Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Անկախութիւնը Սոսկ Վերացական Գաղափա՞ր Մըն Է, Թէ Ազգային Արժէք

Մի քանի օրէն պիտի նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-րդ տարեդարձը։

Այս օրերուն հայերը կ’ապրին իրարամերժ զգացումներ:  Մէկ կողմէն անկախութեան գաղափարը, անոր կարեւորութիւնը, 30-րդ տարեդարձը տօնելու ուրախութիւնը եւ միւս կողմէն անկախութեան անկայուն վիճակը, պատերազմի կորուստներու հետեւանքը եւ հոսող վէրքերը զիրար խառնուած ճնշող հոգեվիճակի մատնած են շատ շատերուն։

Ինչպէ՞ս կարելի է ուրախանալ սուգ ունեցող երկրի մը մէջ։ Բայց եւ ինչպէ՞ս կարելի է չուրախանալ այն իրականութեամբ, որուն համար, եւ որուն շուրջ ազգային գաղափարներ կը կառուցուին ու ազգային արժէքներ կը ձեւաւորուին:

Անկախութիւնը ծառի մը պտուղն է, որ դարեր շարունակ անհասանելի էր մեզի համար եւ հազարամեակներ ալ՝ այլ ազգերու համար:  Այսօր մենք անկախութիւն ունինք։ Բայց ինչպիսի՞ն է այն։  Արդեօ՞ք մենք այն ճիշդ ձեւով կը մատուցենք մատղաշ սերունդին, նոր սերունդին, որ վաղուան Հայաստանի տէրն է, թէ այն կ’ընդունուի որպէս լռելեան իրողութիւն, որուն համար ջանք թափելը արդէն անիմաստ է: 

Կը կարծեմ աւելորդ չէ խօսիլ այն մասին, որ «անկախութիւն» կոչուող երեւոյթը պողպատեայ չէ։ Այն կայուն չէ. չափազանց փխրուն է։ Ընդ որում տարբերութիւն չունի այն, թէ բո՞ւռ մը Հայաստանի մասին կը խօսինք, թէ՛ արեւմուտքի որեւէ մեծ երկրի մը, կա՛մ արեւելքի հզօր որեւէ պետութեան մը մասին։ Միշտ զօրաւորէն աւելի զօրաւորը կը գտնուի, յաւակնոտէն աւելի յաւակնոտը, հզօրէն աւելի հզօրը:  Պատմա-քաղաքական շրջապտոյտին անիւը միշտ նոյն կողմը կը պտտուի՝ ժամանակ առ ժամանակ նոյն իրողութիւններու առջեւ կանգնելով՝  սակայն տարբեր դերակատարներով եւ տարբեր տաղաւարներու մէջ։

Անկախութիւնը երեւոյթ մըն է, որ պահպանելու համար անհրաժեշտ են գերմարդկային ջանքեր ։ Անհրաժեշտ է գերմարդկային ճիգ: Անկախութիւնը գիրքերու մէջ օգտագործուած վերացական իմաստով բառ մը չէ, ան իւրաքանչիւրի համար պէտք է ազգային անքակտելի արժէք ըլլայ: Իսկ մեր՝ հայերուս պարագային, պէտք է մօր կաթի հետ ներծծուի մեր գիտակցութեան մէջ: Պէտք է որ  անոր վրայ դողանք, այն պահելու համար ջանք  չխնայենք ու հասկնանք, որ անկախ պետութիւն ըլլալը շռայլութիւն է, ու ամէն մէկը կրնայ ունենալ։

Անկախութիւնը ազգային արժէքներու մէջ կարեւորագոյններէն է։ Այս գիտակցութիւնը պէտք է ծնի անձի հետ եւ ապրի իր հետ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:  

Այս արժէքին շնորհիւ է որ  Նժդեհ , Անդրանիկ ու Մոնթէներ կը ծնին:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ