Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հոգեմտաւոր Կազմաւորումը Հենքը Ու Նպատակը Կը Կազմէ Դպրեվանքին»

Լիբանան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2021-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցած ուսուցչաց ժողովին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Տեսչութեան անդամներու Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանի ու Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեանի ներկայութեամբ գումարուած ուսուցչական հանդիպումին նպատակն էր Դպրեվանքի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի սեմին ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկել անցնող կրթական տարեշրջանի ուսումնական արդիւնքը եւ ծրագրել նոր բացուող տարեշրջանի աշխատանքները։

Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը, առաջին հերթին, իր գնահատանքը յայտնեց հոգեւորական թէ աշխարհական ուսուցիչներուն՝ յիշեցնելով, որ ուսուցչութիւնը առաքելութիւն է, յատկապէս հայ կեանքէն ներս, որովհետեւ հայ դպրոցը ի՛նք հայկերտումի ու մարդակերտումի առաքելութեան լծուած նուիրական կառոյց է։ Խօսելով Դպրեվանքին մասին՝ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ երեք բառերու.- ուսում, դաստիարակութիւն եւ կազմաւորում։ Բացատրելով յիշեալ բառերուն իմաստն ու նպատակը՝ շեշտեց զանոնք մէկ ամբողջութիւն տեսնելու ու իրագործելու հրամայականը՝ կազմաւորումը ունենալով կիզակէտը ու նպատակը թէ՛ ուսման եւ թէ՛ դաստիարակութեան։ Այս մօտեցումը ու նպատակը իւրայատուկ նկարագիրը կը կազմէ Դպրեվանքին, որովհետեւ Դպրեվանքի յարկին տակ ծանօթութիւն տալը ու դաստիարակութիւն կատարելը պէտք է ուղղուած ըլլան դպրեվանեցիներու հոգեմտաւոր կազմաւորման։ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց յարափոփոխ աշխարհին հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը՝ միշտ պահելով Դպրեվանքին իւրայատուկ ոգին, շեշտը ու նպատակը։

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն առաւել նախանձախնդրութեամբ ու խստապահանջութեամբ կատարելու իրենց վստահուած պատասխանատու առաքելութիւնը։ Ան շնորհաւորեց Դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ հայր Պարոյրը, ինչպէս նաեւ Տեսչութեան անդամները։

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը իր վարդապետութեան օրերէն սկսեալ անխափան եւ մինչեւ այսօր, Դպրեվանքէն ներս կը դասաւանդէ Աստուածաբանութիւն եւ յարակից այլ նիւթեր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ