Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կ’անդրադառնայ Հայաստանի Անկախութեան 30-Ամեակին

Այս Սեպտեմբերի 21-ը կը նշէ Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը: Երեք տասնամեակներ անցած են այն թուականէն, երբ հայ ժողովուրդը քուէարկեց, հռչակելով իր անկախութիւնը իբր ինքնիշխան ազգ պետութիւն: Կարգավիճակ մը զորս ան շարունակաբար կորսնցուցած էր անցնող բազմաթիւ դարերուն, որոնց ընթացքին պատմական Հայաստանը ինկած էր յաջորդական կայսրութիւններու տիրապետութեան տակ, ի բաց առեալ 1918-1920-ի Առաջին Հայկական Հանրապետութեան կարճատեւ ժամանակաշրջանը, որմէ ետք ան ամբողջութեամբ ներգրաւուեցաւ Խորհրդային Հանրապետութեան մէջ:

1990-ականներու սկիզբի յատկանշական տարիներուն ապրողներուն համար, հայկական անկախ հանրապետութիւնը անիրականանալի երազ մըն էր, որ կ’իրականանար մէկ գիշերուան մէջ, գերագոյն բաւարարութիւն պատճառելով Ցեղասպանութենէն վերապրած տարեց սերունդին, որոնք իրենց կենդանի աչքերով կը տեսնէին հայկական եռագոյնի ծածանումը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կեդրոնին դիմաց: Մինչ անդին, Երեւանի մէջ, ցնծացող քաղաքացիներու բազմութիւններու տեսարաններ կը պարզուէին, որոնք ականատէս կ’ըլլային Լենինի հսկայ արձանի տապալման եւ Հայկական Առաջին Խորհրդարանի երդման արարողութեան: Տեսարաններ, որոնք որպէս խորապէս ամրագրուած խորհրդանիշներ կը մնան մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ:

Անսպասելիօրէն, հայ ինքնութիւնը, որ երկար տարիներ անցեալի ողբերգութիւններով բնութագրուած էր, մեր ազգը արդի աշխարհի ընտանիքէն ներս վերահաստատելու անսահման կարելիութիւններով կը փոխարինուէր: Անկախ հայրենիքի իրականութիւնը կը ոգեշնչէր հայութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին, մինչ նոր հանրապետութիւնը կը ստանձնէր ինքնակառավարման մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները, աշխարհատարած սփիւռքի աջակցութեամբ, որ գործօն եւ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր ազգաշինութեան ճիգերուն,  անկախ հայրենիքը իր ինքնութեան եւ ժառանգին պահպանումին երաշխիքը նկատելով:

Այդ սկզբնական խանդավառութեամբ յագեցած օրերուն շուտով յաջորդեց դառն իրականութիւններով յատկանշուած դէպքերու ընթացքը, երբ անկախութիւնը կատարուած իրողութիւն էր արդէն եւ Հայաստան կը դիմագրաւէր բազմաթիւ ձախողումներ եւ որոշ յետընթացներ, պատերազմի եւ տնտեսական մարտահրաւէրներու պատճառով: Ինիսունական թուկաններու կէսերուն էր միայն, որ Արցախեան առաջին պատերազմի աւարտով, սկիզբ կ’առնէր վերաշինութեան եւ նախաձեռնութիւններու նոր շրջան մը:

Յաջորդող տարիներուն, Հայաստանը պատեհութիւն կը ստանար շունչ քաշելու եւ որպէս զարգացող երկիր աշխարհին ցոյց տալու իր բարոյական ներուժը: 2000-ականներու սկիզբին արդէն, զբօսաշրջութիւնը, գիւղատնտեսւթիւնը եւ բարձր արդիւնաբերութեան նորարար ճարտարարուեստները, փոխարինած էին խորհրդային շրջանի գործարանային անարդիւնաւէտ տնտեսութիւնը: Երեւանի ատենի փոշոտ փողոցները, քանդուող շէնքերը եւ 1990-ականներու խորտուբորտ ճամբաները, վերածուած էին արդիական պողոտաներու եւ օժտուած, շրջանները իրարու կապող մայրուղիներու ցանցով: Իրականացած էին արդի ենթակառոյցներ, դպրոցական նոր եւ ապահով շէնքեր, համերգասրահներ, Երեւանի միջազգային նոր օդանաւակայանը, բարձրակառոյց միջազգային պանդոկներ, որոնց շարքին նաեւ հարուստ եւ բազմազան  ճաշացուցակներով սեփական ճաշարաններ, յագեցած մթերախանութներ եւ օտարերկրեայ դեսպանատուներու թաղամասեր: Մարզային քաղաք Կիւմրին, որ 1988-ի երկրաշարժի կիզակէտին էր, այսօր դարձած է բեղուն կեդրոն՝ ստեղծարարար ճարտարարուեստի մասնագէտներու եւ նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնող  խմբաւորումներու համար, վերստեղծելով երիտասարդներու եւ զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ նորարար մշակոյթ:

Շրջանային մարզերուն մէջ, ուր յամեցող գործազրկութիւնը ընտանիքի անդամներու արտերկիր մեկնումներով, պատճառ կը դառնայ ընտանիքներու համախումբ կեանքի խաթարումին, վերջին տասնամեակին նկատառելի երեւոյթ է կին ձեռներէցներու յայտնուիլը, գիւղական շրջաններու մէջ, որոնք համապատասխան աջակցութիւն եւ փորձագիտութիւն ստանալով, կը ստեղծեն փոքր ձեռնարկատիրութիւններ եւ առեւտրական գործունէութիւն: Կան պատանիներու համար արտադպրոցական ծրագիրներու կեդրոններ, ուր անոնք կրնան ծանօթանալ ստեղծարար ճարտարագիտութեան գիտելիքներու եւ կը յաջողին իրենց աշխարհատարած տարեկիցներու կարողութեանց համապատասխան մրցունակութիւն ձեռք բերել: Հ.Բ.Ը.Մ.ը եւ անոր գործակից կազմակերպութիւններ, կ’աջակցին նմանօրինակ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու, կանանց ու երիտասարդներուն համար արդար պայմաններ ստեղծելու նպատակով: Բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններ, ինչպէս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը, որուն համահիմնադիրը եւ շարունակական աջակցողը եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.ը, նոր աշխարհահայեացք ապահոված են երիտասարդ սերունդներու, Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Նոյնպէս, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Արեւմուտքի հայերու կողմէ հիմնուած բազմաթիւ առողջապահական մասնագիտական կեդրոններու շնորհիւ, Հայաստանի առողջապահական համակարգը հետեւողական զարգացում արձանագրած է: Վերջին համավարակի եւ պատերազմի ընթացքին, Արեւմուտքի մէջ վերապատրաստուած տեղացի բժիշկներ եւ առողջապահական մարզի մասնագէտներ, ուս-ուսի աշխատեցան, իրարայաջորդ վիրահատութիւններ կատարելով, կեանքեր փրկելով, վիրաւոր զինուորներ եւ քաղաքացիներ դարմանելով, օգտագործելով բարձրորակ ախտորոշիչ սարգաւորումներ եւ դեղորայք:

Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Լատին Ամերիկայէն ձեռնարկատէր տիտաններ, իրենց նախաձեռնութիւններով, որպէս հայ ռահվիրաներ եւ տեսիլքի տէր ազգաշէններ, պիտի յիշատակուին իբր առասպելական դէմքեր, մինչ հազարաւոր երիտասարդներ կ’այցելեն իրենց հայրենիքը, ամրապնդելու համար իրենց կապը իրենց արմատներուն, սերտակցելու տեղացի իրենց տարեկիցներուն հետ եւ մասնակցելու վերաշինութեան տարբեր ծրագիրներու: Հ.Բ.Ը.Մ.ի կրթական դրամաշնորհները, Հայաստանի բազմաթիւ ուսանողներու համար առիթ ստեղծած են մեծ երազներ փայփայելու, յաճախելով համաշխարհային լաւագոյն համալսարաններ, դառնալով կրթեալ, մրցունակ, մշակուած եւ արհեստավարժ քաղաքացիներ, պատրաստ իրենց ներդրումը բերելու հայրենիքի զարգացման, ժամանակի պահանջներուն համաձայն:

2018-ի իշխանափոխութենէն ասդին, Հայաստանի մէջ կայացած յաջորդական ընտրութիւնները, մարդկային իրավապաշտպան եւ ժողովրդավարամէտ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ որակուած են որպէս ազատ եւ արդար: Աւելին, ընտրազանգուածի ձգտումները կը հակին դէպի ժողովրդավարական արժէքներ, շրջակայ երկիրներու հետ ռազմավարական առումով դրական յարաբերութիւններ պահպանելու տրամադրութեամբ:

Այս տարուան Անկախութեան տօնակատարութեան առթիւ արծարծուող հարցադրումը այն է, թէ հայկական ազատ պետութիւնը պիտի կարենա՞յ գոյատեւել 2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմին պատճառով յառաջացած աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու եւ ներքաղաքական հակամարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած խոչընդոտներու արգելակող պայմաններուն տակ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը որպէս սփիւռքի հնագոյն կազմակերպութիւններէն մին, որ ազգային ճգնաժամերու ատեն միշտ պատնէշի վրայ եղած է, ներկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին համար երկարաժամկէտ հեռանկար ունի: Ժողովուրդը տիրող իրավակարգերէն վեր դասելու մեր հետեւողական քաղաքականութիւնը, հայ ժողովուրդի դիմադրական ուժի բազմաթիւ օրինակներով դրսեւորուած է, մահու եւ կենաց իրադարձութիւններու պահուն: Սերտօրէն հաղորդ ըլլալով մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հետ, գիւղական թէ քաղաքային շրջանակներու, աշխարհի տարբեր շրջաններու, պատմական անկիւնադարձային պահերու, միշտ յայտնաբերած ենք հաստատակամութեան եւ յոյսի այն մնայուն եւ հասարակաց գիծը, որ իբր Հայ Ազգ, բոլորս կը միացնէ իրարու:

Մենք կը հաւատանք ազատ Հայաստանին, որովհետեւ անիկա երկրագունտի տարածքին, իւրաքանչիւր հայու ոգիի էութիւնը կը կազմէ: Եւ երբ իբր հայեր, ազատ եղած ենք դրսեւորելու մեր էութիւնը, որեւէ մարզի մէջ ձերքբերումներ կատարելու մեր կարողութիւնը եղած է անսահման: Ի հեճուկս անկախութեան սկզբնական շրջանի բոլոր յետընթացներուն, մենք յաջողեցանք պահպանել մեր ընթացքը: Հետեւաբար հիմա ատենը չէ կռնակ դարձնելու այն բոլորին զորոնք իրականացուցած ենք անցնող 30 տարիներուն:

Երեսուն տարին շատ կարճ ժամանակաշրջան է ազգ պետութեան մը կեանքին մէջ: Բայց եւ այնպէս, Հայաստանը այլեւս յառաջ պէտք է անցնի «կազմաւորուող ժողովրդավարութիւն» դրոյթէն: Նախ քան անցնող տարուան պատերազմը, Հայաստան, հակառակ որ տակաւին իր հասունացումին չէր հասած, պատրաստ էր թափ առնելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու բազմաթիւ կարեւոր ճակատներու վրայ: Մեր անկեղծ ակնկալութիւնն է, որ նշանաքար հանդիսացող այս տարեդարձը, ամենուրէք յիշեցում ըլլայ հայութեան, թէ 30 տարիներ ետք, կարելի չէ ետ դարձ կատարել եւ մենք ետ պիտի չդառնանք եւ պիտի չկորսնցնենք մեր ինքնավստահութիւնը:

Մենք, ամէն հաւանականութիւն դիմակալելու ատակ ժողովուրդ ենք եւ աշխարհը պէտք է ճանչնայ մեր այս իւրայատկութիւնը, որով մենք կը մերժենք մեր անէացումը կանխատեսող բոլոր հնամաշ գուշակութիւնները: Ժամանակն է որ աշխարհը վստահի մեզի եւ մենք վստահինք մեր ուժերուն:

Միութիւնը Զօրութիւն Է:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ