Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Փայլուն Կօշիկներ …

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Կոկոն դասարանին մէջ մեր պզտիկ սեղաններուն վրայ արեւը նոր սկսած էր գալ: Մենք օրիորդ Ազատուհիին կը սպասէինք, որ կէս վայրկեանի համար հեռացած էր մեր քովէն, բայց շուտով պիտի վերադառնար :

Քիչ վերջ անուշ հոտերով ան ներս մտաւ, եւ մինչեւ ծնօտը հասնող երեք խաւաքարտէ տուփեր գրկած, դասարանի մուտքին դիմաց իր սեղանին վրայ զետեղեց :

Օրիորդ Ազատուհին վայելուչ կը հագուէր եւ շատ անուշ հոտեր կը գործածէր: Ես կը սիրէի քալելու իր օրօրուն ձեւը, հագուստին շարժող փէշը, փայլուն կօշիկները եւ երբեմն ինքզինքիս հարց կու տայի թէ ինչո՞ւ մայրս ալ անոր պէս չէր հագուեր…

Պզտիկ էինք, բայց խաւաքարտէ տուփերը տեսնելով, ամէնուս մտքին մէջ վայրկեանին նոյն հարցումը ծագեցաւ :

– ի՞նչ կար այդ տուփերուն մէջ…

– Օրիորդը ինչո՞ւ դասարանէն հեռացած,ու վերադարձին հետը բերած էր այդ տուփերը :

Բոլորս հետաքրքրուած էինք, բայց չէինք համարձակեր հարցումներ ընել մեր ուսուցչուհիին :

Օրիորդը առաւօտները ամէն բանէ առաջ, մեր եղունգներու եւ ականջներու մաքրութիւնը քննութենէ կ’անցնէր :

– Բայց այդ սեղանին վրայի երեք տուփե՞րը …

Ես ուրիշներու պէս, կարծելով որ տուփերուն մէջ խաղալիքներ կան եւ մենք եղունգներու քննութեան փոխարէն, օրը անոնց հետ խաղալով պիտի սկսէինք, ուրախացայ :

Բայց օրիորդ Ազատուհին, տուփերուն առջեւ ձեռքը քունքերուն տարաւ ու յանկարծ կարեւոր բան մը յիշածի պէս,

– Ձեռքերը սեղաններուն վրայ արա՛գ ,- հրամայեց

Անմիջապէս հնազանդեցանք եւ բոլորս մեր տասը մատիկները երկու վար դարձած ափերով, սեղաններուն վրայ դրինք :

Քննութիւնը սկսաւ ծայրի սեղանէն :

Լայն երեսով օրիորդ Ազատուհին քննեց Սեդրակին ականջները, եղունգները, յետոյ անցաւ Սաթենիկին, յետոյ անոր քովինին, եւ երթալով մօտեցաւ ինծի: Յանկարծ յիշեցի որ հակառակ նախորդ երկու օրերու իր պատուէրին եղունգներս դեռ երկար էին…

Մտահոգուեցայ: Գիտէի որ օրիորդը պիտի բարկանար :

Իսկ ես չէի ուզեր որ ան բարկանար:

– Բայց ի՞նչ ընէի…

Յուսահատօրէն փորձեցի ճար մը խորհիլ, բայց ուշ էր :

Օրիորդը ծռեցաւ, քննեց ականջներս, յետոյ եղունգներս, եւ մտածածիս պէս բարկացաւ : Չեմ յիշեր ի՛նչ ըսաւ բայց սրտիս մէջ կաթիլ մը արցունք տաք բանի մը վրայ ինկաւ ու

– Թ՛շշշշ…..ըրաւ

Ես կը սիրէի օրիորդ Ազատուհին եւ իր եղունգներուն կարմիր գինիի գոյնը :

Կը սիրէի մանաւանդ գործածած անուշ բոյրը, եւ կ’ուզէի որ անոր չափ ալ անուշ խօսէր հետս: Նեղուեցայ, թուքս դժուար կլլեցի, բայց խոստացայ յաջորդ օրը անպայման եղունգներս կտրած դպրոց վերադառնալ :

Տարին խոշոր քայլերով, կը պատրաստուէր Կոկոնէն Ծաղիկ դասարան ցատկել : Մենք տարեվերջի հանդէսին պատրաստութիւններ պէտք էինք տեսնել …

Օրիորդը բացաւ տուփերէն մէկը, ու եզերքները ծականշուած, զանգակներու ձեւով կտրուած ճերմակ խաւաքարտեր հանեց մէջէն :

Յետոյ անոնցմէ երկուքական, կարմիր դերձանի, ասեղի, եւ գունաւոր մատիտներու հետ բաժնեց ամէնուս, եւ բացատրեց թէ ճերմակ խաւաքարտէ զանգակները պէտք է իրար միացուէին, եւ եզերքի ծականշուած մասերէն ասեղով եւ կարմիր դերձանով կարուէին :

Անկէ վերջ երկու խաւաքարտերը առնելով, ցոյց տուաւ բացատրածը :

Մեզմէ շատեր անմիջապէս գործի անցան: Ուրիշներ դեռ չսկսած`կասկածի մէջ բռնուած կեցան :

Օրիորդ Ազատուհին կարգով անցաւ սեղաններէն, եւ օգնեց պէտք ունեցողներուն : Չորս շաբաթ վերջ, զանգակները իրարու միացուած եւ կարուած վիճակի մէջ պատրաստ էին: Յետոյ մէջտեղի մասին վրայ գծուած տերեւները եւ պտուղները կանանչ ու կարմիր ներկեցինք, եւ օր մը երբ գործերը վերջացան, օրիորդ Ազատուհին հաւաքեց զանգակները, անոնց վրայ մեր անունները գրեց, ու տուփերու մէջ հետը դասարանէն դուրս տարաւ :

Հասաւ տարեվերջի հանդէսին օրը: Ես շատոնց մոռցած էի ձեռային աշխատանքի դասին պատրաստած մեր զանգակները :

Բոժոժներով եւ նուագի ուրիշ գործիքներով երգեր երգեցինք, եւ քանի մը կարճ ոտանաւորներ արտասանեցինք :

Անկէ վերջ ճիշտ չեմ յիշեր ի՛նչ ըրինք, բայց հանդէսի վերջաւորութեան օրիորդ Ազատուհին եւ տիկին Նուրիկեանը, տոպրակներու մէջ խաղալիքներ եւ մեր կարած զանգակները բաժնեցին :

Տունը երբ մայրս տոպրակը բացաւ, տեսայ որ խաւաքարտէ զանգակին վարի մասին վրայ, օրեր եւ թուականներ ցոյց տուող տրցակ մը հաստ թուղթեր փակցուած էին :

Վայրկենական հասկցայ որ ձեռային աշխատանքի պահերուն մենք կաղանդի նուէրներ պատրաստած էինք մեր տուներուն համար :

Մայրս շատ ուրախացաւ: Փաթթուեցաւ ինծի, համբուրեց եւ օրացոյցը պատէն կախեց: Անոր առաջին էջը նոր տարուայ Յունուար երկուքի առաւօտեան վերցուց վրայէն, եւ անկէ վերջ թուականներու թուղթէ տրցակը ամէն օր պակսեցաւ եւ բարակցաւ…:

Մայրս չէր սիրեր խօսիլ իր զգացումներուն մասին :

Բայց օրացոյցին վերջին թուղթերը չփրցուց, եւ ինձմէ յիշատակ ստացած զանգակը , վերջին դեղնած թուղթերով քանի մը տարի պատէն կախուած պահեց :

Ես դեռ պզտիկ էի, եւ ուրիշ նուէր չէի կրնար տալ, բայց եթէ կրնայի, պիտի ուզէի օրացոյցին տեղ անուշահոտ շատ սրուակներ, ու օրիորդ Ազատուհիին կօշիկներուն չափ փայլուն կաշիէ կօշիկներ տուած ըլլալ մօրս….

Քամփինաս, Պրազիլ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ