Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Գահակալութեան Մեծաշուք Արարողութիւնը՝ Սիրոյ Եւ Միասնականութեան Հրաւէր Մը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի գահակալութեան հայրապետական մեծաշուք արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի կեդրոնական Սբ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՍբ. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի համաքրիստոնէական, համալիբանանեան եւ համահայկական մասնակցութեամբհանդիսացաւ Սիրոյ եւ Միասնականութեան հրաւէր մը։

Արդարեւ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը մէկ ամիս առաջ` անցեալ 23 Սեպտեմբերին, ընտրելէ ետք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր հայրապետը` յանձինս Ամեն. եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը, անոր գլխուն վրայ զետեղելով ոսկեթել քօղը ապա անոր յանձնելով Պատրիարքական գաւազանը, զինք ուղղեց մինչեւ Պատրիարքական Աթոռ, ուր զինք բազմեցուց, սկիզբ տալով նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքի պարտականութիւններուն ու պատասխանատուութեան պաշտօնական գահակալութեան, որպէսզի Ան, Եկեղեցիէն տրուած իրաւունքներուն եւ իշխանութեան միջոցաւ` ծառայէ Աստուծոյ ժողովուրդին։

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ եկեղեցական. քաղաքական ու քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին մարոնիթներու Պատրիարք եւ Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ Մար Պշարա Պութրոս Ռաաի, Յոյն Կաթողիկէ Անտիոքի Պատրիարք Եուսէֆ Ապսի, Յոյն Ուղղափառներու Անտիոքի Պատրիարք Յովհաննէս Եազեճի Ժ.ի ներկայացուցիչ առաջնորդ Կոստանդին Քայյալ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիի ներկայացուցիչ Գերապայծառ Ճոզեփփէ Ֆրանքօնէ, Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ Արք. Նալպանտեան, Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Արամ Ա· Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, հայ եւ օտար հոգեւորականներ, սրբազան հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչները,  Պէյրութի նահանգապետը, պետական, քաղաքական, զինուորական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ Հոգեւոր Տիրոջ հարազատները։

Գահակալութեան կանոնը հանդիսապետեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կառավարիչ եւ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, շրջապատուած Սիւնհոդոսական Հայրերով։ Գահակալութեան արարողութեան ընթացքին արաբերէնով Աւետարանը ընթերցեց Ապսի Պատրիարք, իսկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթացքին Աւետարանը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Պատրիարք Ռաաի։

Գահակալութեան արարողութենէն ետք, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի եւ ԱՄՆի Տիրամայր Նարեկի թեմի առաջնորդ Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի առընթերակայութեամբ, Արհ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը գլխաւորեց Հայրապետական իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, երախտագիտութիւն յայտնեց Աստուածային Նախախնամութեան, որ զինք կոչած է կաթողիկոսութեան առաքելութեան, ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ հաստատեց իր ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիւնհոդոսական Հայրերուն, եղբայրակից Արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրեն վստահեցան կաթողիկոսական ծանրագոյն բեռը, «զոր միասնաբար պիտի կրենք ի խնդիր մեր հաւատացեալներու յաւիտենական փրկութեան» ըսաւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հուսկ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց իր քահանայական կոչումին վրայ, որ սկսաւ ճիշդ «այս աթոռանիստ տաճարին մէջ եւ այս աւագ խորանէն՝ երթալու համար հեռուներ, շատ հեռուներ…»։

«Երէկ, քահանայութեանս սկիզբը, հոս՝ Լիբանան, եղբայրասպան պատերազմն էր, իսկ այսօր, գահակալութեանս սկզբնաւորութեան, կը վերադառնամ հոս, մշտականաչ մայրիներուն, մեր Հայրենիքը, որպէսզի իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ բաժնեմ ամէն տեսակ նեղութիւն ու տառապանք, որոնց մէջ կը տուայտի մեր ժողովուրդը։

Սակայն, քանի անցեալի դժուարութիւնները յաղթահարեցինք եւ վերապրեցանք միասնաբար, հետեւաբար, լիավստահ եմ որ Աստուածային Նախախնամութեամբ եւ Քրիստոսի՝ Բարի Հովիւին անհուն ողորմութեամբ, մենք պիտի կարենանք յաղթահարել նաեւ ներկայի բոլոր նեղութիւնները», ըսաւ ի մէջ այլոց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ապա հրաւիրեց բոլոր ներկաները «միասնաբար, ձեռքձեռքի տուած, սիրտսրտով միացած մեր Փրկչին՝ Բարի եւ Քաջ Հովիւին, ապաւինինք անոր հովանիին ու զօրութեան» եւ քարոզը աւարտեց ըսելով. «Բարի եւ Քաջ Հովիւին Մօր՝ Աստուածածին Սբ. Կոյսին պաշտպանութեան ներքեւ ապրինք այս տագնապալից ու տառապալից ժամանակաշրջանը՝ խնդրելով անոր մայրենի յարատեւ ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ամէն»։

Սուրբ Զոհի աւարտին ընթերցուեցան Կարդինալ Սանտրիի, Արամ Ա. Վեհափառի եւ Փարիզի առաջնորդ` գերապայծառ Միշել Օ’Փըթիի շնորհաւորական պատգամները, ապա նորօծ Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները։

ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ