Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակը

«Հայկական Գաղափարախօսութիւն»

Դասախօս ճարտարագէտ՝ ԸՆԿ. ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2021-ին երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Լոս Անճելըսի Վրէժ Աղաճանեան հեռատեսիլի 384 կայանէն, տեղի պիտի ունենայ հրապարակային դասախօսութիւն մը, նուիրուած «Հայկական Գաղափարախօսութիւն» նիւթին։

Այս տարի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան հարիւր ամեակն է։ Այս ուրախ առիթով, կուսակցութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի ղեկավարութիւնը ծրագրած էր զանազան ձեռնարկներ։

Առաջինն է հրապարակային դասախօսութիւն մը նուիրուած տարիներ շարունակ ՌԱԿ-ի դաւանած համոզումն է, որ ամփոփուած են ՌԱԿ վեթերան Ընկ. Յակոբ Նազարեանի կողմէ, որ պիտի ներկայացնէ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2021-ին երեկոյեան 384 հեռատեսիլի  կայանէն։

Երկրորդը դարձեալ հեռատեսիլի կայանէն պիտի տրամադրուի ՌԱԿ-ի հարիւր ամեակի կեանքին պատառիկներ տեսահոլովակի միջոցաւ։

Երրորդը՝ հրատարակել Ողբ. Արա Ահարոնեանի կողմէ կուսակցութեան երախտաւորներուն նուիրուած մեծածաւալ հատորը, լոյս պիտի տեսնէ Շրջանակի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ նիւթականով։

Չորրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Կիրակոս սրահին մէջ ժողովրդային ձեռնարկը, բայց այս ձեռնարկը որ տեղի պիտի ունենար Հոկտեմբեր 24-ին չեղեալ եղաւ պսակաձեւ մահաբեր ժահրի վերաշխուժացման պատճառաւ։

«Հայկական Գաղափարախօսութիւն» նիւթը դասախօս՝ Ընկ. Յակոբ Նազարեան, որպէս ճարտարագէտ եւ հասարակական գործիչ, ԱՄՆ-ի տեղական եւ ազգային կեանքին մէջ։ Ան ծնած է Հալէպ (Սուրիա), յաճախած է Հալէպի ֆրանսական եւ հայկական դպրոցները։ 1957-ին ԱՄՆ կը փոխադրուի եւ կ՚ուսանի Ինտիանա նահանգի համալսարանին մէջ, կ՚աւարտէ ճարտարագիտական ճիւղը B.S. վկայականով, 1961 այս անգամ Սինսինաթի նահանգի համալսարանէն կը վկայուի Master կոչումով, քաղաքային ճարտարագիտութեան մէջ մասնագիտանալով։

Ամերիկայի աշխարհահռչակ մեծանուն ընկերութիւններու մէջ աշխատած է զանազան պատասխանատու պաշտօններով եւ Լոս Անճելըս գալէն առաջ տարիներ գործած է Bechtel Power Corporation միջազգային այս ընկերութեան մէջ, եղած է բաժնի պետ ղեկավարելով 100 ճարտարագէտներու խումբ մը, այս ընկերութեան հիւլէական բաժնին մէջ։

Ընկ. Նազարեան Գալիֆորնիա գալէն ետք կը հիմնէ իր անհատական ընկերութիւնը Nazarian Engineering Corporation անունով։ Այս ընկերութիւնը մասնագիտացած էր բազմայարկ շէնքերու շինարարութեամբ եւ երկրաշարժէն տուժած շէնքերու ամրապնդման գործին մէջ։ Ան պետական կրթական 120-է աւելի դպրոցներու երկրաշարժէն վնասուած շէնքեր ամրացուցած է, ինչպէս նաեւ շինարարական այլ տեսակ շէնքեր կառուցած է այս ընկերութիւնը Գալիֆորնիոյ մէջ։

Հակառակ այս բազմազբաղ աշխատանքներուն, Ընկ. Յակոբ Նազարեան բազմաբեղուն ազգային գործիչ մը եղած էր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Ան հիմնադիրներէն մին է Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին եւ անոր տարիներու գանձապահը։ ՀԲԸՄիութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարիներու վարչական եղած է, ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարչական եղած է։ Լոս Անճելըսի ՌԱԿ-ի Էօժէն Բաբազեան ակումբի վարչական եւ ինը տարի ատենապետ եղած է։ Տարիներ շարունակ եղած է ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի վարչական եւ երկու շրջան ալ Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան տարիներ անդամ եղած է եւ այժմ պատուոյ անդամ է այս պատկառելի մարմնին։

Հեղինակ է 11 ճարտարագիտական եւ երկրաշարժի գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու։

Աշխատակցած է շարք մը ամերիկեան թերթերու եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու։

Ընկ. Նազարեան տասնեակ անգամներ Հայաստան մեկնած է, հոն Ամերիկեան Համալսարանի երկրաշարժէն տուժած շէնքերը նորոգելով եւ Հայաստանի իշխանութեան պատուէրով հարիւրէ աւելի դպրոցներու եւ շէնքերու ամրապնդման գործ ըրած է եւ հազարէ աւելի շէնքերու եւ բնակարաններու ամրապնդման խորհուրդ տուած է։ Սերտօրէն գործած է նաեւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հետ։

Ուրեմն կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, որ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2021-ին երեկոյեան ժամը 8։00-ին դիտելու «Հայկական Գաղափարախօսութիւն» նուիրուած այս դասախօսութիւնը, վստահ ըլլալով որ Ընկ. Նազարեանի այս խիստ շահեկան դասախօսութիւնը դիտողները մեծ բաւարարութիւն պիտի ստանան։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ