Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մեծ Երազի» Խմբագիրը Եւ Ուսուցիչը Պրն. Գերսամ Ահարոնեանի Յիշատակին

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Անոնք, որոնք յաճախած են ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը եւ բախտաւորութիւնը ունեցած են հասնելու վերի կարգերը, հաւատացած եմ որ անպայման բան մը ունին ըսելիք մեր ընtհանուար ազգաց պատմութեան (World History) եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչին՝ Պրն. Գերսամ Ահարոնեանին մասին: Բացի այդ կարեւոր եւ յատուկ յուշեր ունին նաեւ այն մարդիկ, ովքեր իր հետ աշխատած են որպէս «Զարթօնք»ի թղթակից, լրագրող, օգնական, նոյնիսկ՝ սրճեփ…

Բարեձեւ հասակ, խստամբեր հայեացք, քիչ մը արհամարհոտ ու հպարտ քալուածք: Հակառակ որ իր դասերը պէտք է նկատուէին «քնաբեր», քանի որ կէսօրուան զբօսանքէն ետք առաջին պահուն էին (կամ 6-րդ պահուն), բայց շատ շատերուս համար հինգ վայրկեանի պէս կ’անցնէին: Ուսուցիչ-աշակերտ միակողմանի «երթեւեկութեան» չէին նմաներ իր պահերը: Իր մեկնաբանութիւններն ու վերաբերմունքը բնաւ չէր թաքցներ կարգ մը պետական եւ քաղաքական պատմական դէմքերու հանդէպ: Կը զգայինք որ յստակ վերաբերմունք եւ տեսակէտ ունէր պատմական կարգ մը դէպքերու եւ հերոսներու մասին:

Օրինակ, Բրիտանական կայսրութեան միապետներու մասին չէր վարաներ ըսել՝ «կնիկներու մէջ խեղդուած էր», «իգացած էր կամ միասեռական», կամ Նափոլէոնի մասին՝ «հասակին ալ չէր նայեր եւ Ռուսաստանի վրայ յարձակելու ելեր էր…»: Կը ժպտէինք: Գոհ կը մնայինք իր վերագրումներէն, չէ՞ որ «ինկիլիզին» եւ «ֆրանսըզին» մասին էին ըսուածները:

Ի հարկէ ունէր նաեւ իր հերոսները, ինչպէս Մեծն Պետրոս, Աբրահամ Լինգոլն, Պապ թագաւոր, Լեւոն Ա.: Հաճոյքով կը լսէինք Խաչակրաց արշաւանքի մասին իր հեգնական մեկնաբանութիւնները.

– Երբ Խաչակիրները Սուրբ հողերը ազատագրելու ելան, կը կարծէին թէ Երուսաղէմը իրենց դիմացի բլուրին կամ լեռան ետեւն է…Այնքան աշխարհէն «պեխապար էին»: Յետոյ, շաբաթներ ետք, երբ Պոլիս հասան, կարծեցին թէ Երուսաղէմ հասած են եւ իրենց թուեցաւ թէ հասած են դրախտ ու…հոն ալ մնացին եւ սկսան կողոպտել…

Դպրոցին մէջ մենք բաւական լաւ ճանչցեր էինք զինք: Գիտէինք որ Խորհրդային Միութիւնը ղեկավարող Համայնավար կուսակցութեան հանդէպ առանձնապէս սէր մը չունէր, բայց Խ. Միութեան միջազգային քաղաքականութեան հանդէպ նուազ քննադատական էր քան Մեծն Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի հանդէպ: Իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ աւելի մարդկային էր այդ Միութիւնը, մանաւանդ որ մեր հայրենիքը անոր կարեւոր հանրապետութիւններէն մէկն էր: Որպէս իսկական ռամկավար, այդ տարիներու Հայաստանը կը նկատէր համայն հայութեան հայրենիքը, օրրանը, փրկութեան յոյսը, վերջին ապաւէնը, եւ կը հաւատար թէ «ռեժիմները» կու գան ու կ’երթան, բայց հայրենիքը կը մնայ:

Պրն. Գերսամ Ահարոնեանը կուռք մը սկսաւ դառնալ Պէյրութի Նահր գետէն արեւմուտք գտնուող հայկական թաղերուն մէջ, յատկապէս բանուորական խաւերուն համար: Այդ կուռքը վիթախրի չափերու հասաւ, երբ Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն քիչ առաջ սկսաւ գրել իր գլուխ-գործոց յօդուածաշարքը՝ «Մեծ Երազին ճամբուն վրայ»: Մենք՝ թաղին միջնակարգ վարժարան յաճախող քանի մը տղաքս, պարտաւոր էինք մեր ընտանիքներէն ներս մեր մեծերուն համար կարդալ ամէնօրեայ յօդուածը: Մանաւանդ մեր թաղի կօշկակարները հետամուտ էին իմանալու թէ «ի՞նչ գրած է Գերսամը»:

Իմ պարտականութիւնս եղած էր փոխարինել մեծ-հօրս եւ ամէն երեկոյեան մեր սիրելի կօշկակարներուս ծայրէ ծայր կարդալ «Զարթօնք» կամ «Արարատ» օրաթերթերը: Իմ պարտականութիւնս էր նախ կարդալ Երեւանի «Սպարտակ» ֆութպոլի մասին ամէն մի գրութիւն եւ տեղեկութիւն, ապա անցնիլ Հայաստանի մարզիկներու մասին եղած լուրերուն, որմէ ետք քանի մը «ընթերցասէր» կօշկակարներ ինքնզինքնին հաւաքելով եւ իրենց ձեռքի գործը մէկդի դնելով հրամայելու պէս կը խնդրէին.

– Կարդայ Գերսամը…

Կարդալը կը կարդայի, բայց ստիպուած էի երբեմն իմ գիտցած չգիտցած թրքերէնով «թարգմանել» մեր պատմութեան ուսուցիչին հերթական յօդուածը, որ վերջանալիք չունէր կարծես:

Եւ այսպէս, «Զարթօնք»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածները քանի մը ամիս ետք դարձան դասագիրք, իսկ ոմանց համար՝ Աւետարան ըստ Գերսամու:

Մինչեւ այսօր սարսուռ մը կ’անցնի մէջէս, երբ կը յիշեմ այն չածիլուած դէմքերով կօշկակարները, որոնք յափշտակութեամբ կ’ունկնդրէին զիս:

Ա՛յս էր Գերսամը՝ մեր ընդհանուր ազգաց պատմութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչը՝ անժամանցելի Հայ Դատի յաւիտենական ջատագովը, իսկական խմբագիրը, Ռամկավար ու հայրենասէր ԽՄԲԱԳԻՐԸ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ