Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Պատիւ Արժանաւորին

Դոկտ. Փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեան Բնախօսութեան Եւ Բժշկութեան Նոպէլի Մրցանակակիր

Ամերիկահայ յայտնի գիտնական Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տէյվիտ Եուլիուսի հետ միասին արժանացաւ Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան 2021-ի Նոպէլեան մրցանակին՝ «ջերմաստիճանի և հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար։

Լուրը հաղորդուեցաւ 4 հոկտեմբերին, Սթոքհոլմի մէջ հեռակապով կայացած Նոպէլի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։ Այս տարուան մրցանակակիրները պիտի ստանան շուետական 10 միլիոն քրոն գումար մը, որ կը համապատասխանէ 986 հազար եւրոյի։

Նշենք որ Արտեմ Փաթափութեան 27 Մայիս 2020-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Գիտութեան Համաշխարհային փառատօնին ընթացքին արժանացած էր գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր «ՔԱՎԼԻ» մրցանակին, շնորհուած՝ Նորվեկ Արքայական Գիտութեանց Ակադեմիայի կողմէ, անոր, ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան, ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան առ ի գնահատական:

Դոկտոր փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեան ծնած է Պէյրութ, 1967-ին, կրտսեր զաւակն է հաճընցի արմատներով գրող, թարգմանիչ, մտաւորական Սարգիս Վահագնին (Սարգիս Փաթափութեան) եւ կրթական մշակ, , ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին: Ան եղբայրն է համակարգիչներու մասնագէտ ու առաւել քան երեսուն գիւտերու հեղինակ դոկտ. Արա Փաթափութեանին եւ մանկավարժ ու Ճարտարապետուհի Հուրի Փաթափութեանին:

Ան յաճախած է ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան ապա՝ Յովակիմեան- Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը, մաս կազմած է ՀԵԸ-ի պատանեկան պասքեթպոլի կազմին (տեսնել նկարին կեդրոնը՝ նստած, գնդակը ձեռքին):

Արտեմ Փաթափութեան իր մրցանակին լուրը ստացած է 94-ամեայ իր հօրմէն, որովհետեւ Նոպէլեան յանձնախումբը զինք չգտնելով՝ դիմած են անոր:

Հայրը՝ Սարգիս Վահագնը ծնած է Լիբանան 1927-ին: Ան բազմաթիւ վէպերու, թատերգութիւններու եւ այլ գրական գործերու հեղինակ է, ունի մօտ երկու տասնեակ հրատարակուած գիրք, եղած է Պէյրութի «Շիրակ» ամսագրի խմբագրակազմի անդամ, 1987էն ի վեր կը  բնակի Լոս Անճելըս: Երկար տարիներ աշխատակցած է «Նոր Օր»ին: Իր «Արշիլ Կորքի» վէպին համար Սարգիս Վահագն արժանացած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան գրական եւ «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակներուն։ 2008-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի կողմէ ստացած է «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ», Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն՝ «Ուիլեամ Սարոյեան» շքանշաններուն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Արտեմ ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Հարաւային Գալիֆորնիայի Համալսարանէն (Եու Սի Էլ Էյ), իսկ դոկտորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն:

1982-էն ի վեր կը ղեկավարէ Սքրիբս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական Տարրալուծարան»ը։

Կենսաբանութեան դոկտորական ստացած է 1996-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ:

Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը:

2017-ին գիտնական դոկտ. Արտեմ Փաթափութեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ, շնորհիւ հետազօտութեանց մէջ շօշափելի եւ շարունակական իրագործումներուն։2017-ին ընտրուած է 84 գիտնականներէ անդամներէ բաղկացած նշեալ ակադեմիայի անդամ:

Ան «Սքրիփս» հետազօտական հիմնարկի մէջ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ եւ ջղագիտութեան բաժանմունքի դասախօս է: 2017-ին նշեալ ակադեմիոյ 84 նոր անդամներէն մէկը հանդիսացաւ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ