Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Իտալացի Օդաչուն եւ Թրքական Փապուղին․․․

Այս խորագիրը ինծի խորթ կը թուի, հետեւեալ մտահոգութեամբ։ Ինչո՞ւ իտալացի օդաչուն կ՛ընտրէ թրքական փապուղի մը։ Արդեօք Իտալիոյ մէջ փապուղիներ գոյութիւն չունի՞ն․․․ Սա ալ ըսեմ որ իտալացի օդաչուին ստորեւ նշուած նախաձեռնութիւնը մուտք գործած է Guinness Book of World Records-ի մէջ։

Առ ի գիտութիւն յայտնեմ թէ Իտալիոյ մէջ կան 52 փապուղիներ, իսկ Իտալիոյ դրացի երկիրներէն Ֆրանսայի մէջ կան 60 փապուղիներ եւ Զուիցերիոյ մէջ՝ 1,300 փապուղիներ։ Այս տուեալները նկատի առնելով՝ չեմ հասկնար թէ Տարիօ Գօսթա ինչո՞ւ իր սխրագործութիւնը կատարելու համար գացած է Թուրքիա։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ թէ ի՞նչ է այդ սխրագործութիւնը։

Ուրեմն, Պոլսոյ մօտ երկու իրերայաջորդ փապուղիներ՝ որոնց երկարութիւնն է 2.26 քիլոմեթր, եղած է Տարիօ Գօսթայի սխրագործութեան դաշտը։ Ան՝ 152 մղոն (245 քմ) արագութեամբ անցած է այդ փապուղիներէն (տես նկարը), 44 երկվայրկեանի մէջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ որ վերոյիշեալ օդաչուն իր առաջին անհատական թռիչքը կատարած է՝ երբ ան միայն 16 տարեկան էր։ Ան իր սխրագործութիւններով շրջած է զանազան երկիրներ, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ։

Տարիօ Գոսթա (տես նկարը) թէեւ իտալացի է, բայց ան ծնած է Անգլիոյ Մէնչէսթըր քաղաքին մէջ եւ վեց տարեկան հասակին՝ ընտանիքին հետ փոխադրուած է Իտալիոյ Պօլօնա քաղաքը։

Քաղաքային Կառավարութեան Իրաւասութիւնները․․․

1987-էն ի վեր ընտանիքիս հետ կ՛ապրիմ Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ։ Քաղաքային կառավարութիւնը ունի շատ մը իրաւասութիւններ։ Օրինակ՝ ան կ՛արտօնէ բնակարաններու կառուցումը, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու հիմնադրութիւնը եւ անշուշտ շուկաներու հաստատումը, որպէսզի անոնք գոհացնեն բնակչութեան պէտքերը։

Մեր տան մօտ կար սննդեղէնի խոշոր շուկայ մը Albertsons անունով (տես նկարը), որ չորս-հինգ տարի առաջ փակուեցաւ։ Ի՞նչ էր այդ շուկայի փակման պատճառը, ոչ ոք չհասկցաւ։ Կրնայ ըլլալ որ անոր վարձակալական պայմանագիրը (lease) վերջացած էր, իսկ ոմանք ըսին թէ շէնքը շատ նորոգութիւններու կարօտ էր եւ գործատէրերը որոշեցին փակել ու վերջ։

Շուկային փակուելէն բաւական ժամանակ ետք, գործատէր մը ուզեց մանուկներու խաղավայր մը հաստատել հոն՝ Sky Zone Trampoline Park անուան տակ։ Սակայն քաղաքային կառավարութիւնը արտօնութիւն չտուաւ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ դրացիները առարկեցին թէ շուկային տեղ՝ պէտք է շուկայ մը հաստատուի․․․ Ուրեմն քաղաքը անսաց դրացիներու բողոքին։

Ահաւասիկ քաղաքային կառավարութեան իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գոյութիւն ունեցած կարգ մը այլ պարտադրանքները։

  • Բնակարանիդ մէջ ապահովութեան ահազանգ (safety alarm) հաստատելու համար՝ պէտք է քաղաքային կառավարութենէն արտօնագիր ստանաս։ Եղբայր, գողութեան դէմ պաշտպանուելու համար ալ՝ պէտք է արտօնութիւն խնդրենք, չեմ հասկնար!
  • Բնակարանիս երդիքին վրայ զետեղուած է զովացումի եւ ջեռուցման (air conditioning) միաւոր մը։ Քաղաքային կառավարութիւնը պնդեց որ այդ միաւորի չորս կողմը պէտք է վանդակով մը (տես նկարը) պատեմ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ դիտողին համար տեսարանը տգեղ է եղեր . . . Առ քեզի «Նրբացուցիչ դէպք յանցանց։»
  • Ըստ քաղաքային կառավարութեան օրէնքներուն, ոգելից ըմպելիքի խանութի մը արտօնութիւն շնորհելու համար այդ խանութը պէտք է առնուազն 600 ոտք (183 մեթր) հեռու ըլլայ դպրոցէ մը, եկեղեցիէ մը եւ կամ մանուկներու խաղավայրէ մը։ Սա հասկնալի է եւ արդար։ Սակայն կան օրէնքներ որոնք անհեթեթ են, ինչպէս վերեւ նշուած առաջին երկու օրինակները՝ չէ՞ք խորհիր!
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ