Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Պանծալի Հարիւրամեակի Առիթով

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 1-ին կը լրանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան հարիւրերորդ տարին։ Մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս անոր արտերկրի հատուածին համար խիստ նշանակալից այս դարադարձը, անտարակոյս, պիտի նշուի արժանավայել տօնակատարութեամբ, ո՛չ միայն Մայր Հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք շքեղագոյն հանդիսութեամբ, այլ նաեւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին կայանալիք յոբելենական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով*։

Դար մը ամբողջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, յարաճուն վճռականութեամբ, վիթխարի աւանդ եւ անգնահատելի ներդրում ունեցած է ազգապահպանման, ազգային գիտակցութեան եւ հայրենասիրութեան վառ պահուելուն, ինչպէս նաեւ պահանջատիրութեան նուիրականագոյն նպատակներուն ի սպաս։

Կուսակցութեանս հարիւրամեայ ազգանուէր բոլոր նուաճումները արդար հպարտութեամբ կը համակեն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհատարած ամբողջ անդամակցութիւնը եւ համակիր լայն շրջանակները։

Հարիւրամեակի պանծալի մեր յոբելեանը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկնագոյն դրօշին տակ, վերանորոգ եռանդով համախմբուելու հոյակապ պատեհութիւն կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ վերազարթնումի խթան կը հանդիսանայ՝ յառաջիկայ տասնամեակներուն ընդառաջ երիտասարդ նոր ուժերով ու թարմ աւիշով ինքզինք վերանորոգելու:

Արդ, նոր ժամանակներուն արագօրէն փոխուող եւ արդիականացող աշխարհին համընթաց քալող ՌԱԿ-ը, գալիք տասնամեակներուն նոր աւիւն ստացած պիտի ապահովէ իր շարունակական կենսունակութիւնը, ոչ միայն գործունէութեան, այլեւ մտածելակերպի թարմացումով, գործադրելով նոր ճիգ, հետապնդելով նոր ծրագիրներ  եւ արձանագրելով նոր նուաճումներ, սակայն աներկբայաբար անփոփոխ եւ անսասան պիտի պահէ ազգասիրական առաքելութեան ուղին շարունակելու իր վճռականութիւնը:

100-ամեակդ շնորհաւոր, Ռ.Ա.Կ
Բարի երթ դէպի նոր տասնամեակներ,
…Դէպի փայլուն ապագայ:

Յաւերժ փառք մեր հիմնադիրներուն
եւ բիւր յարգանք անոնց անմեռ յիշատակին…:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

01 Հոկտեմբեր, 2021
 *Կամքէ անկախ, բացայայտ՝ «քորոնա» ժահրի պատճառով յոբելենական տօնակատարութիւնները պարտադրաբար յետաձգուեցան գալ տարուան գարնան: 
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ