Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Հարիւր Ամեակի Պանծալի Տարեդարձը

Զօրավար Անդրանիկի եւ ՌԱԿ-ի Համագործակցութիւնը Ֆրէզնոյի Մէջ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Այս տարի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աշխարհատարած անդամները, համակիրները եւ մեր ժողովուրդի գիտակից բոլոր խաւերը, արդար հպարտութեամբ պիտի նշեն հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ հայ ժողովուրդին անշահախնդրօրէն ծառայելու կոչուած ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան պանծալի տարեդարձը։

Այս առիթով, «Նոր Օր»ի մեր սիրելի գրչեղբայրները վստահ ենք որ ամէն մէկը իր հերթին ձեւով մը պիտի ներկայացնէ եւ անդրադառնայ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանին մէջ մեր կուսակցութեան կատարած պատուաբեր ծառայութիւններուն եւ իրագործումներուն մասին։ Իսկ մենք մեծագոյն հպարտութեամբ պիտի տանք համառօտակի տեղեկութիւններ մեր կուսակցութեան եւ «հայրենիքի տէր ու պաշտպան» Զօրավար Անդրանիկին կատարած սերտ ու սիրալիր միասնական  գործերէն պատառիկներ, որ եղան յօգուտ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին եւ մեր յաւերժական հայրենիքին։

Հայ ժողովուրդի առասպելատիպ հերոս Զօրավար Անդրանիկի մասին շատ գրուած է եւ տակաւին պիտի գրուի այս հսկային մասին ու մանաւանդ անոր մարտական քաջագործութիւններու մասին։ Վերջին դարու հայ ազատագրական շարժման երկնակամարի վրայ մեր հերոսը արդարօրէն իր անփոխարինելի տեղը գրաւած է մեր երկնակամարին վրայ։

Իր բազում շնորհներու կողքին Զօրավարը օժտուած էր նաեւ ժողովուրդը խանդավառելու, ոգեւորելու եւ նպատակասլաց աշխատանքի եւ նուիրումի մղելու արտակարգ կարողութեամբ։

Այսպէս, 1919-ին Զօրավարը Զանգեզուր գտնուած շրջանին, զինադադարէն ետք, հայրենահան, հողմացրիւ եղած հայու բեկորներուն դժբախտ վիճակը ամոքելու համար, հեռագիր մը կը ղրկէ Փարիզ՝ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ՝ Պօղոս Նուպար Փաշային, նկարագրելով հայութեան թշուառ վիճակը, որուն վրայ կ՚աւելնար Ցեղասպանութենէն ճողոպրած տառապահար մեր հայրենակիցներուն պարագան։ Նոյն տարին նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշային  յանձնարարութեամբ Զօրավարը կը մեկնի Անգլիա, հոն կը ձեռնարկէ եւ կը հիմնէ «Հայ գաղթականներուն հագուստներու ֆոնտ» մը։ Այս առաքելութիւնը մեծ յաջողութեամբ կատարելէ ետք, դարձեալ Պօղոս Նուպար Փաշայի յանձնարարութեամբ, Զօրավարը Ամերիկա կու գայ մասնաւոր առաքելութեամբ, որն է՝ համագաղութային հանգանակութիւն մը կազմակերպել՝ նպատակ ունենալով մէկ միլիոն տոլար հաւաքել Հայաստանի եւ հայութեան փրկութեան համար։

Հանգանակուած այդ գումարը պիտի բաժնուէր 40 առ հարիւր Հայաստանի Հանրապետութեան, 30 առ հարիւր Պոլսոյ Պատրիարքութեան, 20 առ հարիւր Կիլիկիոյ հայութեան, 10 առ հարիւրը ՀԲԸՄիութեան, եւ Զօրավարը այդ օրերուն ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Ափը կ՚անցնի եւ կը հաստատուի Ֆրէզնօ հայահոծ քաղաքը։ Հոն, ինչպէս Արեւելեան, նոյնպէս Արեւմտեան Շրջանին մէջ մեր ընկեր-ընկերուհիները, ՀԲԸՄիութեան եւ Հայց. Առաքելական եւ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամները, բացի մէկ կազմակերպութենէ, գաղութի բոլոր միութիւնները, մեծագոյն ոգեւորութեամբ եւ նուիրումով մաս կազմեցին Զօրավարին եւ անոր շուրջ բոլորուած յանձնախումբի հայրենանուէր գործին:

Այս մարմնի անդամները այցելեցին ԱՄՆ-ի բոլոր հայահոծ քաղաքները։ Զօրավար Անդրանիկին հմայքը, ներկայութիւնը եւ ժողովուրդին համակրանքը մեծ դեր ունեցան դրամահաւաքի այդ աշխատանքներուն։ Ամերիկահայութիւնը Զօրավար Անդրանիկին մէջ կը տեսնէր իր բոլոր ցաւերուն եւ տառապանքներուն բալասանը, հայ ազատագրական պայքարի հերոսներուն մարմնացումը, ուր որ երթար, որ քաղաքը որ այցելէր, Զօրավարը կը դիմաւորուէր հոծ բազմութիւններու կողմէ մեծ խանդավառութեամբ եւ ժողովուրդը չէր ուզեր բաժնուիլ իր հերոսէն։

Այդ օրերուն ոչ միայն Զօրավարը յաջող դրամահաւաք մը կազմակերպեց, այլ՝ անոր ներկայութեամբ ազգային եւ հայրենասիրական ոգիի զարթօնք մը տեղի ունեցաւ ամերիկահայութեան մօտ։

Դրամահաւաքէն գոյացաւ 532.036 տոլար գումար մը։ Այդ օրերուն Ազգային Պատուիրակութեան լիազօր ներկայացուցիչ Փրոֆ. Ա. Տէր Յակոբեանի կարգադրութեամբ եւ աշխատանքով, ամերիկեան բարեսիրական հաստատութիւն մը կրկնապատկեց հանգանակութենէ գոյացած 532.036 տոլար գումարը՝ հասցնելով զայն մէկ միլիոնէ աւելի պատկառելի գումարի մը։

Գոյացած գումարը, ինչպէս նախապէս ծրագրուած էր, ղրկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Կիլիկիոյ հայութեան, Պոլսոյ Պատրիարքարանին եւ ՀԲԸՄիութեան։ Այդ գործին համար կազմուած էին  տնտեսական, հաշուեքննիչ եւ  հանրային յարաբերութեան յանձնախումբեր։

ՌԱԿ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի մէջ կատարուած աշխատանքները գնահատելու համար, առաւելաբար պէտք արժեւորել այն անաղմուկ աշխատանքները, զորս տարած է մեր կուսակցութիւնը հարիւր տարիներու իր կեանքին ընթացքին։

Բացի Զօրավարին հետ համագործակցելով կազմակերպած այս հսկայ գործը կատարելէ, ՌԱԿ-ը 1 Յունուար 1922-ին Ֆրէզնոյի մէջ «Արօր» եւ «Նոր Կեանք» թերթերը գնելով, զանոնք մէկ անունի տակ սկսաւ հրատարակել որպէս ՌԱԿ-ի «Նոր Օր» պաշտօնաթերթ։ Այս թերթը մօտ 100 տարի անխափան լոյս կը տեսնէ մեր ժողովուրդին ազգային, հայրենական եւ տեղական լուրերը տալով եւ խորագոյն գիտակցութեամբ պաշտպանելով նոր հաստատուած հայութեան իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը Ֆրէզնոյի մէջ։

Այդ տարիներուն Ֆրէզնոյի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ խտրականութեան ոգի մը կը տիրէր տեղացիներուն մէջ նոր ժամանած հայ գաղթականներուն հանդէպ։ Հանրային զբօսայգիներուն մէջ պաստառներ կը դրուին գրուած «No Dog, No Armenian in this park», իսկ հայերուն յարկաբաժին չէին վարձեր։

Մեր կազմակերպութիւնը այսպիսի արտայայտութիւններ շատ վիրաւորական գտնելով, գրութիւններ զետեղողներուն դէմ պայքար մղեց, մինչեւ որ Ֆրէզնոյի ոստիկանութիւնը եւ քաղաքապետարանը ներողութիւն խնդրեցին հայերէն եւ այդպիսի գրութիւններ այլեւս անհետացան այդ քաղաքէն եւ տանտէրերը սկսան հայերուն առանց դժուարութիւն տալու տուներ վարձու տալ։

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափի մէջ գոյութիւն առած Հայց. Առաքելական եկեղեցիներուն հիմնադրութեան եւ գոյառման, մանաւանդ Արեւմտեան թեմի հիմնադրութեան գործին մէջ մեծ դեր կատարած են մեր ընկեր-ընկերուհիները՝ խորապէս հաւատալով որ Հայց. Առաքելական մայր եկեղեցին այն ամրակուռ խարիսխն է, որուն վրայ հայը պիտի հաստատէ իր ազգային եւ հոգեւոր կեանքը։

Նմանապէս ամերիկեան քաղաքական գործիչներուն հետ հայերը տարիներ շարունակ կապ պահած են եւ յարաբերութիւններ մշակած պետական այրերու մօտ, այդպիսով, ամերիկացի պետական ղեկավարները մի՛շտ ալ յարգանք եւ գնահատանքով կը խօսին հայութեան մասին։

Հայկական ամերիկեան դպրոցներն ու մանաւանդ Լոս Անճելըսի մէջ ՀԲԸՄիութեան Մանուկեան-Տերմիրճեան երկրորդական, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական, ԹՄՄ-ի Արշակ Տիգրանեան վարժարաններու հիմնադրութեան եւ տարիներու աշխատանքներուն մէջ մեծապէս իրենց նպաստը բերած են մեր կուսակցութիւնը եւ ուխտապահ շարքայինները, ինչպէս նաեւ տարիներ շարունակ նիւթապէս օգնութեան հասած են ԹՄՄ-ի Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին։ Նմանապէս մեր կուսակցական անդամներու նախաձեռնութեան եւ ամբողջական նուիրումին կը պարտինք Փասատինայի Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի գոյառումը եւ մօտ երեսուն տարի անոր ողջ հասոյթը փոխանցելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան։

1971-ին Լոս Անճելըսի մէջ հիմը դրուեցաւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդին, որուն գլխաւոր աշխատանքն էր պետական եւ քաղաքական ղեկավարներուն ծանօթացնել հայութեան կորուսեալ իրաւունքները եւ այդ իրաւունքները վերստին ձեռք ձգելու մեր նպատակը։

Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողի կառուցման եւ տարիներու մատակարարման ու պահպանման գործին մէջ մեծ դեր խաղցած են մեր ընկերները։

Հայրենիքի, Արցախի, Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ հայութեան օգնութեան մարմիններուն մէջ իրենց անփոխարինելի նպաստը բերած է ՌԱԿ-ը։

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հայ Ամերիկեան Թանգարանի աշխատանքներուն մէջ մեր կուսակցութիւնը միշտ սատարած է համահայկական այս պատկառելի երկու հաստատութիւններուն՝ խորապէս հաւատալով որ առանց հզօր եւ բարգաւաճ հայրենիքի, դժուար պիտի ըլլայ սփիւռքի մէջ մեր գոյութիւնը որպէս հայ: Նմանապէս թանգարանի աշխատանքներուն մեր նպաստը կը բերենք միշտ համոզուած ըլլալով, որ այս թանգարանը մշակութային եւ պատմական կարեւոր դպրոց մը, համալսարան մը պիտի ըլլայ հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ Ամերիկայի մէջ ապրող բազմազգ ժողովուրդին համար։

Արդարեւ, հայ ազգային կուսակցութեանց ու մանաւանդ անոնց 100-150 տարիներու գործունէութիւնները շատ քիչ անգամ տեսանելի են մարդոց աչքին ու մտքին մէջ, բայց անոնք ճիշդ բնութեան թթուածինին պէս, անտեսանելի բայց՝ կենսական եղան մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարին եւ անոր ոգին անմար պահելու սրբազան գործին, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապրի եւ զարգանայ ու հասնի իր «մեծ երազին», որ է՝ ունենալ ազատ ինքնիշխան եւ բարգաւաճ հայրենիք մը։

Հազա՜ր փառք ու պատիւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հին եւ նոր բոլոր ղեկավարներուն, գաղափարի աննկուն համեստ շարքայիններուն, որոնք ծառայեցին այս կուսակցութեան դրօշին ներքեւ՝ յօգուտ եւ ի փառս մեր հերոսածին ժողովուրդին եւ մեր դարաւոր հայրենիքին: Կը մաղթենք մեր կուսակցութեան միասնականութիւն, սէր եւ նորանոր յոբելեաններ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ