Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Բժշկութիւնը Եւ Առողջապահութիւնը 21-րդ Դարուն

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

21-րդ դարը աշխարհիս բերաւ հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն արուեստական (technology) աշխարհին մէջ, եղափոխելով հինաւուրց կարգ ու կանոն: Պահ մը յետադարձ անդրադարձումով կրնանք յիշել եւ բաղդատել մեր հեռաձայները, հեռատեսիլները, համացանցերը եւ այլ բազմաթիւ նորանոր զարգացումներ, որոնց բարիքները այսօր կը վայելենք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար: Անշուշտ 21-րդ դարու նորածիները չեն գիտեր այդ տարբերութիւնները, որովհետեւ անոնք այդ զարգացումներուն հետ ոտքի կանգնեցան:

Այդ զարգացումները սակայն բերին եւս չարիք ազգերու, երկիրներու ժողովուրդներու եւ անոնց կենցաղին ու ապրելակերպին մէջ:

Յառաջ եկաւ ենթակայ կամ կախուածութեամբ տառապող (dependent), որոշ դասակարգի սերունդ մը, որ առանց այդ արուեստական գիտութեան կարող չէ ինքնուրոյն մտածել, աշխատիլ եւ տրամաբանել:  (Բացառութիւնները յարգելի են անշուշտ):

Պահ մը նաեւ անդրադառնալով նախկին տարիներու ուսումնական համակարգին եւ ներկայինին, կը տեսնենք միջնակարգ վարժարաններու գրասեղաններէն սկսեալ, չ՝ըսելու համար նախակրթարանի, մինչեւ համալսարաններու մէջ տեղի ունեցած աշակերտութեան վարմունքը, ուսումնական կարողութիւնը եւ անոնց անցուցած արձակուրդներու կեր ու խումը անճոռնի ու անվայել տարողութիւններով, ի՞նչ կրնանք սպասել ուրեմն այդ համալսարաններու վկայեալներէն:

Բայց ճիշտ ա՛յդ է արդէն 21-րդ դարուս ղեկավարներուն ծրագիրը: Պատրաստել բթամիտ ապագայի սերունդներ, որոնց ղեկավարութիւնը կը հեշտացնէ իրենց պաշտօնը: Կը յիշէ՞ք Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի խօսքը միջազգային հասարակութեան մը ներկայութեան երբ ան կ՝ըսէր « հասարակ ժողովուրդը կարողութիւն չունի  որեւէ ղեկավար դիրքի հասնելու միջազգային օրէնքին մէջ: Ուստի ան պէտք է հպատակի ու յանձնէ իր ենթակայութիւնը աշխարհի նոր միջազգային մէկ օրէնքի ղեկավարութեան, որուն պատրաստութեան համար մենք կ՝աշխատինք տարիներէ ի վեր»:

Յստակ է չէ՞, աշխարհ կ՝ուղղուի դէպի միահեծան իշխանութեան, որուն իշխանաւորները շատ յստակ են այս ժամանակին մէջ եւ յառաջխաղաղաց արուեստագիտութիւնը կը վերապահէ իր մեծագոյն գործուն դերը այդ եղաշրջումին մէջ որ պիտի ընդգրկէ կեանքի բոլոր, այո՛ բոլոր ասպարէզները եւ մարդկային ապրելակերպն ու կենցաղը:

Անցեալի մէկ ու կէս կամ երկու տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք վերագրուած են «քորոնա» ժահրին, նախաքայլը կը հանդիսանան այն բոլորին որ տեղի պիտի ունենայ եւ կ՝ունենայ արդէն աստիճանաբար:

Ուշադրութեան արժանի են մանաւանդ նոր հրապարակ ելած կարգ մը ֆիլմեր, որոնք շատ հաւանաբար տեղ չգտնեն հրապարակի վրայ, կամ ակամայ հեռացուին, որոնք կը քննադատեն ներկայի պատահարները եւ տեղի ունեցած կենցաղային փոփոխութիւնները, անոնց վախճանը նկարագրելով զանազան դաժան կերպարներով: Անոնցմէ մին կը կեդրոնանար աշխարհի առանց համացանացային կարողութեան կարգավիճակին, ուր ոչ մէկ հեռակապ հաղորդակցութիւն, աշխատանք, բժշկութիւն եւ բոլոր արուեստագիտական գործունէութիւնները կարելի պիտի չ՝ըլլային աշխարհի մէջ, որուն որպէս հետեւանք՝ պիտի ստեղծուէր քաոսային վիճակ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ: Երկրորդ տեսաժապաւէն մը՝ կեդրոնացած բժշկութեան, դեղորայքի   եւ դեղորայքի արտադրական ընկերութիւններու վարմունքներուն վրայ, որտեղ մարդկային կեանքն ու հոգին որեւէ արժէք չի ներկայացներ իրենց հետապնդած շահագրգռական նպատակներուն մէջ: Մարդկային զոհերը իրենց համար, պարզապէս դեղորայքի պատրաստութեան փորձառութեան զոհեր են, պարզապէս՝ տարրալուծարանի փորձարկման զոհեր, «նոր հրապարակ իջնելիք դեղորայքի տնտեսական եւ ֆինանսական յաջողութեան համար»:

Մարդկային զոհերու քանակը անհանդուրժելի կը դառնայ օր ըստ օրէ եւ իրաւաբաններու գրասենեակները արդէն կը վխտան դեղորայքի ընկերութիւններու արտադրած դեղերու վնասակար հետեւանքներուն պատճառով մահացած կամ տուժած անձերու դատերով եւ սակայն բժիշկները, հիւանդանոցներն ու դեղորայքի ընկերութիւնները չեն զիջեր ոչ մէկ քայլ, ջանալով քօղարկել այդ բոլորը տարօրինակ պատճառաբանութիւններով եւ հրահանգներով,  առաւել եւս յառաջ մղելով իրենց նպատակադրեալ ծրագիրները:

Մօտաւորապէս 30-40 տարի առաջ, մաղձաճարպի (Cholesterol) բարձրագոյն աստիճանն էր 250, իսկ այսօր այդ սահման նուազած է 199-ի: Բարձր արեան ճնշման սահմանն էր 180, այսօր՝ այդ իջած է 140-ի, (առաւել կամ նուազ), արեան շաքարախտի սահմանը նոյնպէս: Այդ սահմանային  փոփոխութիւնները ի՞նչ կը նշանակեն արդեօք, մարդկային կեանքի առաւել հոգատարութի՞ւն թէ՝ դեղորայքի սպառման նպատակի հետապնդում:

Այժմ դեղորայքի ընկերութիւններն ու անոնց հետեւողական առողջապահական հաստատութիւնները մաս կը կազմեն այդ միջազգային նոր մէկ օրէնքի ղեկավարութեան, ուր ժողովուրդը կը թելադրուի հրահանգներու կիրարկում՝  առանց առարկութեան:

Կը սպասենք ապագայի զարգացումներուն:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ