Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Դպրեվանքին. Երախտագէտ Հոգեւորականին Պարտքը

               Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Յուլիս  4, 2021,  67-րդ  տարեդարձն էր մեր ձեռնադրութեան Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ ձեռամբ Վերատեսուչ Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանի որ նոյն օր օծեց ճակատները երեք Դպրեվանքեան շրջանաւարտներու զանոնք կոչելով Հայր Գէորգ, Հայր Ներսեհ, եւ Հայր Զաւէն։ Կիլիկեան Անթիլիասի Դպրեվանքին կը ձօնեմ ներկայ երախտագէտ գրութիւնը:   

Նշանակալից Հանգրուան

Յետեղեռնեան Հայ Եկեղեցւոյ վերակառուցման նուիրական աշխատանքին մէջ մեծ դեր վերապահուած էր Սիսէն աքսորեալ եւ Լիբանանի Անթիլիասի աւանին մէջ վերականգնած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, որուն  1954  թուի շնորհապարտ շրջանաւարտ-ներէն մին ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցայ։

Ծերունազարդ Տ.Տ. Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոսի  աննկուն կամքին ու հեռատեսութեան շնորհիւ իրեն լծակից նշանակեց զոյգ մը Արմաշական ընտիր նուիրեալներ՝ Տ.Տ. Բաբգէն Ա Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսն ու Շահէ Ծ. Վարդապետ Գասպարեանը, որոնց միացաւ արդէն իսկ միաբանակից Արմաշական Փառէն Ծ. Վարդապետ Մելքոնեան իբրեւ դասախօս։ Բաբգէն Ա Աթոռակից Կաթողիկոսը, հոգեւոր ուսման ու Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան նկատմամբ խղճամիտ եւ խորիմաց Հայրապետը, իսկոյն հրաւիրելով Արմաշի իր աշակերտներէն Շահէ Ծ. Վարդապետը, Անթիլիասի մէջ իր ձեռամբ եպիսկոպոսական աստիճան կը շնորհէր ու կը կարգէր զինք առաջին Վերատեսուչը նորաբաց Դպրեվանքին՝ հինգ տարուան շրջանի համար։

Տեսչութիւն եւ Ձեռնադրութիւնք

Թուականն էր 1930 երբ ուսանողներ, գլխաւորաբար Հալէպէն, ինչպէս Բաբգէն Կաթողիկոս թելադրեր էր Շահէ Ծ. Վարդապետին, հասան Անթիլիաս եւ առաջին շրջանի հինգամեայ ուսանողութեան աւարտին Տ. Տ. Սահակ եւ Բաբգէն Կաթողիկոսներու շուքին ներքեւ,Դպրեվանքի Վերատեսուչ Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան 1935 թուին կը  ձեռնադրէր առաջին զոյգ հոգեւորականները զանոնք կոչելով Տէր Զարեհ Փայասլեան եւ Տէր Դերենիկ  Փոլատեան  աբեղաներ։ Անոնք իսկոյն Բաբգէն Կաթողիկոսէն ստացան  վարդապետական իշխանութեան աստիճանները ու մեկնեցան բարձրագոյն  ուսման,  առաջինը  Պելճիգա  եւ երկրորդը Միացեալ Նահանգներ։ Յետագային Զարեհ Եպիսկոպոս պիտի դառնար Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ, եւ Դերենիկ Եպիսկոպոս՝ Վերատեսուչ Դպրեվանքի։  Իր տեսչական պաշտօնի լրումին Շահէ  Արքեպիսկոպոս պիտի վերադառնար Միացեալ Նահանգներ ուր հովուական  կարեւոր վաստակ թողած էր երկար տարիներ։

Շահէ Արքեպիսկոպոսի կեանքը սակայն յանկարծակի կ՛ընդհատուէր երբ Մայր  Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնելով Տ.Տ. Խորէն Ա Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոսէն պիտի ստանար կանոնական արտօնութիւն որպէս Կիլիկեան  Աթոռի եպիսկոպոս ծառայելու Միացեալ Նահանգաց թեմէն ներս։ Խոր ցաւ  պատճառեց սակայն իր անակնկալ վախճանումը ծերունազարդ Տ.Տ. Սահակ  Խապայեան Կաթողիկոսին եւ իր Աթոռակից Տ.Տ. Բաբգէն Կիւլէսէրեան  Վեհափառ Հայրապետին Երեւանի պանդոկին մէջ իր յանկարծական մահուամբ։  Հանգուցեալ Սրբազանը տակաւին 53 տարեկան կը հանգչէր Մայր Աթոռի  միաբանից գերեզմանատան մէջ։ Առաջին այցելութեանս ի Մայր Աթոռ 1958  թուին հոգւոց մը արտասանեցի հանգուցեալ Շահէ Սրբազան Հօր շիրիմին առջեւ։

Դպրեվանքին հիմը դրուած էր արդէն եւ սակայն հոգեւորական դառնալու  թեկնածուներ համարեայ չկային։ Յաջորդող հնգամեակին Դպրեվանքի  վերատեսչութեան հրաւիրուեցաւ Երուսաղէմի գիտնական վարդապետներէն  Տ. Նորայր Վարդապետ Պողարեան, յայտնի ձեռագրագէտ միաբանը Երուսաղէմի որ յետագային եպիսկոպոսութեան պիտի բարձրանար։ Նորայր Վարդապետի  տեսչութեան ներքեւ աւելի զարկ տրուեցաւ Դպրեվանքի ուսանողութեան, եւ  երկու տարի ետք երեք ձեռնադրութիւններ եւս կատարուեցան ձեռամբ  Կաթողիկոսական Փոխանորդ եւ ապա Տ Տ. Պետրոս Ա Սարաճեան Կաթողիկոսի։ Տարի մը առաջ Աթոռը կորսնցուցած էր դժբախտաբար արթուն եւ գործունեայ  Հովուապետը՝ Աթոռակից Բաբգէն Ա Կաթողիկոսը խոր սուգի մատնելով Սահակ  Բ Կաթողիկոսն ու Կիլիկեան Աթոռը։ Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոս վախճանեցաւ 1939-ին, որուն կը յաջորդէր Տ.Տ. Պետրոս Ա Սարաճեան Կաթողիկոսը։

Իր տեսչական պաշտօնի հինգամեայ լրումին Նորայր Վարդապետ Պողարեան կը վերադառնար Երուսաղէմ եւ իրեն կը յաջորդէր դարձեալ Երուսաղէմի նուիրեալ  միաբան Տ. Շնորհք Վարդապետ Գալուստեան, յետագային Պատրիարք Կ. Պոլսոյ Աթոռին։ Իր ժամանումէն տարի մը ետք քահանայական կարգ ու վեղար կը ստանար Դպրեվանքի շրջանաւարտ սան մը եւս՝ ձեռամբ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Կարոյեանի։ Քառասունական թուական-ներուն Շնորհք Վարդապետ իր բարւոք պաշտօնավարութեան աւարտին չորս ընծայացուներ եւս կը հասցնէր,  որոնք սարկաւագ ձեռնադրուած էին Եղիշէ Արքեպիսկոպոսէն։ 1947-ին երեքը քահանայական ձեռնադրութիւն ու վեղար կը ստանային ձեռամբ նորապսակ  Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանի, եւ մին տարի մը ետք՝ ձեռամբ Խադ  Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի։ Դերենիկ Եպիսկոպոս  Ամերիկայէն վերադարձին Վեհափառ Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց գիտնական Կաթողիկոսէն Դպրեվանքի տեսուչ կը կարգուէր յաջորդելով Շնորհք Վարդապետ Գալուստեանին։

Գարեգին Ա Յովսէփեան Կաթողիկոս

Գարեգին Ա մեծանուն Հայրապետի շրջանին հիմնապէս փայլեցաւ Կիլիկիոյ Աթոռին Դպրեվանքը ուսանողութեան մեծ թիւով ու որակով, ինչպէս նաեւ  Հայրապետական կարգադրութեամբ հաստատելով Դպրեվանքի Քահանայից  յատnւկ երկամեայ դասընթացքը։ Հայրապետին փափաքով Դպրեվանքը  իսկական, Շկոլայեի կը վերածուէր, իր իսկ բացատրութեամբ։

Գարեգին Հայրապետի գահակալութեան տասնամեակին 1943-1952 Դպրեվանքի  հունձքը ակնառու եղաւ, նաեւ անկէ ետք, մերօրեայ տարիներուն, որմէ ետք  անմնացորդ ճիգով եւ եռանդով սերունդներ պատրաստուեցան յաջորդող  Վեհափառ Գահակալներու շրջանին, մինչեւ այսօր։ Դպրեվանքը յիրաւի իր  առաքելութիւնը կատարեց ու կը շարունակէ կատարել յաջողութեամբ եւ  պատուով, նկատի ունենալով հետեւեալ դասաւանդութեանց ճիւղերն ու  մանաւանդ ուսուցչապետները որոնք խղճամիտ կերպով ուսուցին ու Հայ  Եկեղեցւոյ ծառայութեան յանձնեցին հոյլ մը հոգեւորականներ, Կիլիկեան չորս  Կաթողիկոսներ՝ Տ.Տ. Զարեհ Ա, Խորէն Ա, Գարեգին Բ, եւ Արամ Ա, թեմակալ  եպիսկոպոսներ եւ հոգեւոր սպասաւորներ  արտասահմանի թեմերուն համար։

Դասաւանդութիւնք եւ Դասախօսք

Երախտագիտութեամբ կ՛ուզեմ անդրադառնալ մերօրեայ դասախօսներուն ու  անոնց դասաւանդած ճիւղերուն շատ հակիրճ կերպով՝ գլխաւորութեամբ  Դպրեվանքի Ուսումնապետ Տիար Բիւզանդ Եղիայեանի որուն ձեռքին տակ  1930-էն սկսեալ ուսանեցան անդրանիկ սաները՝ ընդ տեսչութեամբ Շահէ  Արքեպիսկոպոս Գասպարեանի։ Պրն Եղիայեանի աշակերտեցան վերոյիշեալ  առաջին ու մինչեւ մեր օրերու ուսանողները անխտիր, մի քանի սերունդներ, կաթողիկոսներն ու եպիսկոպոսները, վարդապետներն ու քահանաները։  Ուսումնապետի ներկայութիւնը բարձրագոյն երաշխիքն էր Դպրեվանքի  ուսումնառութեան որակին որուն հսկողն ու հետեւողը եղաւ ինք ընդմիշտ իր  համեստ, գիտուն եւ հայրախնամ հոգատարութեամբ։

Դպրեվանքի Վերատեսչութեան ամենէն փայլուն տասնամեակը (1946-1956) Դերենիկ Եպիսկոպոս  արժեւորեց իր ուսեալ եւ  ուշադիր պաշտօնավարութեան ընթացքին՝ յատկապէս Վեհափառ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի եւ  Տեղապահ Խադ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի տարիներուն, միշտ հետեւելով իրուսուցչապետին Բիւզանդ Եղիայեանի թելադրանքներուն: Իր ձեռնասուն  միաբանները եղան 12 հոգեւորականներ, կրտսերագոյնը՝ տողերս գրողը։   Յաջորդ երկուքը՝ ձեռամբ Խադ Արքեպիսկոպոսի: Դերենիկ Եպիսկոպոս ձեռնադրած է նաեւ շարք մը ամուսնացեալ քահանաներ որոնք շրջանաւարտ եղան իր տեսչութեան տարիներուն։ Յանուն Գարեգին Ա Հայրապետին Դպրեվանքի տեսուչ Դերենիկ Սրբազան յաճախակի Ամերիկա կը ճամբորդէր Դպրեվանքին համար հանգանակութիւններ կատարելու եւ յաջողութեամբ կը  պսակէր իր այդ օժանդակութիւնը։

Մերօրեայ Դասախօսները

Դերենիկ Սրբազանը  կը  դասաւանդէր  Տեսական  եւ  Հովուական Աստուածաբանութիւն եւ ծիսագիտութիւն,  յստակօրէն ներկայացնելով  իր նիւթը։ Յետագային երբ կը կարդայի դասախօսութեանց իմ գրի առածները  կը նկատէի թէ որքան հասկնալի դարձուցած էր խրթին աստուածաբանական  տուեալները ամերիկեան իր սորված նոյնիսկ ոչ-ուղղափառ  տեսակէտները պարզելով։ Սրբազանին յարացոյցն էր,  եւ այս իր գործածած  եւ սիրած բառն էր որպէս  «օրինակ»  Մաղաքիա Պատրիարք  Օրմանեան  եւ իր  հսկայական գրականութիւնը։  Իր առաջնակարգ իմացականութիւնը Օրմանեանն էր։

Դասախօսներու կարգին պատիւն ու բախտը ունէինք շարականագէտ Գնէլ Ծ.  Վարդապետ Ճէրէճեանը, յետագային արքեպիսկոպոս, որուն մեզի սորվեցուցած շարականները իրենց յետին մանրամասնութեամբ տակաւին կը մնան իմ  գործնական յիշողութեան մէջ։ Նաեւ մեծանուն երաժշտագէտ երգահան  Համբարձում Պէրպէրեան որ մեզի կը դասաւանդէր դասական երաժշտութիւն, եւ յոբելինական առիթով մըն ալ 1951-ին  երբ  երաժշտութեան  վերածեց, Վարդանանց Գանթաթանե, հոյակապ ստեղծագործութիւն  մը  ինքնին, փափաքովը Գարեգին ԱՄեծանուն Հայրապետին Վարդանանց 1500-ամեակին առիթով`ուսանողներէս ոմանց մասնակցութեամբ։ Ներուի ինծի ըսելու որ մինչեւայսօր իմ սիրած, յիշած ու անգիր երգած երաժշտութիւնն է Վարդանանց յիշեալ  երաժշտութիւնը՝ Վահան Թէքէեանի բառերով։

Իմաստասիրութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերաբանութեան մեծանուն  դասախօսն էր դարու յայտնի ուսուցչապետ Շահան Պէրպէրեան որմէ ստացանք իսկապէս բացառիկ գիտութիւն, նախ չհասկնալով եւ ապա ըմբռնելով թէ ի՛նչ  գիտութիւն վերապահուած էր մարդկային հոգեկան եւ ընկերային լինելութեան  կալուածէններս։ Դասարան կուգար ոչ մէկ թուղթ ձեռքին ու կը դասախօսէր  հոյակապ եւ գերզգայուն շունչով։

Սիմոն Սիմոնեան գրաբար լեզուի եւ հայ մատենագրութեան վարպետը, խանդավառ եւ բազմահմուտ գիտութեամբ։ Անցեալի ու ներկայի գիրքերն ու հեղինակներըմիշտ իր շրթներուն՝ անգիր ու մտովի կը փոխանցէր մեզի լիաբուռն իր թաւ  ձայնով ու գոհունակ սրտով։ Իրմէ ինծի փոխանցուած հայ հին  մատենագրութեան եռանդը պատճառ եղաւ իմ յետագայի երկու հայ Ղեւոնդ եւ  Ուխտանէս պատմիչներու առաջին անգլերէն թարգմանութեան։ Պրն. Սիմոնեան զարմացաւ երբ Ամերիկա այցելութեան ընթացքին իրեն մատուցի Ղեւոնդ Պատմիչի հրատարակեալ թարգմանութիւնը՝ նօթագրութիւններով։ Իրեն ի պատիւ տրուած երեկոյթին ուսուցիչ Սիմոնեան պիտի դրուատէր իր աշակերտին գործը զայն  ներկայացնելով ներկայ հասարակութեան։

 Սոյն գրութեամբ իմ երախտիքը կը յայտնեմ  պատկառելի  հաստատութեան՝  Անթիլիասի Դպրեվանքին։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ