Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները

Վեր. Դոկտ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամիսը նուիրագործուած է որպէս Մշակոյթի Ամիս, հայ ժողովուրդին յիշեցնելով ամէն տարի իր անմահանուն Ս. Թարգմանիչները: 20-րդ դարու մեր իմաստուն կաթողիկոսներէն Գարեգին Ա. Յովսէփեանց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ հայրապետը, 1940-ական թուականներուն Հոկտեմբեր ամիսը հռչակեց Հայ Մշակոյթի Ամիս՝ պանծացնելու մեր Ս. Թարգմանիչներու գրական վաստակը:

Պատմականօրէն Ս. Թարգմանչաց տօնը Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին մէջ ներմուծուեցաւ 13-րդ դարուն: Այդ բարեբաստիկ առիթով Վարդան Արեւելքցի նշանաւոր պատմիչը հեղինակեց Ս. Թարգմանիչներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» գեղեցիկ շարականը:  Նախ քան այդ թուականը, հարկ է յիշել որ հայ ժողովուրդը 5-րդ դարէն սկսեալ մեծ յարգանք ցոյց տուած է Թարգմանչաց հոյլը գլխաւորող՝ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսին եւ Մեսրոպ Վարդապետ Մաշտոցին, որոնց համար հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային անկախութիւնը գլխաւոր մտահոգութիւն էր:

Թէեւ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուած էր Հայաստանի մէջ 301 թուականին, ան լիովին չէր արմատացած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ Աստուածաշունչ Մատեանը կը կարդացուէր յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով: Մինչեւ 5-րդ դարու սկիզբը հայ ազգը իր սեփական Այբուբենը չունէր: Այդ օրերուն ան կորսնցուցած էր ոչ միայն իր քաղաքական, այլ նաեւ իր մշակութային անկախութիւնը:

Հինգերորդ դարու սկիզբը հայ ազգի ղեկավարները մտածեցին հնարել սեփական նշանագիրեր որպէս զի այդ գիրերով թարգմանեն Աստուածաշունչը հայերէնի: Գիրերու գիւտին ստեղծիչը դարձաւ Մեսրոպ Վարդապետ Մաշտոց 406 թուականին: Ասիկա եզակի շրջադարձ մըն էր հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ այս ձեւով հայ ժողովուրդը կ’ապահովէր իր հոգեւոր եւ մշակութային անկախութիւնը:

Հայ գիրերու գիւտէն ետք, հայոց Վռամշապուհ Թագաւորի  հրամանով Հայաստանի բոլոր գաւառներէն հաւաքուեցան շուրջ 60 ուշիմ երիտասարդներ Մեսրոպ Վարդապետի շունչով դաստիարակուեցան եւ տիրացան հայ լեզուին: Անոնք ղրկուեցան Միջին Արեւելքի նշանաւոր մշակոյթի կեդրոնները որպէս զի հմտանան յոյն եւ ասորի լեզուներուն:

Այս աշակերնտները իրենց գիտութեան պաշարին հետ Հայաստան բերին նաեւ ստուարաթիւ ձեռագիրներ, որոնք հայերէնի թարգմանեցին՝ Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակի հովանաւորութեան ներքեւ: Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութիւնը հապճեպով եղած թարգմանութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ 408-415 թուականներուն եւ կոչուեցաւ Փութանակի թարգմանութիւն: Անկէ ետք ուրիշ թարգմանութիւն մը կատարուեցաւ 430-ական թուականին Սահակ կաթողիկոսի հսկողութեան տակ՝ յունարէն բնագրի վաղեմի թարգմանութեանց վրայ հիմնուած, որ հետագային օտար ուսումնականներ պիտի չվարանէին կոչել «Թագուհի Թարգմանութեանց»:

Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը բացառիկ հանգրուան մը հանդիսացաւ հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ: Առիթ դարձաւ, որ անով բիւրեղանայ դասական հայերէնը: Այնուհետեւ, թարգմանուեցան եկեղեցական, դաւանաբանական, պատմական, փիլիսոփայական մեծաթիւ գործեր, որոնք հայ ժողովուրդի մշակութային գանձարանը ճոխացուցին: Թարգմանիչներու սքանչելի նուաճումները 5-րդ դարը դարձուցին հայ գրականութեան Ոսկեդարը:

Թարգմանիչներու հոյակապ վաստակը ազգային ամրակուռ դիմագիծ տուաւ հայ ժողովուրդին: Ան զօրացուց եւ ամրապնդեց քրիստոնէական կրօնի արմատները Հայաստանի մէջ: Կերտեց ու կաղապարեց Վարդանանց եւ Վահանանց սերունդներու տոկուն նկարագիրն ու հայրենաշունչ ոգին՝ ծառանալու համար հայ ժողովուրդի հաւատքին եւ հոգիին սպառնացող վտանգներուն դէմ:

Մեր Ս. Թարգմանիչները նաեւ ներշնչարան եւ մղիչ ուժ հանդիսացան հետագայ սերունդներուն, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով զարգացուցին մեր գրականութիւնն ու մշակոյթը:

Արդարեւ, Թարգմանիչներու իրագործումները դուռ բացին հոգեմտաւոր շարժումի մը որ մշակոյթի ջահը վառ պահելով՝ անցուց գալիք սերունդներուն: Այսպէս, Սահակ-Մեսրոպեան մշակութային շարժումը ծնունդ տուաւ մտաւորական տիտաններու, ինչպէս Վարդանանց Պատերազմի ականատես պատմիչ՝ Եղիշէին, նշանաւոր պատմագէտ՝ Փաւստոս Բիւզանդի, անուանի իմաստասէր եւ իրաւագէտ՝ Եզնիկ Կողբացիի, հայոց պատմահայր՝ Մովսէս Խորենացիի: Ապա հայոց պատմութեան երկնակամարը զարդարեցին փայլուն մտաւորական աստղեր՝ նման 7-րդ դարու Անանիա Շիրակացիին, 10-րդ դարու Գրիգոր Նարեկացիին. 12-րդ դարու Ներսէս Շնորհալիին, Ներսէս Լաբրոնացիին, Մխիթար Գօշին, 14-րդ դարու Յովհան Որոտնեցիին, Գրիգոր Տաթեւացիին եւ ուրիշներու:

Այնուհետեւ, այդ օրերէն մինչեւ մեր օրերու մտաւորականները կը շարունակեն Թարգմանիչներու սրբազան գործը, մեր նախնիքներու երկնած եւ շէնցուցած կրօնա-ազգային ժառանգութեան ոգեկան կառոյցին վրայ բան մը աւելցնելով:

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը եկեղեցական կամ աշխարհիկ տօնակատարութեանց միջոցաւ իր  յարգանքի տուրքը մատուցած է մեր հին երախտաւորներուն: Թարգմանչաց տօնի պատգամը այն է, որ մենք ալ շարուակենք ճանչնալ եւ սիրել մեր մշակոյթը, գնահատել եւ գործնապէս քաջալերել անոր ներկայ սպասարկողները:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ