Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Առաջարկութիւններ Հարիւրամեակի Առթիւ

Դոկտ. ՎԱՉԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ողջունելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան դարադարձը, առիթը պատեհ կը նկատենք առաջարկելու անոր Կեդրոնական Վարչութեան, որ ձեռնարկուի կուսակցութեան հիմնադիր թէ հեղինակաւոր գործիչներու եւ տեսաբաններու գործերու վերահրատարակութեան:

Այդ գրականութիւնը հարուստ չէ, դժբախտաբար, քանակով, բայց թանկագին է անոր մէջ տարածուած օրինակելի ոգին, որ հանրութեան բարօրութեան համար կը ջատագովէ հակակշռեալ ազատական ռամկավարութիւնը, իսկ Հայրենիքի հզօրացման եւ Հայ Դատի լուծումով Ամբողջական Հայաստանի վերականգնումին համար կու տայ շօշափելի ապացոյցը անմնացորդ նուիրումի:

Յարմարագոյն ըլլայ, թերեւս, վերահրատարակումը իրականացնել թուայնացեալ տարբերակով՝ նիւթերը աւելի տարածուն եւ դիւրամատչելի դարձնելու համար ընթերցողներուն:

Նման ճիգ մը լայն շրջանառութեան մէջ պիտի կարենայ դնել տեսաբանական, պատմագրական թէ յուշագրական գործեր Սասնոյ հերոս եւ Կիլիկիոյ կարճակեաց անկախութեան ղեկավար Միհրան Տամատեանէն, Արմենական Կազմակերպութենէն մինչեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն կամուրջ կապած Արտակ Դարբինեանէն, Արմենակ Եկարեանէն (Լեւոն Աճէմեանի խմբագրութեամբ)[1]  եւ Միքայէլ Նաթանեանէն, Վերակազմեալ Հնչակեանութենէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն օղակ նետած Պետրոս Տեփոյեանէն, Զօրավար Անդրանիկի գործակից Լեւոն Թիւթիւնճեանէն, Փարիզի մէջ իրաւամբ «Հայ Մշակոյթի Դեսպան» հռչակուած Արշակ Չօպանեանէն, ազատական ռամկավարութեան տեսաբան Հրաչ Երուանդէն, վաստակաւոր խմբագիրներ Յովհաննէս Պօղոսեանէն ու Անդրանիկ Անդրէասեանէն, ինչպէս նաեւ Մանուկ Ճիզմէճեանէն, Էօժէն Բաբազեանէն, Վեր. Արսէն Կէօրկիզեանէն եւ ուրիշներէ:

Անոնց կողքին իրենց պատուաւոր տեղը կրնան ունենալ նաեւ կուսակցութեան պատմութեան եւ գաղափարախօսութեան նուիրուած յօդուածներ եւ դասախօսութիւններ, որոնք ցրուած են մամուլի էջերու մէջ կամ հրատարակուած՝ առանձին տետրակներով:

Յուսալով որ այս առաջարկը չի մնար հունտ խոպան գետնի վրայ եւ կ՚որդեգրուի առ ի երախտագիտութիւն կուսակցութեան հիմնադիրներուն եւ վաստակաւոր գործիչներուն միտքի եւ բազուկի ներդրումներուն, միաժամանակ կը յուսանք եւ կը մաղթենք որ անոնց պայծառ եւ ոգեշնչող գաղափարները մղում տան վերականգնելու կուսակցութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ թօթափելով ազդեցութիւնը վերջին քառորդդարեայ ներքին թէ արտաքին խափանիչ եւ խանգարիչ գործօններու:


[1] Թէեւ Եկարեանի «Յուշեր»ը 1985-ին ունեցած էր երկրորդ հրատարակութիւն մը Պէյրութ՝ Եկարեան Ակումբին հովանաւորութեամբ, իսկ Դարբինեանի «Հայ Ազատագրական Շարժման Օրերէն» գործը վերահրատարակուած էր Երեւան, 2003-ին, «Ազգ» օրաթերթին կողմէ:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ