Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Անտարբերութիւնը՝ Ամենավտանգաւոր Թշնամին

«Մտահոգութիւնը ոչ թէ ամբարիշտի չարութիւնն է, այլ բարի մարդու անտարբերութիւնը»

Մարթին Լութեր Քինկ

Յաճախ որոշակի երեւոյթներ մեր յուզական ներաշխարհի վրայ կ’ազդեն։ Անոնցմէ շատերու պատճառով մեր մէջ երբեմն աշխարհահայեացք եւ վերաբերմունք կը փոխուին:  Մենք՝ մարդիկս, բնազդաբար յուզական եւ զգացական կ’ըլլանք։ Մեծանալով, կենսափորձի կուտակումով, երեւոյթներու ազդեցութեամբ  մեր զգայուն գիծերէն շատեր քիչ-քիչ կը կորսնցնենք: Կամաց կամաց ցաւը աւելի քիչ կը զգանք եւ արտաքին ազդակներուն աւելի քիչ կ’արձագանգենք: Այս բոլորին մէջ արտասովոր եւ վտանգաւոր երեւոյթ մը կայ՝ անտարբերութիւնը: Այն կամաց-կամաց աւելի կ’արմատանայ մեր մէջ։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին եղածը ու անոր հետեւանքը բոլորս ցնցեց: Համավարակն ու պատերազմը միաժամանակ աղէտալի հետեւանքներ ունեցան թէ մարդկանց, թէ երկրի վրայ։ Այդ օրերուն բոլորս միասին ցաւ կը զգայինք, կը փորձէինք ինչ որ բան ընել, ամէն մէկս իր ձեւով հնարաւորութեան չափ օգտակար ըլլալու համար: Զինադադարէն կարճ ժամանակ ետք , կեանքը վերադարձաւ իր նախկին հունին: Կարճ ժամանակ ետք այն տպաւորութիւնը կար, որ կարծես  թէ ոչինչ պատահած է։ Կ’ապրինք, կ’ուրախանանք, արձակուրդին կը ճամբորդենք եւ կը զուարճանանք ճիշդ նախկին օրերուն պէս: Հրավառութիւնները, հարսնիքները եւ խնջոյքները եւ խրախճանքները կը կատարուին  զինուորի մահուան տարելիցին՝  Սեպտեմբեր 27-էն սկսած ամէն մի  օր։ Անբնական եւ արատաւոր է․․․ Բարձրաձայն եւ հանրային  վիշտը ընդամէնը քանի մը օր ետք վերացաւ, կարծես չէր եղած, որովհետեւ իրականութեան մէջ ուրիշին վիշտին հանդէպ մենք անտարբեր ենք: Մենք իրապէս եւ անկեղծօրէն չենք զգար ուրիշի վիճակը, չենք հասկնար ուրիշի ապրումը: Մենք ընդհանրապէս անտարբեր ենք ամէն ինչի հանդէպ, որ մեզի չի վերաբերիր ուղղակիօրէն: Համացանցային ամպագորգոռ գրառումները կարծես մեր աչքերուն փչած փոշի է: Անտարբերութիւնը  կործանարար չարիք է։ Անտարբերութիւնը եսամոլութենէն աւելի գէշ  արատ  է։ Այն  աղէտներու գլխաւոր մղիչ ուժն է, չարիքի բնօրրանն է։

Անտարբերութիւնը  մեր ամենավտանգաւոր թշնամին է։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ