Միեւնոյն ժամանակ, գիտնականներու համար անսպասելիօրէն բուսակերներու սննդականոնին հետեւող փոքրիկներու սրտանօթային առողջութեան բնութագիրը մօտիկ եղած է այն փոքրիկներու տուեալներուն հետ, որոնք ամէն տեսակի ուտելիք կերած են: «Վիկըն»-ներու համեմատ, անոնց արեան մէջ անօթի ժամանակ «կլիւքոզ»-ի, ցած խտութեան «լայփոփրոթին»-ներու եւ «թրիկլիսերիտ»-ներու մակարդակը աւելի բարձր եղած է:

Հետազօտութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ «վիկըն» փոքրիկները միջինը 3 սանթիմեթրով աւելի կարճ են, քան այլ տեսակի սնունդ ստացող փոքրիկները: Անոնց մօտ հաւանականութիւնը մեծ է, որ պակսած է B12 վիթամինը, իսկ ոսկորներու հանքանիւթերու պարունակութիւնը 4-6 առ հարիւրով ցած եղած է:

Գիտնականներու խօսքով՝ բուսական սննդականոնին մէջ աւելի քիչ B12 եւ D վիթամիններ կան, ինչպէս նաեւ «քալսիում», եւ այդ կրնայ բացատրել փոքրիկներու զարգացման առանձնայատկութիւնները: Սակայն հետազօտութեան հեղինակները կը կարծեն, որ այդ թերութիւնները կրնան փոխհատուցուիլ սննդային յաւելումներու նպատակայարմար օգտագործման միջոցով:

Ըստ գիտնականներու՝ ներկայիս յայտնի չէ, թէ արդեօք նկարագրուած խնդիրները (վիթամիններու պակաս, ոսկորներու հանքանիւթի ցած խտութիւն եւ կարճ հասակ ունենալ) կը մնա՞ն հասուն տարիքին, եւ արդեօք ատոնք ազդեցութիւն կ՛ունենա՞ն ապագային՝ առողջութեան վրայ: Ատոր համար անհրաժեշտ են յաւելեալ հետազօտութիւններ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ