Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

60-ամեակ Ս. Ներսէս Ճեմարանի

Հայաստանեայց Եկեղեցին Ներկայ Ժամանակներուն

Անմիջական Անցեալի Մեծանուն Հոգեւորականներու Տեսութեամբ

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հարցը Ներկայ Դարուս

         Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան խնդրով զբաղած են մեր անմիջական անցեալի բարձրաստիճան հոգեւորականները՝ Տ.Տ. Խորէն Ա Մուրատբէկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան, Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց, Վազգէն Կաթողիկոս Պալճեան, Մաղաքիա Օրմանեան եւ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարք-ները։ Հետեւաբար ներկայ մեր տեսութիւնը անձնական կամ նորարար խնդրայարոյց հարց մը չի կրնար ըլլալ ընդհանրապէս։ Եկեղեցական բարեկարգութեան խնդրով բարձր հեղինակութեամբ գրած են եւ ուսումնասիրած Մաղաքիա Օրմանեան եւ Թորգոմ Գուշակեան Արմաշական մեծանուն Պատրիարքները, շեշտելով ամուսնացեալ քահանաներուն դիրքն ու կարեւորութիւնը։

            Երբ կը խօսուի Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին անպայման նկատի կ՛առնուին եկեղեցականներու որակն ու թիւը, քանի որ բանալին պահանջքն է որոնելու եւ բարելաւելու համար եկեղեցականներու պատրաստութեան պայմանները՝ կուսակրօն կամ ամուսնացեալ։ Պահանջքը նախապատիւ պէտք է համարել պայմաններուն բաղդատմամբ որովհետեւ պարզօրէն վերջինները միջոց են միակ նպատակին՝ պատրաստուած հոգեւորա-կաններու պահանջքին։ Բարենպաստ պարագաներու մէջ հոգեւորականներու պատրաստու-թիւնը կատարուած է եւ կը շարունակուի կատարուիլ Նուիրապետական Աթոռներէն ներս, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայ Թեմէն՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Ընծայարանի միջոցաւ, որուն վաթսունամեակը կը լրանայ այս տարի։

            Հպարտօրէն կրնանք վկայել թէ քսանմէկերորդ դարու հայ եկեղեցականութեան որակը ուսումնական գետնի վրայ բարձրացած է եւ սակայն թիւը նուազած, տրուած ըլլալով կուսակրօն եկեղեցականութեան նախապատիւ համարումն ու ասպարէզի բարձրացումը, ամուսնացեալներուն չտրուելով նոյն յառաջդիմելու առիթները, ինչպէս ժամանակին ճշգրտած են եւ ազդարարած Մաղաքիա Օրմանեան եւ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքները դար մը առաջ։ Ահա գրեթէ դար մը անցեր է Տ. Տ. Խորէն Ա Կաթողիկոսի օրով Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին պատրաստած 1936 թուի «Զեկուցում» կոչուած բարեփոխութեան ծրագրէն եւ Արմաշական Պատրիարքներու քննարկումներէն, ու Հայ Եկեղեցին մնացեր է իր նախկին տեղը։  Չմոռնանք սակայն որ բնական ընթացքով թիւով բացառապէս գերակշիռ դարձած են ամուսնացեալ քահանաները՝ տարածուած ամենուրեք։  

Նուիրապետական Աթոռները

            Յայտնապէս հայ վանական դրութիւնը կարեւոր մասամբ կորսնցուցած է այսօր իր սկզբնական նպատակը, բացառելով անշուշտ մեր ներկայ Նուիրապետական Աթոռներն ու անոնց նուիրեալ կուսակրօն հոգեւորականները։ Ներկայ դարուս բնականաբար կուսակրօ-նութեան անցեալի պահանջքը չարդարանար ո՛չ իր բովանդակութեամբ եւ ո՛չ ալ իր ստեղծած կարգապահական պայմաններով, ի մտի ունենալով նոյնիսկ անոր կարիքն ու անհրաժեշ-տութիւնը մեր նուիրապետական Աթոռներու սահմանին մէջ զանոնք գործօն ու ծաղկեալ պահելու նախանձախնդրութեամբ։ Կուսակրօն  հոգեւորականներու նուիրեալ ջանքերով Աթոռներուն իրաւական, վարչական եւ ուսումնական կարիքները վայելուչ բարձրութեան վրայ պահելու տեսակէտէն անկասկած դրութիւնը ունի իր պատուոյ տեղը։

            Կայ նաեւ կարեւոր պարագայ մը եւս, ըստ որուն Աթոռներէն պաշտօնի բերմամբ կուսակրօն հոգեւորականներ թեմեր կը ղրկուին հովուական ծառայութեան կոչուելով։ Կը դառնան թեմակալ Առաջնորդներ եւ կամ մնայուն հոգեւոր հովիւներ։ Մեկնողները կը մնան տարածուն թեմերուն մէջ հանգստեան կոչուելէ ետք նոյնիսկ, ու Աթոռ վերադառնալու ցանկութիւնը չեն ունենար, մնայուն բնակութիւն հաստատելով վանական կեանքէն հեռու։

Կիւլէսէրեան Բաբգէն Կաթողիկոս

Օրմանեան եւ Գուշակեան Պատրիարքներ

         Մինչ մէկ կողմէն կուսակրօն եկեղեցականներու թիւը կը նուազի ամուսնացեալներու բաղդատմամբ, ամէն ճիգ կը գործադրուի որակով բարձր ամուսնացեալ քահանաներ պատ-րաստելու որոնք բոլորովին աշխարհիկ պայմաններու մէջ պիտի ծառայէին Հայ Եկեղեցւոյ։  Սոյն ճիգին ռահվիրան եղաւ Տ.Տ. Գարեգին Ա Յովսէփեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը որ նախապէս երկար տարիներ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին իբրեւ Առաջնորդը ըլլալով տեսած էր ամուսնացեալ քահանաներու կարեւորութիւնը, եւ երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահ բարձրացաւ եղաւ առաջինն ու միակը Նուիրապետական Աթոռներէն Հայրապետական Կոնդակով հաստատելու ամուսնացեալ Քահանայից Յատուկ Դասընթացք մը Դպրեվանքէն ներս 1949 թուին։ Իմաստուն այդ կարգադրութիւնը վանական կեանքէն ներս նոյնիսկ ցայսօր տուած է եւ կը շարունակէ տալ իր բարի պտուղը անցնող եօթ տասնամեակներուն։

            Այսօրուան դրութեամբ հովուական պաշտօնի բերմամբ յայտնի է որ նախընտրութիւնը ամուսնացեալ հոգեւորականներուն կը տրուի որոնք տարիներու փորձով կը մնան ժողովուրդին մէջ ու կը ծառայեն։ Արմաշական երկու մեծանուն Պատրիարքներ, Օրմանեան  եւ Գուշակեան, քայլ մը առաջ երթալով նախատեսած էին յիշեալ կարեւորութիւնը ընդգծելով մանաւանդ այն պարագան որ ամուսնացեալ քահանաներուն եւս պէտք է վիճակուի թեմակալի պաշտօններ՝ եպիսկոպոսական իշխանութեամբ՝ «բաց պահելով բարձրացման պատեհութիւնը անոնց առջեւ, քանզի նախընտրութիւնը այլեւս չի կայանար կուսակրօ-նութեան առաւելութեան վրայ» ինչպէս նկատած է Օրմանեան Պատրիարք։

            Օրմանեան երբ 1911 թուին կը գրէր իր դասական երկը՝ «Հայոց Եկեղեցին» անոր չորրորդ մասին առաջին գլուխը կը յատկացնէր «Կղերն ու կուսակրօնութիւնը» նիւթին (էջ 127) ուր կը յիշեցնէր թէ «ամուսնաւոր եւ կուսակրօն կղերին կարգերուն եւ պաշտօններուն ընկալեալ կերպը, այսինքն քահանաներուն բարձրագոյն աստիճան չտրուիլը ո՛չ հին օրէնք է եւ ո՛չ կանոնական պահանջ» քանի որ «երբ եպիսկոպոսութեան բնութիւնը լաւ ուսում-նասիրուի, պիտի տեսնուի թէ անիկա քահանայական պաշտօններու եւ պարտաւորութեանց սեփական կարգէն է» (128)։ Օրմանեան կ՛եզրակացնէ ըսելով որ «բնաւ կանոնական արգելք մը չկայ որ ամուսնացեալ կղերին առջեւ չբացուին եկեղեցականութեան բարձրագոյն աստիճանները, երբ ազգը մեծամեծ օգուտներ ալ կ՛ունենար, որովհետեւ այս կերպով ամուսնացեալ կղերը կ՛ազատէր ստորնութեան վիճակէ մը»։

            Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան Ամերիկա գտնուած միջոցին նոյն միտքը կը յայտնէր 1924 թուին գրած իր «Հայաստանեայց Եկեղեցի» փոքրածաւալ երկին մէջ, եզրակացնելով որ «եկեղեցականի մը համար մասնաւոր իրաւունք պիտի չապահովէ իր ամուրի կամ ամուսնացեալ կենցաղը», հիմնաւորուելով այն սկզբունքին վրայ թէ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերուն մէջ որեւէ պաշտօնեայի մը համար «յառաջացման հիմ պէտք է ըլլայ իր ծառայութեան արդիւնքները, իր անձնական եւ պաշտօնական արժանիքը, մէկ խօսքով պատրաստուած եւ արժանաւոր մարդը, եւ ոչ թէ ամուրի կամ ամուսնացեալ ըլլալու հանգամանքը» (էջ 46)։

            Երուսաղէմի Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքը եւս անվարան յայտարարած է թէ «Իրականութիւն է որ այլեւս հասած է ամուսնաւոր հոգեւորականներուն առջեւ եկեղեցական յառաջացումի եւ վարչական ասպարէզի ընդլայնման ժամը, եւ այդ կը պահանջէ ոչ միայն դարուն ոգին, այլ մանաւանդ ներքնապէս եկեղեցական ուժաւորման  հարկը» (ՍԻՈՆ 1932)։

            Հիմնուած վերոյիշեալ հեղինակութեանց տեսակէտներուն վրայ մեր եզրայանգումն այն պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել «քահանաներէ հասած եպիսկոպոսներու ասպարէզը» ինչպէս բնորոշուած է Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքին կողմէ, որուն համար անխտիր թեկնածու ըլլալու են հաւասարապէս արժանիքի տէր, ուսմամբ եւ վարչա-գիտութեամբ հասուն վարդապետներն ու քահանաները, ընծայելով մեր այս տողերը Ամերիկահայ Թեմի Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ճեմարանի վաթսունամեակին եւ ի յուշ մեծ հոգեւորական եւ հաստատութեան հիմնադիր Երջանկայիշատակ Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ