Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձուկը՝ Շատ Օգտակար Ուտելիք

Մասնագէտները կը յանձնարարեն ձուկ ուտել շաբաթական առնուազն երկու անգամ, գրած է Eat This, Not That պարբերականը:

«Ձուկը անկասկած «սուփըր» ուտելիք է: Այսինքն՝ սովորական սնունդ՝ անսովոր օգուտներով»,-ըսած է սննդաբան եւ առողջ սնանելու մասին քանի մը գիրքերու հեղինակ Ճեքսըն Պլեթնըր։

Անոր խօսքով՝ ձուկը հարուստ է օմեկա-3 թթուներով, որոնք շատ օգտակար են ուղեղին համար եւ կ՛օգնեն պայքարելու տարիքային փոփոխութիւններու, օդի ապականումի եւ այլ անբարենպաստ գործօններու դէմ։

«Ամէն անգամ, երբ ձուկ կ՛ուտեմ, կը պատկերացնեմ, որ ուղեղս կը մեծնայ եւ կը զօրանայ»,-ըսած է Պլեթնըր:

Սննդաբան Ճուլի Ափթոն կ՛աւելցնէ, որ իւղոտ ձուկ (սաղմոն, սարտին, իշխան եւ թունաձուկ) ուտելը կարեւոր է սիրտի հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար։ Մասնագէտը կը յանձնարարէ շաբաթական երկու անգամ ձուկ ​​ներառել սննդականոնին մէջ՝ սրտի կաթուածի վտանգը նուազեցնելու համար։ Ան նշած է, որ ձուկը նաեւ կ՛օգնէ բարելաւելու քունի որակը եւ տեւողութիւնը:

Ափթոնին համաձայն՝ եթէ ձուկին համը մարդուն տհաճ է, ապա օմեկա-3 թթուները կարելի է ընդունիլ դեղահատերով, սակայն մինչ այդ պէտք է անպայման խորհրդակցիլ բժիշկին հետ։

Իր կարգին, սննդաբան Քեթրին Պրուքինկ ընդգծած է, որ սննդականոնին մէջ ձուկի նեռառումը կ՛օգնէ յաղթահարելու «տիփրեշըն»ը։ Օրինակ, այն վայրերուն մէջ, ուր մարդիկ շատ ձուկ կ՛ուտեն, ինչպէս՝ Ճափոն, Հոնկ Քոնկ եւ Թայուան, հոգեկան խանգարումով տառապողները շատ աւելի քիչ են:

Մասնագէտ Սառա Թետեշին նշած է, որ ձուկը կրնայ օգնել պայքարելու «արթրիտ»ի ախտանիշներուն դէմ։ Անոր խօսքով՝ հիւանդները, որոնք շաբաթական երկու անգամ իրենց սննդականոնին մէջ կը ներառեն ձուկի տեսակներ, աւելի քիչ կը բողոքեն ցաւէն եւ բորբոքումէն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ