Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մենք՝ Նոր Սերունդ» Հաղորդումը Ի Պատիւ Ռաֆֆի Արաքսի

Պոլիս

16 Սեպտեմբեր հինգշաբթի երեկոյ «Հայ Թերթ» հա­մացան­ցա­յին հար­թա­կի նա­խաձեռ­նութեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ առ­ցանց ասու­լիս մը, նիւթ ու­նե­նալով «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թի էջե­րուն մէջ լոյս տե­սած «Մենք՝ նոր սե­րունդ» յա­ւելուածի ոդի­սակա­նը։ Միջոցառման գա­ղափա­րը յղա­ցած է թեր­թիս նախ­կին աշ­խա­տակից Սե­ւան Աթաօղ­լու։ Ան մեկ­նե­լով սոյն յա­ւելո­ւածի նա­խաձեռ­նո­ղին՝ Ռաֆ­ֆի Հեր­մոն Արաք­սի այդ աշ­խա­տան­քի մէջ ու­նե­ցած դե­րակա­տարու­թե­նէն, յար­մար գտած էր մա­հուան քա­ռասունքի առ­թիւ նման հա­ղոր­դում մը իրա­կանաց­նել։ Աթաօղ­լո­ւի հրա­ւէրով ելոյթ ու­նե­ցան «Մենք՝ նոր սե­րունդ» յա­ւելո­ւածի եր­բեմնի անձնա­կազ­մէն Բագ­րատ Էս­դուգեան, Թա­լար Հո­րոզօղ­լու եւ Սար­գիս Փա­չաճը։ Ժո­ղովա­վարի պար­տա­կանու­թիւնը ստանձնած էին Սե­ւան Աթաօղ­լու եւ Թա­մար Գա­րասու։ Իսկ հա­ղոր­դումի հա­մակար­գողն էր Այ­տա Էր­պալ։

Ատե­նախօս­նե­րը յի­շատա­կեցին 1979-էն սկսալ ըն­դա­մէնը 16 ան­գամ հրա­տարա­կուած «Մենք՝ նոր սե­րունդ» էջի նա­խապատ­րաստու­թեան եւ գոր­ծադրա­ման փու­լե­րուն։ Էս­դուգեան եւ Հո­րոզօղ­լու բարձր գնա­հատե­ցին «Մար­մա­րա»ի խմբագ­րա­պետ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի ջերմ մեր­ձե­ցու­մը երի­տասար­դա­կան այս նա­խաձեռ­նութեան հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ Հատ­տէ­ճեան վե­րոն­շեալ տաս­նը­վեց հա­մար­նե­րուն ստո­րագ­րած էր յա­տուկ խմբագ­րա­կան­ներ, որոնք ու­նէին քա­ջալե­րական բնոյթ։

Էս­դուգեան յատ­կա­պէս ծան­րա­ցաւ այդ էջե­րու վրայ Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի հետ առնչո­ւած լու­րե­րու ճո­խու­թեան մա­սին։ Ան դի­տել տո­ւաւ որ այդ տա­րինե­րուն Հա­յաս­տան երկրի իրո­ղու­թիւնը ծա­նօթ չէր թրքա­հայու­թեան, քա­նի որ Թուրքիոյ մէջ ծանր վե­րապա­հու­թիւն մը կը տի­րէր խորհրդա­յին երկրի դէմ։ Աւե­լի քան եր­կու ժամ տե­ւող հա­ղոր­դումը ապա հա­մացան­ցի վրայ ար­ժա­նացաւ բարձր հե­տաքրքրու­թեան։

«Ակօս»
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ