Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրիգոր Սաթամեան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Կեանքի պատմական մը յղելը հեշտ է, երբ այդ քուկդ է: Սակայն այդ պատմականը, 80 տարիներ ետք,   գրքոյկի մը մէջ ամփոփելու համար կրկին ապրիլը հեշտ չէ: Այս է Գրիգոր Սաթամեանի պատմականը իր թատրոնի հասանելի ճանապարհին, որն ամփոփուած է 140 էջերու մէջ, իր գեղատեսիլ սեւ ու սպիտակ հրատարակութեամբ, գունազարդ կողքով:

Կեանքի արուեստական արահետ մըն է որ թողուց մեզի Գրիգոր Սաթամեանը, արահետ մը որ կը տանի դէպի հայկական թատրոն, բեմ եւ ֆիլմարուեստ, իր ժամանակի խոտոր, դժուարին եւ քարքարուտ ուղիներով, այսօր հասնելու համար իր հեզասահ ու բարձրավանդակ հարթակին:

Գրիգոր Սաթամեան: Դերասանը, բեմադրիչը, թարգմանիչը եւ ղեկավարը, որուն անունով կը պանծայ այսօր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Լոս Անճելըսի թատրոնը:

Հայկական Ցեղասպանութիւնէն ետք, Լիբանանի մէջ ծուարած Հաճընցի ընտանիքէ սերած Գրիգոր Սաթամեան ծնած է Պէյրութի մէջ եւ յաճախած տեղուոյն Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, ուր ծնունդ առած է իր սէրը թատրոնին հանդէպ: Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ չգտնելով իր սիրած թէզը՝ թատրոնը, դիմած է տնտեսական ճիւղի մասնագիտութեան: Չգոհանալով եւ չբաւարարուելով անկէ, իր նախասիրած ճիւղը գտնելու համար ան հասած է Անգլիա, ուր գտած է իր երազանքը, մասնագիտանալով թատրոնի զանազան մասնագիտութեանց մէջ, լռելեայն, խօսուն, արտայայտական, բեմադրական եւ ղեկավարական հմտութիւններով:

Վերադառնալով Լիբանան, Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Զարեհ Նուպար ակումբի բեմերէն ան սկսած է իր  կեանքի թատրոնի ուղին, հասնելու համար մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր մօտ 40 տարիներէ ի վեր վառ պահած է հայ թատրոնը, ի միջանկեալ այլ թատերական աշխատանքներէ:

Սակայն այս երկտողով կարելի չէ եւ նպատակ ալ չ՝ունինք իր կեանքի պատմականը ներկայացնել ձեզի սիրելի ընթերցող: Այդ բոլորը արդէն կը տեսնենք իր «My Theatrical Journey: A Memoir” գիրքին մէջ, իր իսկ լեզուով արտադրուած:

Գիրքին մեկենասն է պրն. Նազարէթ Քեւոնեան:

Գրիգոր Սաթամեանի արհեստավարժ թատերական կեանքի ճանապարհը սկսած է Անգլիական թատերական, ղեկավարի, շարժապատկերի եւ բեմահարթակի մասնագիտութիւններու համալսարանները աւարտելէ եւ Լիբանան վերադարձէն ետք:  Այնուհետեւ ան Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Հայաստանի, Պահրէյնի, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ ունեցած է բեմական ելոյթներ հայ եւ օտար թատրոններու մէջ, կոչուելով «բազմալեզու դերասան», միաժամանակ դասաւանդելով Պէյրութի եւ նոյն ինքն՝ Լոնտոնի իր ուսանած համալսարանին մէջ:

Ընդհանուր հայեացք մը նետելով իր աշխատանքային կեանքի ուղիին վրայ,  Գրիգոր Սաթամեան, ուսանողական տարիներու աւարտումէն ետք, 1965-էն մինչեւ 1976 թուականը, իր  թատրոնի աշխատանքային ժամանակաշրջանին գտնուած է ընդհանրապէս Լիբանանի եւ Եւրոպայի մէջ, մինչեւ Լիբանանի ներքին քաղաքացիական պատերազմի տագնապի օրերը, որմէ ետք հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներ, հիւսիս արեւելեան շրջան, ՀԲԸՄ-ի կեդրոն, ուր ղեկավարած է կեդրոնի արուեստական բաժինը, միաժամանակ նորանոր թատերական կեդրոններ հիմնելով տարբեր քաղաքներու մէջ, դասաւանդելով եւ թատերական ելոյթներ պատրաստելով հանրութեան համար:

Ան վերջնականապէս հաստատուած է Լոս Անճելըս 1988 թուին, շարունակելու համար իր թատերական աշխատանքը, մինչեւ այսօր:

Գրիգոր Սաթամեան ունի բազմաբեղուն աշխատանք 10 շարժապատկերներու, 6 հեռուստատեսիլի ելոյթներու, 11 հնչիւնային ֆիլմերու, 11 Վահրամ Փափազեան, 11 Արտաշատ , 5 Յակոբ Պարոնեան, 1 Երուանդ Օտեան, 1 Ուիլիամ Սարոյեան, 2 Սաթամեան (Պուէնոս Այրէս), 1 Մհեր Մկրտիչեան, 36 Սաթամեան (Լոս Անճելըս) թատերական խումբերու պատրաստութիւններու ղեկավարութեամբ, դերակատար եղած է 16 Վահրամ Փափազեան, 3 Լոնտոնի Հայկական Երիտասարդաց Միութեան, 11 Արտաշատ թատերական խումբի (Նիւ Եորք), 3 Յակոբ Պարոնեան թատերականի (Պոսթըն), 1 Ուիլիամ Սարոյեան թատերականի (Ֆիլատելֆիա), 2 Գրիգոր Սաթամեան թատերականի (Պուէնոս Այրէս), 27 Գրիգոր Սաթամեան թատերականի (Լոս Անճելըս) եւ 2 Մհեր Մկրտիչեան թատերական խումբերու մէջ:

Այս բոլորին հետ միատեղ, ան ունի 30-է աւելի թատերական թարգմանութիւններ, որոնք մաս կազմած են իր թատերական գործունէութեանց մէջ:

Վարձքդ կատար Սիրելի Գրիգոր: Իսկապէս գնահատանքի արժանի երկարամեայ լայնածաւալ արուեստական գործունէութիւն: Թող որ այս բարեկամական սրտաբուխ երկտողն ալ դասուի քու  պետական եւ բարձրաստիճան աղբիւրներէ ստացած գնահատագիրերուդ կողքին:

Քեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յարատեւութիւն:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ