Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Վեր․ Դոկտ․ Վահան Թութիկեանի «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ» Հատորը

Փրոֆ․  ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

«Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ» հատորը աշխատասիրեց եւ խմբագրեց Վեր․ Դոկտ․ Վահան Յ․ Թութիկեան՝ հրատարակուած Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին կողմէ, Երեւան 2021 -ին, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակին առիթով։       

Վեր․ Թութիկեան բացի հոգեւոր հովիւ ըլլալէ եւ եկեղեցւոյ զանազան Մարմիններու մէջ ղեկավար պաշտոններ ստանձնելէ, համալսարաններու մէջ դասախօսի պաշտօն ունենալէ, յօդուածներ կը գրէ թերթերու մէջ եւ ժամանակ ունեցած է հեղինակելու 45 գիրքեր:

Այս հատորը, 208 էջերու վրայ տարածուած, չորս մասերէ բաղկացած, բազմաթիւ խորաթափանց տեղեկութիւններով լիցքաւորուած թանկարժէք աշխատասիրութիւն մըն է, որ լոյս կը սփրէ Աւետարական եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան վրայ։

Սկսելով 1846-ին եկեղցւոյ ծագումէն, անդրադարնալով դաւանանքին ու վարդապետութեան, զանազան յանձնախումբերու եւ ընկերակցութիւններու կազմութեան,  Համաշխարհային Խորհուրդի ստեղծման, այս հատորը լայն կերպով կը ներկայացնէ մանաւանդ եկեղեցւոյ ներդրումները՝ Հայ անհատին, հայ ազգին ու ժողովուրդին։

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի քառասուն հիմնադիրներու անունները,  37 այր եւ 3 կին, հրատարակուած են եւ կը հանդիպինք այդ շրջանին գործածուած անուններուն – Ագրիպաս Ժամագործ, Դալուստ Ոսկերիչ, Գաբրիէլ Չըպուքճի, Առաքել Եազմաճը եւայլն, ու մինչեւ այժմ գործածուածներու կողքին։       

Ահաւասիկ Հայ քաղաքակրթութեան մասին տեղեկութիւն մը։ Կայ նաեւ շատ կարեւոր փաստաթուղթ մը՝ Սուլթան Ապտուլ  Մեճիտի Կայսերական Հրովարտակը որ Պետական Ճանաչում կը շնորհէ Աւետարանականներուն։

Երկրորդ բաժինին մէջ, յօդուածներ գրած են  եօթ անձեր Մերձաւոր Արեւելքի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Հայաստանի, Եւրասիայի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկութեան մասին՝ Եկեղեցւոյ լայնածաւալ ու կարեւոր գործունէութիւնը  ներկայացնելով։ Փիլիպոսեան Հիմնարկութեան յօդուած տպագրուած է Հայերէն եւ Անգլերէն։

Երրորդ մասին մէջ հրատարակուած են աւելի քան 20 շնորհաւորական նամակներ եւ գրութիւններ՝ մեծապէս գնահատելով Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը։ Գնահատագիրներ կան Հայաստանի Հանրապետութեան  Նախագահէն, Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամէն, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Գրիգոր Պետրոսէն, Աւետարանական տարբեր  Եկեղեցիներէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն, Թէքէեան Մշակութային Միութենէն,  Հայ Օգնութեան Միութենէն, Կիւլպենկեան Հիմնարկէն, Հայկական Համագումարէն եւ այլ կազմակերպութիւններէն։

Պատմագիրքին մէջ տեղադրուած գրութիւնները ամփոփ կերպով կը  ներկայացնեն Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ իրագործումները, լոյս սփռելով  Հայ կեանքին  վերջին 175 տարիներուն վրայ, եւ շատերուն համար նոր պատուհան մը կը բացուի  այս առիթով։

Հատորի Առաջին բաժինի 5-րդ մասը նուիրուած է հիմնական կարեւոր նիւթի մը – «Հայց․ Աւետարանական Եկեղեցիին Ներդրումներն ու Ծառայութիւնները  Հայ Ազգին»: Աշխարհատարած այս եկեղեցւոյ գործունէութիւնը – եկեղեցական, կրթական, երիտասարդական, մշակութային եւայլ – յստակ կերպով հրամցուած է եւ շատերուն միտքը կ՜աշխատցնէ եւ կը ծանօթացնէ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն։

  1. Հոգեւոր Վերածնունդի Առաջնահերթութիւն –Տարածել Աւետարանի խօսքը եւ մանաւանդ ապրիլ անոր սկզբունքներով ու ծառայել  անոր ցոյց տուած ճանապարհին։
  2. Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն – Աստուածաշունչը աշխարհաբար լեզուով հրատարակեց եւ տարածեց պարզ ժողովուրդի զանգուածներուն  մէջ՝ Քրիստոսի խօսքը լսելի հասկնալի ընելով։
  3. Կրթական Առաքելութիւն։ – բազմաթիւ կրթարաններ հիմնուեցան, նախակրթարան, բարձրագոյն վարժարաններ եւ համալսարաններ 19-րդ դարի կէսէն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր  ոմանք գոյութիւն ունին եւ սերունդներ կը դաստիարակեն։
  4. Մշակութային Ծառայութիւն։ Հայ Աւետարականները ոչ միայն պահեցին այլ նաեւ զարգացուցին մշակութային աշխատանքները։ 1839-ին սկսան լոյս ընծայել  «Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց» ամսագիրը, Զմիւռնիոյ  մէջ։  Այսօր ալ կը հրատարակեն աւելի քան 10 պարբերաթերթեր – «Ջանասէր», «Լոյս», ու մանաւանդ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը եւ ուրիշներ։
  5. Քրիստոնէական եւ Մարդասիրական Առաքելութիւն։ Քրիստոնէութեան մաս կը կազմէ մարդասիրական գործունէութիւնը եւ իր զանազան ծրագիրներով կատարած է ամէն տեսակի ծառայութիւն։ Ասոնց լաւագոյն օրինակներն են Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկութիւնը եւ Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի Համար» Աւետարանչական/մարդասիրական կազմակերպութիւնները: Այսօր իր առաքելութիւնը կը հասնի  աշխարհի զանազան կողմերը, նաեւ մասնաւորաբար Հայաստան եւ Արցախ։ 
  6. Մտաւորական եւ Ղեկավարական Ներդրում։  Կիլիկիոյ ճակատամարտերուն մասնակցած են աւետարանականներ իբրեւ զինուոր եւ ղեկավար։ Հայակական զանազան կազմակերպութիւններու մէջ իրենց մասնակցութիւնը  բերած են եւ կը շարունակեն աշխատիլ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար։
  7. Համա-եկեղեցական Հաղորդակցութիւն։ Աւետարանականները միշտ կապեր հաստատած են եւ այդ կապերու միջոցով մասկազմած են այլ եկեղեցիներու հետ։ Հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած են Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին՝  հիմնուած 1948 – ին։

Միջին Արեւելքի եկեղիցիներու մասին ակնարկութիւններ կան սկսլով 1855-ին Ազիզիէ, Պէյլան, եօղուն Օլուգ, Իսքենտերուն, Քեսապ եւ այլ վայրերու մէջ։ Նաեւ եկեղեցիներ սկսած են Աւստրալիա, Թուրքիա, Եգիպտոս, Յունաստան, Կիպրոս, Սուրիա եւ այլ երկիրներ։ Օրինակ, խմբագիրին ծննդավայր Էքիզօլուք գիւղը 1855 –էն մինչեւ 1960 աշխարհի մէջ հարիւր տոկոսով հայ Աւետարանական միակ գիւղը եղած է եկեղեցիով։

Կրթական եւ մշակութային կեանքի մէջ, Աւետարանականները հիմնական ներդրումներ  հաստատած են արժանանալով հայութեան մեծ գնահատանքին։ 19-րդ դարու կէսէն մինչեւ «20-րդ դարու Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին հայկական բնաշխարհին մէջ ծնունդ առին ու ծաղկեցան հարիւրաւոր հայ աւետարանական նախակրթարաններ,շուրջ 40 բարձրագոյն  վարժարաններ», որոնք դժբախտաբար քանդուեցան 1915-ի Եղեռնին։ Վարժարաններ բացած են զանազան երկիրներու մէջ – Լիբանանի մէջ 14 հատ, ներառեալ Հայկազեան Քոլէճը, Սուրիա 16․ եւայլ երկիրներու մէջ։    

Կազմած են երգչախումբեր, պարախումբեր, հրատարակչական մարմիններ, եւ զանազան այլ ձեռնարկներ։ Կայ նաեւ Ջանից Ամառնային Երիտասարդական Կեդրոնը եւ ուրիշներ, որոնք երիտասարդներուն  համար կարեւոր դերակատարութիւն կը կատարեն։

Յիշատակուած են օգտագործուած աղբիւրները։  

Վեր․ Թութիկեան նախաբանին մէջ խորին շնորհակալութիւններ կը յայտնէ ղեկավարներուն ու մասնաւորաբար Տիկ․ Լուիզա Ճանպազեանին, Պր․ Անդրանիկ Մարդոյեանին, ու մանաւանդ իր տիկնոջ երեցկին Ռօզէթ Թութիկեանին որ ամբողջ հատորը մեքենագրած է եւպատրաստած տպագրութեան։

Գիրքին մէջ կան այնքան շատ տեղեկութիւններ, որոնց բոլորին մասին արտայայտուելու տեղ կը թելադրեմ  ունենալ  այս հատորը  որպէս աղբիւր եւ տեղեկութիւններու շտեմարան, դիմելով – AMAA, 31 West Century Road, Paramus New Jersey 07652

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ