Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերջին Խօսք

Սոյն բանստեղծութիւնը կեանքի վերջին պահերու պատգամ մըն է 14 տարեկան պարմանուհիի մը կողմէ ուղղուած մարդկութեան, որ ունէր միայն 6 ամսուան ապրելու կեանք, քաղցկեղի անողոք հիւանդութեան պատճառով:

Բանաստեղծութիւնը կը պատկանի Տէյվիտ Ուէտըրֆօրտին:

 «Բնաւ դիտա՞ծ էք երեխաները
 պտտուող կարուսելին վրայ:
 Կամ՝ լսա՞ծ էք անձրեւի կաթիլներուն
 գետնի հարուածներու ձայնը:
 Բնաւ հետեւա՞ծ էք թիթեռի մը մոլորական թռիչքին,
 Կամ յառնա՞ծ արեւուն մայրամուտին,
 գիշերուան մթնշաղին մէջ:
 Աւելի լաւ է հանդարտ, այդքան արագ մի պարեր,
 Կարճ է ժամանակը, երաժշտութիւնը պիտի չյարատեւէ:

 Իւրաքանչիւր օր վազքո՞վ կ՝անցկացնես թռիչքի նման:
 Երբ հարց կու տաս ինչպէ՞ս ես,կը լսե՞ս պատասխան:
 Երբ օրդ կ՝աւարտի, անկողնիդ վրայ կը պառկի՞ս
 յաջորդ հարիւր ծրագիրներ գլխիդ մէջ պտոյտ գալով:
 Աւելի լաւ է հանդարտ, այդքան արագ մի պարեր,
 Կարճ է ժամանակը, երաժշտութիւնը պիտի չյարատեւէ:

 Բնաւ ըսա՞ծ ես երեխայիդ վա՛ղը կ՝ընենք,
 Եւ հապճէպիդ մէջ անոր տրտմունքը չտեսած:
 Բնաւ կապ մը, բարեկամութիւն մը կորսնցուցա՞ծ ես,
 Որովհետեւ ժամանակ չես ունեցած կանչելու, բարեւ մը ըսելու:
 Աւելի լաւ է հանդարտ, այդքան արագ մի պարեր,
 Կարճ է ժամանակը, երաժշտութիւնը պիտի չյարատեւէ:

 Երբ այնքան արագ կը վազես տեղ հասնելու,
 կը կորսնցնես տեղ հասնելու հաճոյքը:
 Երբ մտահոգ կ՝աճապարես օրն ի բուն,
 չբացուած նուէր մը մէկդի նետելու է նման:
 Կեանքը մրցոյթ մը չէ՛, դանդաղի՜ր:
 Երաժշտութեան մտիկ տուր նախքան երգին աւարտը: 

Համադրեց՝

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ