Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութիւն

Յարգելի Վարչութիւն,

Հոկտեմբեր ամսուան այս օրերուն՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, սփիւռքի քաղաքական կեանքի տարեգրութեան մէջ, յիշատակելի նոր հանգրուանի մը առջեւ կը գտնուի։

Արդարեւ, 1921ին նոր տարազ ստացած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր գոյութեան դարուան մը պատմութեան ընթացքին հայրենանուէր նախաձեռնութիւններով եւ տեսլապաշտ նուիրումով, ծառայեց հայ ժողովուրդին։ Ան՝ գիտակցուած հայրենասիրութեան դրօշակակիրներէն մին հանդիսանալով ծաւալուն եւ օգտաշատ գործունէութիւն ունենալով սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ։

ՌԱԿ-ը իր ակումբներով, մամուլով, քաղաքական ընկերային եւ կրթա-մշակութային ենթակառոյցներով, ջահակիրներէն մին հանդիսացաւ նաեւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական արդար դատի հետապնդման, Արցախի հիմնահարցի բարւոք կարգաւորման հարցերուն մէջ։ Իր հովանաւորութեան ներքեւ գործող Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցով լայնածաւալ գործունէութիւն եւ ներդրում ունեցաւ մեր մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը ծանօթացնելով հայ եւ միջազգային հասարակութեան, միաժամանակ սատարելով մեր նորահաս սերունդին հայեցի դաստիարակութեան վսեմ գործին։

Քաղաքական գետնի վրայ ՌԱԿ ջատագովն ըլլալով ազատական սկզբունքներուն զօրավիգ կանգնեցաւ հայրենի պետականութեան: Ան նաեւ անշեղօրէն պաշտպանեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի գերակայութիւնը:

Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ իր ժողովուրդին դար մը ամբողջ բոլորանուէր ծառայութիւն մատուցած այս պատկառելի կազմակերպութեան գոյառման 100-ամեակին առթիւ՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունով կը շնորհաւորենք Ձեր բոլորին ու կը մաղթենք շարունակական վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Հոկտեմբեր 19, 2021
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ