Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

ՈՂՋՈ՛ՅՆ ՌԱԿ-ին ԻՐ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կ’ողջունէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը: Կուսակցութեան մը վաստակը կը կայանայ իր նպատակներուն եւ առաջադրանքներուն ի խնդիր անշեղ ծառայութեան մէջ։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր հարիւրամեայ վաստակով հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին հաւատարիմ սպասարկուն եղաւ մեր ազգային կեանքին։ Իր բեղուն գործունէութեամբ ան ջահակիրը եղաւ հայրենիքի բարելաւման, Սփիւռքի կազմակերպման եւ մեր դատի նուիրուած աշխատանքներուն։

Համահայկական մաշտաբով ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանէն ներս, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միասնական համագործակցութեան օրինակելի աւանդութիւն մը կերտած են, ուր ուս ուսի պայքարած ենք մեր ազգին ու գաղութին դիմաց ցցուող դժուարութիւններուն եւ սպառնալիքներուն դէմ, միաժամանակ միասնաբար պահպանելով մեր ինքնութեան անվտանգութիւնը եւ ներքին անդորրութիւնը։

Մեր համագործակցութեան աւանդը այսօր աւելի քան երբեք կենսական պատուանդանը կը հանդիսանայ մեր հայրենական ու ազգային կեանքը դիմակալող աւելի վտանգաւոր ու դժուարին մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։

Իբրեւ համահայկական կուսակցութիւններ, միասնաբար մենք կրնանք դարձեալ յաղթահարել նորագոյն  մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ վտանգազերծել մեր հաւաքական գոյութիւնը։ Ասիկա մեր պարտադրութիւնն է։ Ասիկա մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնն է։

Առ այդ, յաջողութիւն կը մաղթենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որպէսզի աւելի ընդարձակենք մեր աշխատանքները ի սպաս հայրենիքին ու ժողովուրդին, ի խնդիր Հայ Դատին ու մեր պահանջատիրութեան։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Հոկտեմբեր 18, 2021
Ատենադպիր`  

Լաուրա Յակոբեան  

Ատենապետ`

Տարօն Տէր Խաչատուրեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ