Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենիքս 27 Սեպտեմբեր 2020-էն Ետք

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Այնքա՜ն ուրախ, այնքա՜ն զուարթ եւ անհոգ օրեր էին մեզ համար երբ հայրենիք այցելեցինք 2018-ին, խումբ մը բարեկամներով: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը տակաւին մի քանի ամսուան կեանք ունէր, բայց արդիւնքը նշմարելի էր արդէն մեր նախկին այցելութիւններուն հետ բաղդատելով: Մօտ 21 օր վայելեցինք հայրենիքին մեզի հրամցուցած բարիքները, պտոյտներով, ճաշարաններով եւ ընկերային շրջանակներու այցելութիւններով:

Ու այդպէս ոգեւորուած անհուն հրճուանքով լիացած վերադարձանք մեր երկիրները, մօտ երկու տարի որոճալու համար այդ հոգեկան ուրախութիւնը:

Վրայ հասաւ 27 Սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմը: Իսկապէս որ անակնկալ մը: Որո՞ւ մտքէն կ՝անցնէր թէ Ատրպէյճանը քանի քանի անգամներ պատերազմներու եւ մարտերու մէջ պարտուելէ ետք, տակաւին պիտի համարձակէր կրկին անգամ յարձակիլ Հայաստանի վրայ: Բայց արդէն իրականութիւն էր եւ օրն ի բուն հեռուստատեսիլին առջեւ քամուած կը հետեւէինք  «յաղթելու ենք» լուրերուն, այն յոյսով որ Ատրպէյճանին փախուստը կրկին պիտի տեսնէինք պոչը ոտքերուն մէջ ոլորած եւ գլխիկոր: Ու կը սպասէինք լուրերուն որ կ՝ուշանար, վերջապէս լսելու թէ հայ բանակը պարտուած էր ու Ռուսիոյ միջնորդութեամբ զինադադար հռչակուած: Աշխարհն ամբողջ մէկ եղած Հայաստանի դէմ ելած էին կարծես: Ո՛չ մէկ երկիր օգնութեան ձեռք երկարեց Հայաստանի պատերազմին ժամանակ, իսկ հիմա բազմացած են անոնք, արեւմուտքէն սկսեալ մինչեւ արեւելք: Բայց անհաւատալի էր այդ բոլորը երբ մենք քաջ գիտէինք մեր բանակի կարողութիւնն ու սխրագործութիւնները: Ո՞վ լքեց պատերազմի դաշտ, ո՞վ հրահանգեց յանձնել այս կամ այն շրջանը (արիւնահեղութեամբ կամ ոչ), ո՞վ պարտադրեց զինադադար, ո՞վ պարտադրեց համաձայնագիր: Պատմութիւնը վկայ է այդ բոլորին եւ անպայմանօրէն ջրի երես պիտի գան թաքուն ծալքերը:  

Շատ խօսած էինք այս մասին:

Բայց այդ բոլորը թշնամիէն ու օտարէն եկաւ: Հապա ի՞նչ կարելի է ըսել նոյն ինքն «մեզմէ» եկածին մասին:

Նուաստացուցիչ եւ պարտադիր զինադադարի համաձայնութեան կնքումէն ետք, հայրենիքի ղեկավարներուն սթափումի առիթ չ՝ընծայելու արագութեամբ, համայն հայրենիքի տարածքին եւ սփիւռքի մէջ, մեր «փիլիսոփաներու», «քննադատներու», «մեկնաբաններու» եւ հաղորդավարներու հոյլը բազմացաւ հազարաւոր քննադատութիւններով, թելադրութիւններով եւ առաջարկներով: Բայց ո՞ւր էին անոնք պատերազմէն առաջ կամ ընթացքին, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն նոյն ընթացքը: Հայրենիքի վէրքը բաւարար չէ՞ արդեօք, մանաւանդ՝ անոր 30-րդ անկախութեան տարեդարձին առիթով, ուր Հայրենի պետութիւնը վարանած կը միտի տօնե՞լ թէ չտօնել Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնները այս տարի, տուեալ պարագաներուն մէջ: Հայրենի իշխանութեան ընդդիմադիր ճակատներ քննադատութեան

կ՝ ենթարկեն կառավարութիւնը, պետութեան 30-ամեակի անկախութեան պատշաճ պատրաստութեան համար, օրուան հրամայականը նկատի ունենալով,  նկատի առնելով պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը: Մինչդեռ իրենք այլ առիթներով կը տօնեն խնճոյքներ ու հաւաքներ իրենց իրագործած  «յաղթանակներուն» ի պատիւ: Ուրեմն՝ անտեսե՞լ հայրենիքին 30-ամեայ անկախութիւնը, զիրենք «գոհ պահելու սիրոյն:

Այժմ ունինք մօտ 20-25 հայկական հեռուստատեսիլի կայաններ, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, առաւել եւս տասնեակէ աւելի ռատիոկայաններ, որոնց լրատուական տեղեկատուութիւնները լրիւ չեն համապատասխաներ մէկը միւսին: Իւրաքանչիւրը նոյն լուրը կը հաղորդէ իր մեկնաբանութեամբ: Բայց չէ՞ որ լուրը լուր է եւ կը հաղորդուի ըստ աղբիւրին հայթայթած անփոփոխ պարունակութեամբ: Ո՞ւր մնացին անաղարտ լրատուութիւնները:

Շփոթ կարգավիճակ ստեղծելո՞ւ համար է արդեօք այդ բոլորը:

Հայրենիքէն հասած վերջին լուրերուն հետեւելով, կ՝ապրինք վրդով պահեր ապագային առումով:

Արտաքին երեւոյթի պատահարներ անպայման չեն նշանակեր ներքին իրականութիւններ եւ մենք այսօր, տակաւին կը սպասենք այդ բոլորին յստակացման: Մինչ այդ, կը նշմարենք հայրենի ղեկավարներու փութացած վազքը մէկ երկրէն միւսը, ղեկավարութեան մէջ փոփոխութիւններ, նորանոր նշանակումներ, հազար ու մէկ տարաձայնութիւններ հայրենիքի սահմաններուն, Սիւնիքի, Գորիսի, Կապանի, Իրանի խողովակաշարերու, միջազգային ճանապարհներու, Միացեալ Նահանգներու դեսպանի եւ այլ երկիրներու դեսպաններու յայտարարութիւններ ու տեղեկութիւններ, որոնք գլխապտոյտ արագութեամբ կ՝ընթանան մեր առաջ առանց կարենալ որեւէ յստակ լուծումի հանգելու:

Վերջ ի վերջոյ, պիտի կարենա՞նք հասնիլ հարազատ եւ իրական իրողութեան մը, եթէ իսկապէ՛ս մեր մէջ տակաւին կայ հայրենասիրական ոգի:

Հայրենիքի անկախութիւնը պէտք է վեր դասել որեւէ խծբծանքէ եւ ի պատշաճին տօնել անոր անկախութիւնը առկախ որեւէ այլ մտմտանքէ:

Տօներդ շնորհաւոր Հայաստան եւ Արցախ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ